ՍԱՂՄՈՍ
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
12 Ո՛վ Տէր, փրկէ’, վասն զի սուրբ չմնաց.
Վասն զի հաւատարիմները մարդոց որդիներուն մէջէն պակսեցան։
2 Ամէն մարդ սուտ կը խօսի իր ընկերին.
Շողոքորթող շրթունքներով ու կրկին սրտով կը խօսին։
3 Տէրը պիտի կտրէ բոլոր շողոքորթող շրթունքները
Ու մեծախօս լեզուն,
4 Որոնք ըսին թէ՝ «Մեր լեզուներով պիտի յաղթենք,
Մեր շրթունքները մերն են։ Մեր վրայ ո՞վ պիտի տիրէ»։
5 «Աղքատներուն զրկանքին ու տնանկներուն հեծութեանը համար
Հիմա պիտի ելլեմ, կ’ըսէ Տէրը,
Ազատութեան մէջ պիտի դնեմ զանիկա, որուն կը բաղձայ»։
6 Տէրոջը խօսքերը մաքուր խօսքեր են.
Հողէ բովքի մէջ զտուած,
Եօթը անգամ մաքրուած արծաթի պէս են։
7 Ո՛վ Տէր, դուն պիտի պահես զանոնք
Ու պիտի պաշտպանես այս ազգէն մինչեւ յաւիտեան։
8 Ամբարիշտները ամէն կողմ կը պտըտին,
Երբ մարդոց որդիներուն մէջ անարգները բարձրանան։