Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 57
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 57։1-11

ՍԱՂՄՈՍ

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը. Սաւուղի երեսէն փախած ատեն

57 Ողորմէ՛ ինծի, ո՛վ Աստուած, ողորմէ՛ ինծի,

Վասն զի իմ անձս քեզի կը յուսայ։

Քու թեւերուդ հովանաւորութեանը պիտի ապաւինիմ,

Մինչեւ որ թշուառութիւնները անցնին։

 2 Բարձրեալ Աստուծոյն պիտի աղաղակեմ,

Իմ բարերար Աստուծոյս։

 3 Երկնքէն պիտի ղրկէ ու փրկէ՛ զիս

Ու զիս կլլել ուզողները պիտի նախատէ. (Սէլա.)

Աստուած պիտի ղրկէ իր ողորմութիւնը ու ճշմարտութիւնը։

 4 Իմ անձս առիւծներու մէջ է.

Բոց փչող մարդոց որդիներուն մէջ կը պառկիմ,

Որոնց ակռաները նիզակներ ու նետեր են

Եւ անոնց լեզուները սրած թուրեր են։

 5 Ո՛վ Աստուած, երկնքի վրայ բարձրացիր.

Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։

 6 Իմ քայլերուս որոգայթ պատրաստեցին,

Անձս խոնարհեցաւ,

Փոս փորեցին առջեւս,

Բայց իրենք ինկան անոր մէջ։ (Սէլա։)

 7 Սիրտս պատրաստ է, ո՛վ Աստուած, սիրտս պատրաստ է.

Պիտի երգեմ ու սաղմոս պիտի ըսեմ։

 8 Արթնցի՛ր, ո՛վ իմ փառքս.

Արթնցէ՛ք, ո՛վ տաւիղ ու քնար.

Ես կանուխ պիտի արթննամ։

 9 Ո՛վ Տէր, ժողովուրդներուն մէջ քեզ պիտի գովեմ եւ

Սաղմոս պիտի երգեմ քեզի ազգերուն մէջ.

10 Վասն զի մեծ է քու ողորմութիւնդ մինչեւ երկինք

Ու քու ճշմարտութիւնդ մինչեւ ամպերը։

11 Երկնքի վրայ բարձրացիր, ո՛վ Աստուած,

Քու փառքդ բոլոր երկրի վրայ թող ըլլայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել