ԵՍԱՅԵԱՅ
ԱՍՏՈՒԱԾ ՄՈՎԱԲԸ ՊԻՏԻ ԿՈՐԾԱՆԷ
15 Մովաբին պատգամը։
Յիրաւի Մովաբին Ար քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ.
Յիրաւի Մովաբին Կիր քաղաքը գիշերով յարձակում կրեց ու կործանուեցաւ։
2 Անիկա տաճարն ու Դեբոն
Եւ բարձր տեղերը ելաւ լալու համար։
Մովաբ պիտի ողբայ Նաբաւի ու Մեդաբայի համար։
Անոր բոլոր գլուխները կնտակ պիտի ըլլան,
Ամէն մօրուք պիտի կտրուի։
3 Անոր փողոցներուն մէջ քուրձ պիտի հագնին,
Անոր տանիքներուն ու հրապարակներուն մէջ
Ամէնքը պիտի ողբան ու լան*,
4 Եսեբոնն ու Եղէաղէն պիտի աղաղակեն։
Անոնց ձայնը մինչեւ Յասսա պիտի լսուի։
Անոր համար Մովաբին սպառազէնները պիտի կոծեն,
Իրենց հոգին պիտի խռովուի։
5 Իմ սիրտս Մովաբին համար պիտի աղաղակէ։
Անոր փախստականները երեք տարեկան երինջի պէս մինչեւ Սեգովր պիտի փախչին.
Քանզի Ղուիթին զառիվերէն լալով պիտի ելլեն,
Վասն զի Որոնայիմի ճամբան կոտորածի աղաղակ պիտի հանեն։
6 Քանզի Նեմերիմին ջուրերը կ’աւրուին,
Քանզի խոտը կը չորնայ, կանանչ խոտը կը հատնի
Ու կանանչեղէն չի մնար։
7 Անոր համար իրենց ստացած հարստութիւնը
Ու բոլոր պահածնին ուռիներուն ձորը պիտի տանին.
8 Քանզի աղաղակը շրջապատեց Մովաբին սահմանը։
Անոր ողբը՝ մինչեւ Եգլայիմ,
Անոր ողբը մինչեւ Բերելիմ հասաւ։
9 Քանզի Դեմոնին ջուրերը արիւնով պիտի լեցուին.
Քանզի Դեմոնին վրայ աւելի չարիք
Ու Մովաբէն ազատուածներուն
Ու երկրին մնացորդին վրայ առիւծներ պիտի ղրկեմ։