Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ժողովող 6
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ժողովող 6։9

Ստորանիշներ

  • *

    6։9 Եբր., քալելէն

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    8/2021, էջ 21

    Դիտարան,

    11/1/2006, էջ 25

Ժողովող 6։12

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/1997, էջ 22

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ժողովող 6։1-12

ԺՈՂՈՎՈՂԻ

6 Արեւուն տակ տեսայ թէ չարիք մը կայ

Ու անիկա մարդոց մէջ շատ կը գտնուի։

 2 Մարդ մը, որուն Աստուած հարստութիւն ու ստացուածք եւ փառք կու տայ,

Իր հոգիին ցանկացած ոեւէ բանէ պակասութիւն մը չ’ունենար,

Բայց Աստուած անոր իշխանութիւն չի տար անկէ ուտելու.

Հապա զանիկա օտար մարդ կ’ուտէ։

Այս ալ ունայնութիւն ու գէշ ցաւ մըն է։

 3 Եթէ մարդ հարիւր զաւակ ծնանի

Ու շատ տարիներ ապրի

Եւ անոր հոգին բարութենէ չկշտանայ

Եւ անիկա թաղում ալ չունենայ,

Կ’ըսեմ թէ վիժածը անկէ աղէկ է։

 4 Վասն զի ասիկա ունայնութեամբ եկաւ ու խաւարով գնաց

Եւ անունը խաւարի մէջ ծածկուեցաւ։

 5 Արեւն ալ չտեսաւ ու բան մը չգիտցաւ.

Ասիկա միւսէն ի՞նչ բանով աւելի հանգիստ է։

 6 Իսկ եթէ երկու հազար տարի ալ ապրի

Ու աղէկութիւն չտեսնէ,

Միթէ ամէնքը նոյն տեղը չե՞ն երթար։

 7 Մարդուն բոլոր աշխատութիւնը իր բերնին համար է,

Սակայն անոր հոգին չի կշտանար։

 8 Քանզի իմաստունը անմիտէն աւելի ի՞նչ բան ունի.

Ապրողներուն մէջ քալել գիտցող աղքատը ի՞նչ օգուտ կ’ունենայ։

 9 Աչքերով տեսնելը հոգիով փափաքելէն* աղէկ է։

Ասիկա ալ ունայնութիւն ու հոգիի տանջանք է։

10 Ինչ որ եղաւ, արդէն անոր անուն դրուած է

Եւ յայտնի է թէ մարդ է

Ու անիկա իրմէ Զօրաւորին հետ վիճելու կարող չէ։

11 Որովհետեւ ունայնութիւն շատցնող շատ բաներ կան,

Մարդուն ի՞նչ կը մնայ։

12 Քանզի ո՞վ գիտէ թէ ո՛ր բանը աղէկ է կենդանի մարդուն՝

Ստուերի պէս անցուցած իր ունայն կեանքին բոլոր օրերուն մէջ.

Վասն զի մարդուն ո՞վ պիտի յայտնէ՝

Թէ իրմէ ետքը արեւուն տակ ի՛նչ պիտի ըլլայ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել