ՍԱՂՄՈՍ
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Դաւիթին երգն ու աղօթքը՝ երբ ինք այրին մէջ էր
142 Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաղակեմ,
Իմ ձայնովս Տէրոջը կ’աղաչեմ։
2 Իմ գանգատս անոր առջեւ կը թափեմ.
Իմ նեղութիւնս անոր առջեւ կը պատմեմ։
3 Երբ հոգիս իմ մէջս կը նուաղէր,
Դուն իմ շաւիղս գիտցար։
Իմ քալած ճամբուս մէջ
Ինծի համար գաղտուկ որոգայթ լարեցին։
4 Աջ կողմս կը նայիմ ու կը տեսնեմ թէ
Ոչ ոք կը ճանչնայ զիս։
Ապաւէնը ինձմէ կորսուեցաւ.
Բնաւ մէկը չկայ, որ իմ անձիս համար հոգ ընէ։
6 Ակա՛նջ դիր իմ աղաղակիս,
Վասն զի շատ նուաստացայ։
Ազատէ՛ զիս իմ հալածիչներէս,
Վասն զի ինձմէ զօրաւոր են։
7 Իմ անձս բանտէն հանէ՛,
Որպէս զի քու անուանդ գոհութիւն մատուցանեմ։
Արդարները իմ չորս կողմս պիտի պատեն,
Երբ ինծի բարութիւն ընես»։