ՍԱՂՄՈՍ
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Աստիճաններուն երգը
120 Իմ նեղութեանս մէջ Տէրոջը աղաղակեցի
Ու անիկա ինծի պատասխան տուաւ։
2 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ իմ անձս սուտ շրթունքներէն
Ու նենգաւոր լեզուէն։
3 Ո՛վ նենգաւոր լեզու, քեզի ի՞նչ պիտի տրուի
Եւ քեզի ի՞նչ պիտի աւելցուի*.
4 Զօրաւոր մարդուն սուր նետերը
Ու գիհիին կայծերը։
5 Վա՜յ ինծի, որ Մոսոքի մէջ պանդուխտ եղայ
Եւ Կեդարի վրաններուն քովերը բնակեցայ։
6 Շատ ժամանակ իմ անձս բնակեցաւ
Խաղաղութիւնը ատողներուն հետ։
7 Ես խաղաղասէր էի.
Բայց երբ կը խօսէի, անոնք կռիւ կ’ընէին։