ՍԱՂՄՈՍ
ԻՍՐԱՅԷԼԻ ՈՂԲԸ ԱՔՍՈՐԻ ՄԷՋ
137 Բաբելոնի գետերուն քով՝
Հո՛ն կը նստէինք
Ու Սիօնը մտքերնիս բերելով կու լայինք։
2 Անոր մէջ՝ ուռիներուն վրայ
Կախեցինք մեր քնարները.
3 Վասն զի մեզ գերի ընողները
Հոն մեզմէ երգ մը խնդրեցին
Ու մեր կողոպտիչները* ուրախութիւն,
Ըսելով. «Երգեցէ՛ք մեզի Սիօնի երգերէն»։
4 Տէրոջը երգը ի՜նչպէս երգենք
Օտար երկրի մէջ։
5 Ո՛վ Երուսաղէմ, եթէ քեզ մոռնամ,
Թո՛ղ իմ աջ ձեռքս իր պաշտօնը մոռնայ.
6 Թո՛ղ իմ լեզուս իմ քիմքիս փակչի,
Եթէ քեզ չյիշեմ,
Եթէ Երուսաղէմը իմ գլխաւոր ուրախութենէս
Աւելի մեծ չհամարեմ։
7 Յիշէ՛, ո՛վ Տէր, Եդովմի որդիները
Երուսաղէմի օրուանը մէջ,
Որոնք կ’ըսէին. «Փլցուցէ՛ք, փլցուցէ՛ք
Մինչեւ անոր հիմը»։
9 Երանի՜ անոր՝ որ քու զաւակներդ կը բռնէ
Ու քարի կը զարնէ։