Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 52
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 52։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2006, էջ 21

    5/15/2000, էջ 29

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 52։1-9

ՍԱՂՄՈՍ

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԴԱՏԱՍՏԱՆԸ ԵՒ ՇՆՈՐՀՔԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ Դովեկ իմացուց Սաւուղին թէ Դաւիթ Աքիմելէքին տունն է

52 Ինչո՞ւ անօրէնութիւնով կը պարծիս, ո՛վ բռնաւոր.

Աստուծոյ ողորմութիւնը յաւիտենական է։

 2 Լեզուդ չարութիւններ կը հնարէ

Եւ սուր ածելիի պէս նենգութիւն կը գործէ։

 3 Չարութիւնը բարութենէն աւելի կը սիրես

Ու ստութիւնը՝ արդարութիւն խօսելէն աւելի։ (Սէլա։)

 4 Ամէն կործանման խօսք

Ու նենգաւոր լեզու կը սիրես։

 5 Ուստի Աստուած յաւիտեան քեզ պիտի կործանէ,

Քեզ պիտի բռնէ ու քեզ հանէ քու բնակարանէդ

Ու քեզ արմատէդ պիտի խլէ կենդանիներուն երկրէն։ (Սէլա։)

 6 Արդարները պիտի տեսնեն ու վախնան

Ու անոր վրայ պիտի ծիծաղին՝ ըսելով.

 7 «Ահա այն մարդը, որ Աստուած իրեն ապաւէն չըրաւ,

Հապա իր շատ հարստութեանը վստահեցաւ

Ու իր անօրէնութիւնովը զօրացաւ»։

 8 Սակայն ես Աստուծոյ տանը մէջ կանանչ ձիթենիի պէս եմ.

Աստուծոյ ողորմութեանը կը յուսամ յաւիտեանս յաւիտենից։

 9 Քեզ պիտի գովեմ յաւիտեան,

Որ այս բանը կատարեցիր

Ու քու անուանդ պիտի յուսամ,

Վասն զի բարի է սուրբերուդ առջեւ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել