Ո՛վ ծնողներ եւ զաւակներ, Աստուած առաջին տեղը դրէք
«Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛»։—ԺՈՂՈՎՈՂԻ 12։13
1. Ծնողներ եւ զաւակներ ի՞նչ վախ պէտք է մշակեն, եւ ասիկա ի՞նչ պիտի պատճառէ անոնց։
ՅԻՍՈՒՍ ՔՐԻՍՏՈՍԻ առնչութեամբ մարգարէութիւն մը կ’ըսէր որ ‘անիկա Տէրոջը վախովը պիտի լեցուէր [Եհովայի վախին մէջ հաճոյք պիտի գտնէր (ՆԱ)]’։ (Եսայեայ 11։3) Իր վախը Աստուծոյ հանդէպ հիմնականօրէն խոր մեծարանք եւ երկիւղ մըն էր, Աստուած տհաճեցնելու վախ մը, քանի որ ան կը սիրէր զինք։ Ծնողներ եւ զաւակներ Աստուծոյ հանդէպ այսպիսի Քրիստոսանման վախ պէտք է մշակեն, վախ մը որու մէջ հաճոյք պիտի գտնեն, ինչպէս Յիսուս գտաւ։ Անոնք իրենց կեանքին մէջ Աստուած առաջին տեղը պէտք է դնեն, իր պատուիրաններուն հնազանդելով։ Աստուածաշունչը գրողներէն մէկուն համաձայն՝ «մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13.
2. Օրէնքին ամենակարեւոր պատուիրանը ի՞նչ էր, եւ անիկա գլխաւորաբար որո՞ւ տրուած էր։
2 Օրէնքին ամենակարեւոր պատուիրանը, այսինքն, ‘Եհովան մեր բոլոր սրտովը, բոլոր հոգիովը ու բոլոր զօրութիւնովը սիրել’, գլխաւորաբար ծնողքին տրուած էր։ Ասիկա ցոյց տրուած է Օրէնքին յաջորդ խօսքերով. «[Եհովան սիրելու մասին այս խօսքերը] քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր։ Թէ՛ տանդ մէջ նստած ատենդ, թէ՛ ճամբայ քալած ատենդ եւ թէ՛ պառկելու ու ելլելու ատենդ՝ անոնց վրայ խօսիր»։ (Բ. Օրինաց 6։4–7. Մարկոս 12։28–30) Այսպիսով, ծնողներուն պատուէր տրուած էր, որ Աստուած առաջին տեղը դնեն, զինք սիրելով եւ իրենց զաւակներուն սորվեցնելով, որ նոյնը ընեն։
Քրիստոնէական Պատասխանատուութիւն մը
3. Յիսուս զաւակներուն ուշադրութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը ինչպէ՞ս ցոյց տուաւ։
3 Յիսուս նոյնիսկ փոքր զաւակներուն ուշադրութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը ցոյց տուաւ։ Յիսուսի երկրային ծառայութեան վերջաւորութեան, առիթով մը, անհատներ սկսան իրենց փոքր զաւակները բերել իրեն։ Ակներեւաբար, խորհելով որ Յիսուս շատ զբաղած էր եւ թէ պէտք չէր ձանձրոյթ պատճառել իրեն, իր աշակերտները փորձեցին արգելք հանդիսանալ մարդոց։ Բայց Յիսուս իր աշակերտները յանդիմանեց. «Թող տուէք այդ մանր տղոցը որ ինծի գան եւ մի՛ արգիլէք ատոնք»։ Յիսուս նոյնիսկ «զանոնք իր գիրկը առաւ», յուզիչ կերպով ցոյց տալով պզտիկներուն ուշադրութիւն ընծայելու կարեւորութիւնը։—Ղուկաս 18։15–17. Մարկոս 10։13–16
4. ‘Բոլոր ազգերը աշակերտել’ու պատուէրը որո՞նց տրուեցաւ, եւ ատիկա ի՞նչ ընել կը պահանջէր անոնցմէ։
4 Յիսուս նաեւ յստակօրէն ցոյց տուաւ որ իր հետեւորդները, իրենց զաւակներէն զատ, ուրիշներուն ալ սորվեցնելու պատասխանատուութիւնը ունէին։ Իր մահէն ու յարութենէն ետք, Յիսուս «հինգ հարիւրէ աւելի եղբայրներու մէկտեղ երեւցաւ», որոնցմէ ոմանք ծնողներ էին։ (Ա. Կորնթացիս 15։6) Երեւութապէս ասիկա Գալիլիոյ մէջ լերան մը վրայ տեղի ունեցաւ, ուր իր 11 առաքեալներն ալ հաւաքուած էին։ Հոն, Յիսուս բոլորին յորդորեց. «Ուրեմն գացէ՛ք բոլոր ազգերը աշակերտեցէք, ...։ Սորվեցուցէք անոնց որ այն բոլոր բաները պահեն՝ ինչ որ ես ձեզի պատուիրեցի»։ (Մատթէոս 28։16–20) Ոչ մէկ Քրիստոնեայ կրնայ այս պատուէրը իրաւացիօրէն անտեսել։ Ատիկա կը պահանջէ որ հայրեր ու մայրեր իրենց զաւակներուն հոգ տանին, ինչպէս նաեւ հանրապէս քարոզելու եւ ուսուցանելու գործունէութեան մասնակցին։
5. (ա) Ի՞նչ բան ցոյց կու տայ որ առաքեալներուն մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ բոլորը, ամուսնացած էին եւ անոնցմէ ոմանք թերեւս զաւակներ ունէին։ (բ) Ընտանիքի գլուխները ո՞ր խրատը լուրջի պէտք էր առնէին։
5 Նշանակալից է որ նոյնիսկ առաքեալները իրենց ընտանեկան պատասխանատուութիւնները պէտք էր հաւասարակշռէին քարոզելու, ինչպէս նաեւ Աստուծոյ հօտը հովուելու իրենց պարտականութեան հետ։ (Յովհաննու 21։1–3, 15–17. Գործք 1։8) Քանի որ անոնց մեծամասնութիւնը, եթէ ոչ բոլորը, ամուսնացած էին։ Ուստի, Պօղոս առաքեալ բացատրեց. «Միթէ մենք իրաւունք չունի՞նք Քրիստոսով քոյր եղող կին մը մեզի հետ պտըտցնելու, ինչպէս միւս առաքեալներն ու Տէրոջը եղբայրները ու Կեփաս կ’ընեն»։ (Ա. Կորնթացիս 9։5. Մատթէոս 8։14) Առաքեալներէն ոմանք թերեւս զաւակներ ալ ունէին։ Նախկին պատմաբաններ, ինչպէս Եւսեբիոս, կ’ըսեն որ Պետրոս զաւակներ ունէր։ Նախկին բոլոր Քրիստոնեայ ծնողները սուրբ գրային հետեւեալ խրատին պէտք էր հետեւէին. «Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է»։—Ա. Տիմոթէոս 5։8
Գլխաւոր Պատասխանատուութիւնը
6. (ա) Ընտանիքի տէր Քրիստոնեայ երէցները ի՞նչ մարտահրաւէր կը դիմագրաւեն։ (բ) Երէցի մը գլխաւոր պատասխանատուութիւնը ի՞նչ է։
6 Ներկայիս ընտանիքի տէր Քրիստոնեայ երէցներու պարագան ալ նման է առաքեալներու պարագային։ Անոնք իրենց ընտանիքներուն հոգեւոր եւ ֆիզիքական կարիքներուն հոգ տանելու պատասխանատուութիւնը պէտք է հաւասարակշռեն հանրապէս քարոզելու եւ Աստուծոյ հօտը հովուելու իրենց պարտականութեան հետ։ Ո՞ր գործունէութեան նախապատուութիւնը պէտք է տրուի։ Դիտարան Մարտ 15, 1964–ի թիւը կը նշէր. «[Հօրը] առաջին պարտականութիւնը իր ընտանիքն է. իրականութեան մէջ, ան չի կրնար պատշաճօրէն ծառայել, եթէ այս պարտականութեան հոգ չի տանիր»։
7. Քրիստոնեայ հայրերը ինչպէ՞ս Աստուած առաջին տեղը կը դնեն։
7 Արդ, հայրերը Աստուած առաջին տեղը պէտք է դնեն, ‘իրենց որդիները Տէրոջը վարժութիւնովն ու խրատովը մեծցնել’ու պատուէրին հնազանդելով։ (Եփեսացիս 6։4) Այդ պատասխանատուութիւնը կարելի չէ ուրիշ մէկու մը յանձնել, նոյնիսկ երբ հայր մը Քրիստոնէական ժողովքին գործունէութիւններուն վերահսկելու նշանակում ունենայ։ Այսպիսի հայրեր ինչպէ՞ս կրնան իրենց պատասխանատւութիւններուն հոգ տանիլ—ընտանիքի անդամներուն ֆիզիքական, հոգեւոր եւ զգացական գետնի վրայ պէտք եղածը հայթայթելով—եւ միեւնոյն ատեն, ժողովքին մէջ տեսչութիւն ու անոր վրայ հսկողութիւն ընել։
Պէտք Եղած Աջակցութիւնը Հայթայթել
8. Երէցի մը կինը ինչպէ՞ս կրնայ անոր աջակցիլ։
8 Յստակ է որ ընտանեկան պատասխանատուութիւններ ունեցող երէցները կրնան իրենց մատուցուած օգնութենէն օգտուիլ։ Վերոյիշեալ Դիտարանը կը նշէր որ Քրիստոնեայ կին մը կրնայ իր ամուսնոյն աջակցիլ։ Անիկա կ’ըսէր. «Ան կարելի եղած չափով առիթ կը ստեղծէ անոր համար, որ իր զանազան նշանակումները պատրաստէ. տան մէջ լաւ յայտագիր մը ունենալով, ճիշդ ժամանակին ճաշի նստելով, ժողովներու շուտով երթալու պատրաստ ըլլալով, ան թանկագին ժամանակ կը խնայէ իրեն եւ իր ամուսնոյն համար։ ... Իր ամուսնոյն առաջնորդութեան ներքեւ, Քրիստոնեայ կինը կրնայ շատ բան ընել, Եհովան հաճեցնող ճամբուն մէջ իր զաւակները մարզելու համար»։ (Առակաց 22։6) Այո, կինը ստեղծուեցաւ «օգնական մը» ըլլալու համար եւ իր ամուսինը անոր օգնութիւնը ընդունելով, իմաստուն կերպով վարուած կ’ըլլայ։ (Ծննդոց 2։18) Կնոջ աջակցութիւնը կարելի կը դարձնէ որ ան թէ՛ ընտանեկան եւ թէ ժողովքային պատասխանատուութիւններուն աւելի ազդու կերպով հոգ տանի։
9. Թեսաղոնիկէի ժողովքին մէջ որո՞նք քաջալերութիւն ստացան, որ ժողովքի միւս անդամներուն օգնեն։
9 Սակայն, միայն Քրիստոնեայ երէցներուն կիները չեն, որ կրնան օգնութեան ձեռք երկարել տեսուչներուն, որոնք թէ՛ ‘Աստուծոյ հօտը պէտք է արածեն’ եւ թէ իր ընտանիքին հոգ տանին։ (Ա. Պետրոս 5։2) Ուրիշ որո՞նք կրնան աջակցիլ։ Պօղոս առաքեալ Թեսաղոնիկէի եղբայրները յորդորեց, որ իրենց «վերակացուները» յարգեն։ Ապա, այս նոյն եղբայրներուն իր խօսքը ուղղելով, յատկապէս անոնց որոնք վերակացութիւն չէին ըներ, Պօղոս գրեց. «Ձեզի կ’աղաչենք, եղբա՛յրներ, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատեցէ՛ք, վատասիրտներն ալ մխիթարեցէ՛ք, տկարներուն ձեռնտու եղէ՛ք, ամենուն ալ երկայնամիտ եղէք»։—Ա. Թեսաղոնիկեցիս 5։12–14
10. Բոլոր եղբայրներուն սիրալիր օգնութիւնը ժողովքին վրայ ի՞նչ լաւ ազդեցութիւն ունի։
10 Շատ հաճելի է, երբ ժողովքի մը մէջ եղբայրներ ունին այն սէրը որ վատասիրտները մխիթարելու, տկարներուն ձեռնտու ըլլալու, անկարգ վարմունք ունեցողները խրատելու եւ ամենուն ալ երկայնամիտ ըլլալու կը մղէ զիրենք։ Թեսաղոնիկէի եղբայրները, որոնք Աստուածաշունչի ճշմարտութիւնը տակաւին նոր ընդունած էին, շատ նեղութիւններ ունենալով հանդերձ, Պօղոսի այս խրատները կը կիրարկէին։ (Գործք 17։1–9. Ա. Թեսաղոնիկեցիս 1։6. 2։14. 5։11) Պահ մը խորհեցէք թէ անոնց սիրալիր համագործակցութիւնը, ամբողջ ժողովքը զօրացնելու եւ միացնելու որքա՜ն նպաստեց։ Նոյնպէս, ներկայիս երբ եղբայրները իրար կը մխիթարեն ու կը խրատեն եւ իրարու ձեռնտու կ’ըլլան ասիկա շատ աւելի կը դիւրացնէ երէցներու հովուական պատասխանատըւութիւնները, որոնք յաճախ ընտանիքի հոգն ալ ունին։
11. (ա) Ինչո՞ւ տրամաբանական է եզրակացնել թէ «եղբայրներ» արտայայտութեան մէջ կիներ կը պարփակուէին։ (բ) Ներկայիս հասուն Քրիստոնեայ կին մը ի՞նչ օգնութիւն կրնայ հայթայթել դեռահասակ կիներու։
11 Երբ Պօղոս առաքեալ իր խօսքը «եղբայրներ»ուն կ’ուղղէր, անոնց մէջ կիներ ալ կայի՞ն։ Այո, քանի որ շատ կիներ հաւատացեալներ եղած էին։ (Գործք 17։1, 4. Ա. Պետրոս 2։17. 5։9) Այդ կիները ի՞նչ օգնութիւն կրնային հայթայթել։ Ժողովքներուն մէջ դեռահասակ կիներ կային, որոնք իրենց «սեռային մղումները (ՆԱ)» զսպելու մէջ դժուարութիւն ունէին կամ «վատասիրտներ» էին։ (Ա. Տիմոթէոս 5։11–13) Ներկայիս կարգ մը կիներ նոյնանման դժուարութիւններ ունին։ Անոնք երբեմն լսող ականջի մը կամ ուսի մը վրայ լալու մեծապէս կարիքը ունին։ Յաճախ հասուն Քրիստոնեայ կին մը լաւագոյն անձն է այսպիսի օգնութիւն հայթայթելու համար։ Ան կրնայ, զոր օրինակ, ուրիշ կնոջ մը հետ խօսակցիլ այնպիսի անձնական խնդիրներու մասին, զոր Քրիստոնեայ այր մը չի կրնար պէտք եղած կերպով ձեռք առնել։ Այսպիսի օգնութիւն հայթայթելու արժէքը ցցուն ընելով, Պօղոս գրեց. «[Պառաւները] բարի խրատ տուող [ըլլան]. որ խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէսզի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, խոհեմ, ողջախոհ, տնաշէն, բարեգործ, իրենց այրերուն հնազանդ, որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի»։—Տիտոս 2։3–5
12. Կենսական է որ ժողովքին բոլոր անդամները որո՞նց առաջնորդութեան հետեւին։
12 Խոնարհ քոյրերը ի՜նչ օրհնութիւն մըն են ժողովքին մէջ, երբ անոնք թէ՛ իրենց ամուսիններուն եւ թէ երէցներուն աջակցին։ (Ա. Տիմոթէոս 2։11, 12. Եբրայեցիս 13։17) Ընտանեկան պատասխանատուութիւններ ունեցող երէցները յատկապէս կ’օգտուին, երբ ամէնքը սիրոյ հոգիով իրար օգնելու մէջ համագործակցին եւ երբ ամէնքն ալ նշանակուած հովիւներուն առաջնորդութեան ենթարկուին։—Ա. Պետրոս 5։1, 2
Ո՛վ Ծնողներ, Ի՞նչ Բան Առաջին Տեղը կը Դնէք
13. Շատ մը հայրեր ի՞նչպէս ձախողած են իրենց ընտանիքներուն մէջ։
13 Տարիներ առաջ, կարկառուն զբօսեցուցիչ մը դիտել տուաւ. «Կը տեսնեմ յաջողակ մարդիկ որոնք հարիւրաւոր պաշտօնեաներ ունեցող ընկերութիւններ կը վարեն. անոնք գիտեն առեւտրական աշխարհին մէջ ի՛նչպէս ամէն պարագայի հետ գլուխ ելլել, ի՛նչպէս խրատել ու վարձատրել։ Բայց ամենամեծ գործը, զոր անոնք կը վարեն, իրենց ընտանիքն է եւ ատոր մէջ կը ձախողին»։ Ինչո՞ւ։ Պատճառը այն չէ՞ թէ անոնք գործը եւ ուրիշ շահեր առաջին տեղը կը դնեն ու Աստուծոյ խրատները կ’անտեսեն։ Աստուծոյ Խօսքը կ’ըսէ. «Այս խօսքերը որոնք ես ... քեզի պատուիրեցի, ... քու որդիներուդ կրկին անգամ սորվեցուր»։ Ասիկա առօրեայ պարտականութիւն մըն էր։ Ծնողները անխնայ իրենց ժամանակէն պէտք է տան եւ մանաւանդ սէր ու խոր հետաքրքրութիւն ցուցաբերեն։—Բ. Օրինաց 6։6–9
14. (ա) Ծնողները ինչպէ՞ս հոգ պէտք է տանին իրենց զաւակներուն։ (բ) Զաւակներու պատշաճ կրթութիւնը ի՞նչ կը պարփակէ։
14 Աստուածաշունչը մեզի կը վերյիշեցնէ որ զաւակները Եհովայէ ժառանգութիւն մըն են։ (Սաղմոս 127։3) Ձեր զաւակներուն հոգ կը տանի՞ք որպէս Աստուծոյ ստացուածքը, պարգեւ մը զոր ան վստահած է ձեզի։ Ձեր զաւակը վստահաբար պիտի ընդառաջէ, եթէ զինք ձեր գիրկը առնէք, այսպիսով ձեր սիրալիր հոգատարութիւնն ու ուշադրութիւնը ցոյց տալով։ (Մարկոս 10։16) Սակայն ‘զաւակ մը իր ճամբուն համեմատ կրթել’ը պարզապէս զայն գրկելէն ու համբուրելէն աւելին կը պահանջէ։ Որպէսզի կեանքի որոգայթներէն խուսափելու համար իմաստութեամբ զինուած ըլլայ, զաւակ մը նաեւ սիրալիր խրատի կարիքը ունի։ Ծնող մը իրական սէր կը ցուցաբերէ ‘իր զաւակը կանուխ խրատելով’։—Առակաց 13։1, 24. 22։6
15. Ի՞նչ բան ծնողական խրատի անհրաժեշտութիւնը ցոյց կու տայ։
15 Ծնողական խրատի անհրաժեշտութիւնը կրնայ տեսնուիլ դպրոցական խրատատուի մը գրասենեակը եկած պզտիկներուն մասին իր տուած նկարագրութենէն. «Անոնք խղճալի, յուսալքուած եւ շուարած են։ Անոնք կու լան, մինչ կը բացատրեն իրենց կացութիւնը։ Շատե՜ր, ձեր երեւակայածէն շա՜տ աւելի անհատներ, փորձած են անձնասպան ըլլալ, ոչ թէ անոր համար որ շատ ուրախ են, այլ քանի որ շատ ապերջանիկ, լքուած եւ ճնշուած կը զգան, որովհետեւ շա՛տ մատղաշ տարիքի մէջ, անոնք ‘պատասխանատուութիւն կը վերցնեն’ եւ ասիկա իրենց կարողութենէն շատ վեր է»։ Ան աւելցուց. «Երիտասարդի մը համար զարհուրելի է զգալ թէ ինքն իր անձին պատասխանատու է»։ Ճիշդ է որ զաւակները խրատուելէն չեն ախորժիր, բայց անոնք իրապէս կը գնահատեն ծնողական ուղղութիւնը եւ սահմանափակումները։ Անոնք ուրախ են որ իրենց ծնողները սահմաններ դնելու համար բաւական հոգածու են։ «Մեծ բեռ մը ուսէս վերցուեցաւ», ըսաւ պատանի մը որու ծնողները սկսան այսպէս վարուիլ։
16. (ա) Քրիստոնէական տուներու մէջ մեծցած զաւակներէն ոմանց ի՞նչ կը պատահի։ (բ) Զաւկի մը կամակոռ ընթացքը ինչո՞ւ անպայմանօրէն չի նշանակեր որ ծնողքին հայթայթած կրթութիւնը լաւ չէր։
16 Այսուհանդերձ, զիրենք սիրող եւ լաւ կրթութիւն հայթայթող ծնողներ ունենալով հանդերձ, երիտասարդներէն ոմանք, Յիսուսի առակին անառակ որդիին նման, ծնողական առաջնորդութիւնը կը մերժեն եւ կը մոլորին։ (Ղուկաս 15։11–16) Սակայն, ատիկա ինքնին չի նշանակեր որ ծնողները իրենց զաւակը պատշաճօրէն կրթելու իրենց պատասխանատուութիւնը չեն կատարած, ինչպէս Առակաց 22։6–ը կը խրատէ։ ‘Զաւակը իր ճամբուն համեմատ կրթէ եւ ան անկէ պիտի չխոտորի’ արտայայտութիւնը տրուեցաւ որպէս ընդհանուր կանոն մը։ Դժբախտաբար, անառակ որդիին նման, կարգ մը զաւակներ ‘ծնողի մը հնազանդիլը կ’անարգեն’։—Առակաց 30։17
17. Ի՞նչ բան կրնայ մխիթարել կամակոր զաւակներ ունեցող ծնողները։
17 Կամակոռ տղու մը հայրը ողբաց. «Ես յարատեւ ջանք թափեցի անոր սրտին հասնելու համար։ Չեմ գիտեր ի՛նչ ընել, քանի որ շատ բաներ փորձեցի։ Բան մը օգուտ չըրաւ»։ Կը յուսանք որ ժամանակի ընթացքին, այսպիսի կամակոռ զաւակներ իրենց ստացած սիրալիր մարզումը վերյիշեն եւ անառակ որդիին նման վերադառնան։ Սակայն կը մնայ այն իրողութիւնը թէ զաւակներէն ոմանք կ’ըմբոստանան եւ անբարոյ բաներ կը գործեն իրենց ծնողներուն մեծ վիշտ պատճառելով։ Ծնողներ թերեւս մխիթարութիւն գտնեն գիտնալով որ նոյնիսկ երկրի վրայ ապրած մեծագոյն ուսուցիչը տեսաւ որ երկար ժամանակ իր աշակերտը եղած Յուդա Իսկարիովտացին զինք մատնեց։ Իսկ Եհովա անկասկած տրտմեցաւ, երբ իր հոգեղէն որդիներէն շատեր իր խրատը մերժեցին եւ ըմբոստներ եղան, սակայն յանցանքը Իրը չէր։—Ղուկաս 22։47, 48. Յայտնութիւն 12։9
Ո՛վ Զաւակներ, Որո՞ւ Պիտի Հաճեցնէք
18. Զաւակները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ որ Աստուած առաջին տեղը կը դնեն։
18 Ո՛վ երիտասարդներ, Եհովա ձեզ կը յորդորէ. «Ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք Տէրոջմով»։ (Եփեսացիս 6։1) Երիտասարդները Աստուած առաջին տեղը կը դնեն ասիկա ընելով։ Յիմար մի՛ ըլլաք։ «Յիմարը իր հօրը խրատը կ’անարգէ», կ’ըսէ Աստուծոյ Խօսքը։ Ոչ ալ յոխորտանքով ենթադրեցէք որ խրատի կարիքը չունիք։ Իրողութիւնը այն է թէ «կան անձեր, որոնք իրենց աչքին առջեւ մաքուր են, սակայն իրենց աղտեղութենէն լուացուած չեն»։ (Առակաց 15։5. 30։12) Ուստի հետեւեցէք աստուածային ուղղութեան. ծնողներու պատուէրներուն եւ խրատներուն ‘մտի՛կ ըրէք’, զանոնք ‘պահեցէ՛ք’, զանոնք ‘մի՛ մոռնաք’, անոնց ‘ուշադրութիւն ընծայեցէք’ եւ զանոնք ‘մի՛ մերժէք’։—Առակաց 1։8. 2։1. 3։1. 4։1, ՆԱ. Առակաց 6։20
19. (ա) Զաւակները Եհովայի հնազանդելու ի՞նչ զօրաւոր պատճառներ ունին։ (բ) Երիտասարդները ինչպէ՞ս կրնան ցոյց տալ որ Աստուծոյ երախտապարտ են։
19 Եհովայի հնազանդելու զօրաւոր պատճառներ ունիք։ Ան կը սիրէ ձեզ եւ իր օրէնքները տուած է, մէջը ըլլալով՝ զաւակները իրենց ծնողներուն հնազանդելու օրէնքը, ձեզ պաշտպանելու եւ ուրախ կեանք մը վայելելու մէջ ձեզի օգնելու համար։ (Եսայեայ 48։17) Ան նաեւ իր Որդին տուած է ձեզի համար, որպէսզի դուք կարենաք մեղքէ ու մահէ փրկուիլ եւ յաւիտենական կեանք վայելել։ (Յովհաննու 3։16) Երախտապա՞րտ էք իրեն։ Աստուած երկնքէն կը դիտէ, ձեր սիրտը կը քննէ, տեսնելու համար թէ իրապէս զինք կը սիրէք եւ իր կարգադրութիւնները կը գնահատէք։ (Սաղմոս 14։2) Սատանան ալ կը դիտէ եւ Աստուած կ’անարգէ, դաւանելով որ դուք Աստուծոյ պիտի չհնազանդիք։ Երբ Աստուծոյ անհնազանդ գտնուիք, Սատանան կ’ուրախացնէք, իսկ Եհովան ‘կը նեղացնէք’։ (Սաղմոս 78։40, 41) Եհովա ձեզի հրաւէր կու տայ. «Որդեա՛կ իմ, իմաստուն եղի՛ր ու սիրտս ուրախացո՛ւր [ինծի հնազանդ ըլլալով], որպէսզի [զիս] անարգողին պատասխան տամ»։ (Առակաց 27։11) Այո, հարցը այն է թէ որո՛ւ պիտի հաճեցնէք, Սատանայի՞ն, թէ՝ Եհովային։
20. Երիտասարդուհի մը ինչպէ՞ս Եհովայի ծառայելու քաջութիւնը պահած է, նոյնիսկ երբ կը վախնայ։
20 Ձեզի համար հեշտ չէ Աստուծոյ կամքը կատարել, նկատի ունենալով Սատանային եւ աշխարհին բանեցուցած ճնշումները։ Ասիկա կրնայ վախցնել ձեզ։ Երիտասարդուհի մը նշեց. «Վախնալը՝ մսելուն կը նմանի։ Անոր ճարը կայ»։ Ան բացատրեց. «Երբ կը մսիք, վերնաշապիկ մը կը հագուիք։ Եթէ տակաւին կը մսիք, ուրիշ մըն ալ կը հագուիք։ Եւ կը շարունակէք հագուիլ մինչեւ որ մսելէ դադրիք եւ այլեւս չէք մսիր։ Ուստի, երբ կը վախնաք, Եհովայի աղօթելը վերնաշապիկ մը հագուելուն պէս է, երբ կը մսիք։ Եթէ աղօթքէ մը ետք տակաւին կը վախնամ, դարձեալ կ’աղօթեմ եւ դարձեալ ու դարձեալ մինչեւ որ այլեւս չվախնամ։ Իսկ ասիկա կը յաջողի։ Այս կերպը զիս հեռու պահած է խնդիրներէ»։
21. Եհովա ինչպէ՞ս զօրավիգ պիտի կանգնի մեզի, եթէ իրապէս փորձենք մեր կեանքին մէջ զինք առաջին տեղը դնել։
21 Եթէ իրապէս փորձենք մեր կեանքին մէջ Աստուած առաջին տեղը դնել, Եհովա զօրավիգ պիտի կանգնի մեզի։ Ան մեզ պիտի զօրացնէ, հրեշտակային օգնութիւն հայթայթելով, երբ անոր կարիքը ըլլայ, ինչպէս ըրաւ իր Որդւոյն համար։ (Մատթէոս 18։10. Ղուկաս 22։43) Քաջասիրտ եղէք, ո՛վ բոլոր ծնողներ ու զաւակներ։ Քրիստոսանման վախ ունեցէք եւ անոր մէջ հաճո՜յք պիտի գտնէք։ (Եսայեայ 11։3, ՆԱ) Այո, «Աստուծմէ վախցի՛ր ու անոր պատուիրանքները պահէ՛, վասնզի մարդուս բոլոր պարտականութիւնը ասիկա է»։—Ժողովողի 12։13
Կրնա՞ք Պատասխանել
◻ Յիսուսի նախկին հետեւորդները ի՞նչ պատասխանատուութիւններ պէտք էր հաւասարակշռէին։
◻ Քրիստոնեայ ծնողներ ի՞նչ պատասխանատուութիւն պէտք է կատարեն։
◻ Ընտանիքներու տէր Քրիստոնեայ երէցներուն ի՞նչ օգնութիւն մատչելի է։
◻ Ժողովքին մէջ քոյրերը ի՞նչ արժէքաւոր օգնութիւն կրնան հայթայթել։
◻ Զաւակները ո՞ր կենսական խրատներուն եւ ուղղութիւններուն պէտք է հետեւին։
[Նկար՝ էջ 13]
Հասուն Քրիստոնեայ կին մը յաճախ կրնայ պէտք եղած օգնութիւնը հայթայթել դեռահասակ կնոջ մը
[Նկար՝ էջ 15]
Կամակոռ զաւակներ ունեցող ծնողներ կրնան ի՞նչ մխիթարութիւն ձեռք ձգել Սուրբ Գրութիւններէն։