Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Երգ Երգոց 6
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Երգ Երգոց 6։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2006, էջ 12

Երգ Երգոց 6։5

Ստորանիշներ

  • *

    6։5 Կամ, Գաղաադէ երեւցած

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2006, էջ 11

Երգ Երգոց 6։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2011, էջ 13

Երգ Երգոց 6։11

Ստորանիշներ

  • *

    6։11 Կամ, պտուղները

Երգ Երգոց 6։13

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2006, էջ 12

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Երգ Երգոց 6։1-13

ԵՐԳ ԵՐԳՈՑ

ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ԱՂՋԻԿՆԵՐԸ

6 «Քու սիրականդ ո՞ւր գնաց,

Ո՛վ կիներուն գեղեցիկը։

Քու սիրականդ ո՞ւր դարձաւ,

Որ զանիկա քեզի հետ փնտռենք»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒՀԻՆ

 2 «Իմ սիրականս իր պարտէզը՝

Համեմներու ածուները իջաւ,

Որպէս զի պարտէզներու մէջ իր հօտը արածէ

Ու շուշաններ հաւաքէ։

 3 Ես իմ սիրականիսն եմ

Եւ իմ սիրականս իմս է.

Անիկա իր հօտը շուշաններու մէջ կ’արածէ»։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ

 4 «Թերսայի պէս գեղեցիկ ես, ո՛վ իմ սիրուհիս.

Երուսաղէմի պէս հաճելի ես

Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու ես։

 5 Աչքերդ ինձմէ դարձուր,

Վասն զի անոնք ինծի յաղթեցին։

Մազերդ Գաղաադ պառկող* այծերուն հօտին պէս են։

 6 Ակռաներդ լուացարանէն ելած մաքիներու հօտին կը նմանին,

Որոնք երկուորեակ կը ծնանին

Ու անոնց մէջ ամուլ չկայ։

 7 Այտերդ լաչակիդ մէջէն՝

Նուռի կտորներու կը նմանին։

 8 Թագուհիները՝ վաթսուն ու հարճերը՝ ութսուն

Եւ օրիորդները անթիւ են։

 9 Իմ աղաւնիս, իմ կատարեալս, մէկ է,

Իր մօրը մէկ հատիկը,

Զինք ծնանողին ընտրեալն է։

Զանիկա աղջիկները տեսան

Ու անոր ‘Երանի՜’ ըսին։

Թագուհիներն ու հարճերն ալ

Զանիկա գովեցին։

10 ‘Ո՞վ է ասիկա, որ արշալոյսի պէս կը նայի,

Որ լուսինի պէս՝ գեղեցիկ, արեւու պէս՝ մաքուր

Ու դրօշակիր զօրքերու պէս ահարկու է’»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒՀԻՆ

11 «Ընկոյզներու պարտէզը իջայ,

Որպէս զի ձորին կանանչութիւնը* տեսնեմ

Եւ նայիմ թէ արդեօք որթատունկը ծլա՞ւ։

Ու նռնենիները ծաղկեցա՞ն։

12 Ես չգիտցած՝ իմ հոգիս Ամինադաբի կառքերուն պէս ըրաւ զիս»։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ (ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ)

13 «Դարձի՛ր, դարձի՛ր, ո՛վ Սողոմացի,

Դարձի՛ր, դարձի՛ր, որպէս զի քեզ տեսնենք»։

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴՈՒՀԻՆ

«Ի՞նչ պիտի փնտռէք Սողոմացիին վրայ»։

ԹԱԳԱՒՈՐԸ (ԵՒ ՈՒՐԻՇՆԵՐ)

«Իբրեւ երկու բանակներու գունդ»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել