Շաբաթ, հոկտեմբեր 25
Սափան անոր մէջէն թագաւորին առջեւ կարդաց (Բ. Մն. 34։18)։
Երբ Յովսիա թագաւորը մեծցաւ, ան սկսաւ տաճարը նորոգել։ Մինչ ասիկա կ’ընէր, «Մովսէսին ձեռքով տրուած Տէրոջը օրէնքներուն գիրքը» գտնուեցաւ։ Երբ թագաւորը լսեց անոր մէջ գրուածները, անմիջապէս փոփոխութիւններ ըրաւ որպէսզի հոն գրուածին հնազանդի (Բ. Մն. 34։14, 19-21)։ Կը սիրե՞ս Աստուածաշունչը կանոնաւորաբար կարդալ։ Եթէ կը փորձես ասիկա ընել, անկէ հաճոյք կ’առնե՞ս։ Եթէ համարներ գտնես, որոնք քեզի կրնան օգնել, նոթեր կ’առնե՞ս։ Երբ Յովսիան մօտաւորապէս 39 տարեկան էր, սխալ մը ըրաւ, որուն պատճառաւ իր կեանքը կորսնցուց։ Փոխանակ Եհովային ուղղութիւնը խնդրելու, ան ինքն իրեն վստահեցաւ (Բ. Մն. 35։20-25)։ Հոս մեզի համար դաս մը կայ։ Որքա՛ն ալ տարիքով մեծ ըլլանք կամ որքա՛ն ալ Սուրբ Գիրքը սերտած ըլլանք, պէտք է միշտ Եհովան փնտռենք։ Ասիկա կը նշանակէ որ կանոնաւորաբար աղօթքով իր ուղղութիւնը խնդրենք, իր Խօսքը սերտենք եւ հասուն քրիստոնեաներուն խրատներէն օգտուինք։ Այն ատեն, հաւանաբար աւելի քիչ լուրջ սխալներ պիտի ընենք եւ աւելի ուրախ պիտի ըլլանք (Յակ. 1։25)։ դ23.09 12 ¶15-16
Կիրակի, հոկտեմբեր 26
Աստուած ամբարտաւաններուն հակառակ կը կենայ, բայց խոնարհներուն շնորհք կու տայ (Յակ. 4։6)։
Քոյրերը ո՞ւր կրնան գտնել հաւատարիմ կիներու օրինակներ, որպէսզի անոնցմէ սորվին։ Սուրբ Գիրքին մէջ յիշուած են շատ մը կիներ, որոնք Եհովան կը սիրէին եւ իրեն կը ծառայէին։ Անոնք «սովորութիւններու մէջ չափաւոր» էին եւ «ամէն բանի մէջ հաւատարիմ» (Ա. Տիմ. 3։11)։ Ասկէ զատ, քոյրերը կրնան իրենց ժողովքին մէջ գտնել հասուն քրիստոնեայ կիներ, որոնցմէ կրնան շատ բաներ սորվիլ։ Երիտասարդ քոյրե՛ր, գիտէ՞ք հասուն քոյրեր, որոնց լաւ օրինակէն կրնաք սորվիլ։ Նկատի առէք անոնց լաւ յատկութիւնները եւ մտածեցէք որ ինչպէ՛ս կրնաք նոյն յատկութիւնները ունենալ։ Հասուն քրիստոնեայի մը կարեւոր յատկութիւններէն մէկն է՝ խոնարհութիւնը։ Եթէ կին մը խոնարհ է, Եհովային եւ ուրիշներուն հետ լաւ փոխյարաբերութիւն պիտի ունենայ։ Օրինակի համար, կին մը որ Եհովան կը սիրէ, խոնարհօրէն կ’ընտրէ հնազանդիլ Ա. Կորնթացիս 11։3–ի խրատին, ուր Եհովան կ’ըսէ թէ ժողովքին եւ ընտանիքին մէջ առաջնորդութիւնը առնելու պատասխանատուութիւնը որո՛ւ տրուած է։ դ23.12 19 ¶3-5
Երկուշաբթի, հոկտեմբեր 27
Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս (Եփ. 5։28)։
Եհովան ամուսինէն կը սպասէ որ իր կինը սիրէ եւ անոր ֆիզիքական, զգացական եւ հոգեւոր պէտքերը հոգայ։ Մտային կարողութիւն զարգացնելը, կիները յարգելը եւ վստահելի ըլլալը, քեզի պիտի օգնեն որ լաւ կողակից մը ըլլաս։ Ամուսնանալէդ ետք, թերեւս զաւակ ունենաս։ Եհովայէն ինչպէ՞ս կը սորվիս լաւ հայր մը ըլլալ (Եփ. 6։4)։ Եհովան իր Որդիին՝ Յիսուսին, բացէ ի բաց ըսաւ որ զինք կը սիրէ եւ իրեն կը հաւնի (Մատ. 3։17)։ Եթէ հայր ըլլաս, ջանք ըրէ որ մի՛շտ զգացումներդ արտայայտես զաւակներուդ հանդէպ։ Մի՛շտ զանոնք գովէ, երբ որ լաւ բան մը ընեն։ Ասանկով անոնց պիտի օգնես որ հասուն անձեր դառնան։ Դուն հիմակուընէ կրնաս պատրաստուիլ հայր ըլլալու, եթէ սէրէ մղուած հոգ տանիս ընտանիքիդ անդամներուն ու ժողովքին, եւ սորվիս սէրդ ու գնահատանքդ արտայայտել անոնց հանդէպ (Յովհ. 15։9)։ դ23.12 28-29 ¶17-18