Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Այս շաբաթ
Յուլիս 28–⁠Օգոստոս 3
«Կեանք եւ ծառայութիւն» ժողովի տետր (2025) | Յուլիս

ՅՈՒԼԻՍ 28–ՕԳՈՍՏՈՍ 3

ԱՌԱԿԱՑ 24

Երգ 60 եւ աղօթք | Բացման խօսքեր (1 վրկ.)

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՕՍՔԷՆ ԳԱՆՁԵՐ

1. Դժուար պարագաներու դիմանալու համար, դուն քեզ զօրացուր

(10 վրկ.)

Գիտութիւն եւ իմաստութիւն ձեռք ձգէ (Առ. 24։5. ժտա25.07-ԱՐ)

Հոգեւոր ռութինդ պահէ, նոյնիսկ երբ ընկճուած կը զգաս (Առ. 24։10. դ09 12/1 21 ¶12-13)

Զօրաւոր հաւատքը եւ Եհովային հանդէպ սէրը մեզի կ’օգնեն, որ դժուար պարագաներու տոկանք (Առ. 24։16. դ20.12 15)

Լուրջ հիւանդութիւն ունեցող քոյր մը ուրախօրէն դռնէ դուռ կը ծառայէ իր ընկերուհիին հետ։ Ան տանտիրուհիին բան մը ցոյց կու տայ իր թապլեթէն։

2. Հոգեւոր գոհարներ

(10 վրկ.)

  • Առ. 24։27. Այս առակէն ի՞նչ կը սորվինք (դ09 10/1 10)։

  • Այս շաբթուան Աստուածաշունչի ընթերցանութենէն ի՞նչ հոգեւոր գոհարներ կ’ուզես փոխանցել։

3. Աստուածաշունչի ընթերցանութիւն

(4 վրկ.) Առ. 24։1-20 (կս դաս 11)

ԴԱՇՏԻ ԾԱՌԱՅՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԺՐԱՋԱՆ ԵՂԻՐ

4. Խօսակցութիւն սկսիլ

(2 վրկ.) ԱՆՊԱՇՏՕՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Խօսակցութիւնը վերջ կը գտնէ առաջ որ վկայես (մսա դաս 2 կէտ 4)։

5. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՏՈՒՆԷ ՏՈՒՆ։ (մսա դաս 3 կէտ 4)

6. Խօսակցութիւն սկսիլ

(3 վրկ.) ՀԱՆՐԱՅԻՆ ՎԿԱՅՈՒԹԻՒՆ։ Անձին խօսէ Սուրբ Գիրքի դասընթացքին մասին եւ Սուրբ Գիրքը սերտելու քարտը տուր իրեն (մսա դաս 4 կէտ 3)։

7. Դասախօսութիւն

(3 վրկ.) մսա յաւելեալ մաս 1 կէտ 11. Նիւթ՝ Աստուած մեզի իր Խօսքը տուած է (կս դաս 6)։

ՔՐԻՍՏՈՆԷԱՎԱՅԵԼ ԱՊՐԵԼԱԿԵՐՊ

Երգ 122

8. Նեղութիւններու ատեն իրարու օգնեցէք

(15 վրկ.) Քննարկութիւն։

Համավարակի մը տարածուիլը, բնական աղէտ մը, կառավարութեան դէմ վայրագ ցոյցերը կամ հալածանքը կրնան յանկարծ պատահիլ։ Երբ այսպիսի բաներ պատահին, մեր եղբայրներն ու քոյրերը իրարու կ’օգնեն եւ կը քաջալերեն։ Բայց նոյնիսկ եթէ անձամբ այդ պարագաներէն չազդուինք, մեր հաւատակիցներուն հետ կը զգանք եւ մեր ամէն կարելին կ’ընենք, որ անոնց օգնենք (Ա. Կոր. 12։25, 26)։

Եղբայրներ եւ քոյրեր իրենց հաւատակիցներուն կ’օգնեն տարբեր կերպերով։ 1. Եղբայրներ եւ քոյրեր կը վերաշինեն Թագաւորութեան սրահ մը, որ կործանուեցաւ բնական աղէտի մը ժամանակ։ 2. Եղբայրներ եւ քոյրեր ջերմօրէն կ’ընդունին գաղթական մայր մը եւ անոր աղջիկը։ 3. Թագաւորութեան սրահին մէջ, քոյր մը նուիրատուութիւն կ’ընէ։ 4. Թագաւորութեան սրահի մը մէջ, եղբայրներ եւ քոյրեր անհրաժեշտ ապրանքներ կու տան գաղթական հաւատակիցներու։ 5. Կամաւորներ շիշերով ջուր կ’ապահովեն։ 6. Եղբայր մը կ’աղօթէ։

Կարդա՛ Գ. Թագաւորաց 13։6 եւ Յակոբոս 5։16բ։ Ետքը, հարցուր.

  • Ինչո՞ւ հաւատակիցներու համար ըրած Աստուծոյ ծառաներուն աղօթքները զօրաւոր ազդեցութիւն ունին։

Կարդա՛ Մարկոս 12։42-44 եւ Բ. Կորնթացիս 8։1-4։ Ետքը, հարցուր.

  • Նոյնիսկ եթէ դրամական լաւ պայմաններ չունինք եւ շատ բան չենք կրնար նուիրել համաշխարհային գործին համար, որ նեղութիւններէ անցնող մեր եղբայրներուն օգնենք, ինչո՞ւ պէտք չէ տատամսինք որոշ նուիրատուութիւն ընելէ։

Դիտել տուր այս ՎԻՏԷՈՆ. Արգելքի տակ գտնուող եղբայրները զօրացնել։ Ետքը, հարցուր.

  • Եղբայրներն ու քոյրերը ի՞նչ զոհողութիւններ ըրին, որ օգնեն իրենց հաւատակիցներուն Արեւելեան Եւրոպայի մէջ, ուր մեր գործը արգիլուած էր։

  • Երբ մեր գործին վրայ արգելքներ դրուեցան, եղբայրներն ու քոյրերը ինչպէ՞ս հնազանդեցան միասին հաւաքուելու եւ իրար քաջալերելու պատուէրին (Եբ. 10։24, 25)։

9. Աստուածաշունչի ժողովքային ուսումնասիրութիւն

(30 վրկ.) ապս-ԱՐ դասեր 4-5

Փակման խօսքեր (3 վրկ.) | Երգ 76 եւ աղօթք

Բովանդակութիւն
Դիտարան (ուսումնասիրական) 2025 | Մայիս

Ուսումնասիրութեան յօդուած 21. 2025–ի յուլիս 28–օգոստոս 3

14 Սպասէ մնայուն քաղաքին

Աւելին կարդա՛

Այս թիւին միւս յօդուածները

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել