ՍԱՂՄՈՍ
ԵՐԳ ՄԸ ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ
Գլխաւոր երաժշտին Սաղմոսն ու երգը
67 Աստուած թող ողորմի մեզի ու օրհնէ մեզ,
Երեսը թող փայլեցնէ մեր վրայ, (Սէլա,)
2 Որպէս զի երկրի վրայ քու ճամբադ ճանչցուի
Ու բոլոր ազգերուն մէջ՝ քու փրկութիւնդ։
3 Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած,
Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
4 Ազգերը թող ուրախանան ու ցնծան,
Վասն զի ժողովուրդները ուղղութիւնով պիտի դատես
Ու երկրի ազգերը դո՛ւն պիտի առաջնորդես։ (Սէլա։)
5 Թող ժողովուրդները քեզ գովեն, ո՛վ Աստուած,
Բոլոր ժողովուրդները թող քեզ գովեն։
6 Երկիր իր պտուղը պիտի տայ.
Ու Աստուած, մեր Աստուածը, մեզ պիտի օրհնէ։
7 Աստուած մեզ պիտի օրհնէ
Ու երկրին բոլոր ծայրերը անկէ պիտի վախնան։