ՍԱՂՄՈՍ
ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ
Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը
20 Նեղութեան օրը Տէրը պատասխանէ քեզի,
Յակոբին Աստուծոյն անունը քեզ պաշտպանէ.
2 Օգնութիւն ղրկէ քեզի սուրբ տեղէն
Ու Սիօնէն զօրացնէ քեզ։
3 Քու ամէն ընծաներդ յիշէ
Եւ քու ողջակէզներդ ընդունի։ (Սէլա։)։
4 Քու սրտիդ համեմատ քեզի տայ
Եւ քու ամէն խորհուրդներդ կատարէ։
5 Քու փրկութիւնովդ պիտի ուրախանանք
Ու մեր Աստուծոյն անունովը դրօշակը վերցնենք։
Տէրը կատարէ քու ամէն խնդրուածքներդ։
6 Հիմա գիտցայ թէ Տէրը կը պահէ իր օծեալը,
Անոր պատասխան կու տայ իր սուրբ երկնքէն՝
Իր աջ ձեռքին փրկութեան ուժովը։
7 Ոմանք՝ կառքերու եւ ոմանք ալ ձիերու կ’ապաւինին,
Բայց մենք մեր Տէր Աստուծոյն անունը պիտի յիշենք։
8 Անոնք կորացան ու ինկան,
Բայց մենք ելանք ու շիտակ կանգնեցանք։
9 Ո՛վ Տէր, փրկէ՛ թագաւորը,
Պատասխան տուր մեզի մեր կանչելու օրը*։