Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 60
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 60։4

Ստորանիշներ

  • *

    60։4 Կամ, Որ փախչին աղեղին երեսէն

Սաղմոս 60։6

Ստորանիշներ

  • *

    60։6 Կամ, իր սրբարանին մէջ

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 60։1-12

ՍԱՂՄՈՍ

ՓՐԿՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին երգը, երբ տասներկու հազար հոգի զարկաւ

60 Ո՛վ Աստուած, մեզ երեսէ ձգեցիր,

Մեզի բարկացար ու ցրուեցիր։

Մեզի դարձիր։

 2 Երկիրը դողացուցիր, զանիկա պատռեցիր։

Անոր փլած տեղերը նորոգէ՛, վասն զի կ’երերայ։

 3 Քու ժողովուրդիդ խստութիւն ցուցուցիր.

Մեզի թմրութեան գինի խմցուցիր։

 4 Քեզմէ վախցողներուն դրօշակ տուիր,

Ճշմարտութեան համար վերցնելու*,

 5 Որպէս զի քու սիրելիներդ փրկուին։

Աջ ձեռքովդ ապրեցո՛ւր ու պատասխան տո՛ւր ինծի։

 6 Աստուած իր սրբութիւնովը* խօսեցաւ, ուստի

Ես պիտի ցնծամ, Սիւքէմը պիտի բաժնեմ

Ու Սոկքովթի հովիտը պիտի չափեմ։

 7 Իմս է Գաղաադը ու իմս է Մանասէն,

Եփրեմը գլխուս զօրութիւնն է.

Յուդան իմ օրէնսդիրս է։

 8 Մովաբը իմ լուացուելու ամանս է.

Եդովմին վրայ պիտի ձգեմ իմ մուճակս։

Ո՛վ Փղշտացիներ, ինծի համար ձայնով ցնծացէ՛ք։

 9 Ո՞վ պիտի տանի զիս պարսպապատ քաղաքը.

Ո՞վ պիտի առաջնորդէ ինծի մինչեւ Եդովմ։

10 Չէ՞ որ դուն, ո՛վ Աստուած, որ երեսէ ձգեցիր մեզ

Ու մեր զօրքերուն հետ չելար, ո՛վ Աստուած։

11 Նեղութեան մէջ մեզի օգնութիւն տուր.

Վասն զի փուճ է մարդուն փրկութիւնը։

12 Աստուծմով քաջութիւն պիտի ընենք.

Ու ան պիտի արհամարհէ մեր թշնամիները։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել