ՍԱՂՄՈՍ
ԱՌԱՒՕՏԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ
Սաղմոս Դաւիթի, իր որդիին Աբիսողոմին երեսէն փախած ժամանակը
3 Ո՛վ Տէր, իմ թշնամիներս որչա՜փ շատցան։
Իմ վրաս ելլողները շատուոր են։
2 Շատերը իմ անձիս համար կ’ըսեն թէ՝
«Ասոր փրկութիւն չկայ Աստուծմէն»։ (Սէլա։)
3 Բայց, ո՛վ Տէր, դուն ես իմ ասպարս,
Իմ փառքս ու իմ գլուխս բարձրացնողը։
4 Իմ ձայնովս Տէրոջը կանչեցի
Ու իր սուրբ լեռնէն ինծի պատասխանեց։ (Սէլա։)
5 Ես պառկեցայ ու քնացայ.
Արթնցայ, վասն զի Տէրը զիս պաշտպանեց։
6 Ես պիտի չվախնամ բիւրաւոր ժողովուրդներէն,
Որոնք իմ չորս կողմս պատեցին։
7 Ելի՛ր, ո՛վ Տէր, զիս փրկէ, ո՛վ իմ Աստուածս,
Վասն զի դուն զարկիր իմ բոլոր թշնամիներուս թուշը։
Ամբարիշտներուն ակռաները փշրեցիր։
8 Փրկութիւնը Տէրոջն է։
Քու օրհնութիւնդ քու ժողովուրդիդ վրայ է։ (Սէլա։)