Երկուշաբթի, յուլիս 28
Մեծ է Հոգին որ ձեր մէջ է, քան թէ անիկա որ աշխարհի մէջ է (Ա. Յովհ. 4։4)։
Երբ վախնաս, մտածէ թէ Եհովան ի՛նչ պիտի ընէ ապագային, երբ Սատանան մէջտեղէն վերցուի։ 2014–ի տարեկան համաժողովի յայտագրին մէջ ցուցադրութիւն մը կար, ուր հայր մը իր ընտանիքին հետ քննարկեց Բ. Տիմոթէոս 3։1-5–ը, եւ համարին բառերը փոխելով ցոյց տուաւ, որ Դրախտին մէջ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ. «Նոր աշխարհին մէջ ամէնէն ուրախ ժամանակները պիտի գան։ Մարդիկ պիտի ըլլան՝ ուրիշները սիրողներ, ճշմարտութիւնը սիրողներ, համեստ, խոնարհ, Աստուած փառաբանողներ, ծնողներու հնազանդ, շնորհակալ, հաւատարիմ, իրենց ընտանիքին հանդէպ շատ գութ ունեցող, հաշտ, միշտ ուրիշներուն մասին լաւ խօսող, ինքնազսպում ունեցող, հեզ, բարին սիրող, վստահելի, ճկուն, Աստուած սիրող քան թէ՝ հաճոյք սիրող, անկեղծ աստուածպաշտութիւն ունեցող, եւ այս մարդոց հետ բարեկամացիր»։ Ընտանիքիդ կամ հաւատակիցներուդ հետ կը խօսի՞ս, թէ կեանքը ինչպէ՛ս պիտի ըլլայ նոր աշխարհին մէջ։ դ24.01 6 ¶13-14
Երեքշաբթի, յուլիս 29
Քեզի հաւնեցայ (Ղուկ. 3։22)։
Շատ կ’ուրախանանք երբ գիտնանք, որ Եհովան կը հաւնի իր ծառաներուն որպէս խումբ։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի» (Սաղ. 149։4)։ Երբեմն, ոմանք այնքան յուսահատ կ’ըլլան, որ հարց կու տան, թէ Եհովան իրենց կը հաւնի՞։ Աստուածաշունչի ժամանակներուն ապրող Եհովային կարգ մը հաւատարիմ ծառաներն ալ այսպիսի մտածումներ ունեցած են (Ա. Թագ. 1։6-10. Յոբ 29։2, 4. Սաղ. 51։11)։ Սուրբ Գիրքը յստակօրէն ցոյց կու տայ, որ Եհովան մեզի պէս անկատար մարդոց կրնայ հաւնիլ։ Ինչպէ՞ս։ Եթէ Յիսուս Քրիստոսին հաւատանք ու մկրտուինք (Յովհ. 3։16)։ Այսպիսով, ուրիշներուն ցոյց կու տանք, որ մեր մեղքերուն համար զղջացած ենք եւ Եհովային խոստում տուած ենք, որ իր կամքը պիտի ընենք (Գործք 2։38. 3։19)։ Եհովան շատ կ’ուրախանայ, երբ այս քայլերը առնելով իր մօտիկ բարեկամները դառնանք։ Այնքան ատեն, որ մեր լաւագոյնը կ’ընենք, որ իրեն ծառայելու մեր խոստումը պահենք, Եհովան մեզի կը հաւնի եւ մեզ իր մօտիկ բարեկամները կը սեպէ (Սաղ. 25։14)։ դ24.03 26 ¶1-2
Չորեքշաբթի, յուլիս 30
Մենք զայն որ տեսանք ու լսեցինք՝ չենք կրնար չխօսիլ (Գործք 4։20)։
Կրնանք Յիսուսին աշակերտները ընդօրինակել, երբ կը շարունակենք քարոզել, նոյնիսկ եթէ կառավարութիւնները պահանջեն որ ատիկա ընելէ կենանք։ Կրնանք վստահ ըլլալ որ Եհովան մեզի պիտի օգնէ որ մեր ծառայութիւնը կատարենք։ Ուրեմն աղօթէ Եհովային, որ քեզի իմաստութիւն տայ եւ իրմէ խնդրէ որ քեզի օգնէ որ խնդիրներուդ հետ գլուխ ելլես։ Մեզմէ շատեր հիւանդ են կամ զգացական խնդիրներ ունին, սիրելի մը մահով կորսնցուցած են, ընտանեկան դժուար պարագայ ունին, կը հալածուին կամ ուրիշ խնդիր մը ունին։ Իսկ համավարակները կամ պատերազմները այս դժուարութիւններէն շատեր անտանելի կը դարձնեն։ Անոր համար, սիրտդ Եհովային առջեւ բաց։ Իրեն պատմէ քու պարագայիդ մասին ճիշդ ինչպէս որ մտերիմ բարեկամի մը կը պատմէիր։ Եւ վստահ եղիր որ Եհովան քեզի համար բան մը պիտի ընէ (Սաղ. 37։3, 5)։ Շարունակ աղօթելը մեզի պիտի օգնէ, որ ‘նեղութեան մէջ համբերենք’ (Հռով. 12։12)։ Եհովան գիտէ որ իր ծառաները ինչերէ կ’անցնին. «անոնց աղաղակը կը լսէ» (Սաղ. 145։18, 19)։ դ23.05 5-6 ¶12-15