Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ղեւտացւոց 10
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ղեւտացւոց 10։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2004, էջ 30

Ղեւտացւոց 10։9

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    11/15/2014, էջ 17

    12/1/2004, էջ 29

    6/1/2004, էջ 30

Ղեւտացւոց 10։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները,

    12/2020, էջ 2-3

Ղեւտացւոց 10։17

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները,

    12/2020, էջ 2-3

Ղեւտացւոց 10։18

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները,

    12/2020, էջ 2

Ղեւտացւոց 10։19

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները,

    12/2020, էջ 3

Ղեւտացւոց 10։20

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները,

    12/2020, էջ 3

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ղեւտացւոց 10։1-20

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

ՆԱԴԱԲԻՆ ՈՒ ԱԲԻՈՒԴԻՆ ՄԵՂՔԸ

10 Ահարոնին որդիները՝ Նադաբ եւ Աբիուդ՝ ամէն մէկը իր բուրվառը առաւ ու անոր մէջ կրակ դրին եւ վրան խունկ դրին ու Տէրոջը առջեւ անսուրբ կրակ մատուցանեցին, որ ինք պատուիրած չէր անոնց։ 2 Տէրոջը առջեւէն կրակ ելաւ ու սպառեց զանոնք եւ Տէրոջը առջեւ մեռան։ 3 Այն ատեն Մովսէս ըսաւ Ահարոնին. «Տէրը այսպէս խօսեցաւ, ըսելով. ‘Ինծի մօտեցողներուն մէջ սուրբ պիտի սեպուիմ ու բոլոր ժողովուրդին առջեւ փառաւորուիմ’», եւ Ահարոն լուռ կեցաւ։ 4 Մովսէս կանչեց Ահարոնին հօրեղբօրը Ոզիէլին որդիները՝ Միսայէլն ու Եղիսափանը՝ եւ ըսաւ անոնց. «Մօտեցէ՛ք, ձեր եղբայրները սրբարանին առջեւէն բանակէն դուրս տարէ՛ք»։ 5 Անոնք մօտեցան ու Մովսէսին ըսածին պէս՝ զանոնք իրենց շապիկներովը բանակէն դուրս տարին։

6 Մովսէս ըսաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Գլուխնիդ մի՛ բանաք ու հանդերձնիդ մի՛ պատռէք, որպէս զի չմեռնիք եւ բոլոր ժողովուրդին վրայ բարկութիւն չգայ. բայց ձեր եղբայրները՝ Իսրայէլի բոլոր տունը՝ Տէրոջը այրածին վրայ թող լան։ 7 Եւ դուք վկայութեան խորանին դռնէն դուրս մի՛ ելլէք, որպէս զի չմեռնիք. վասն զի Տէրոջը օծման իւղը վրանիդ է»։ Անոնք Մովսէսին ըսածին պէս ըրին։

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ ԿԱՆՈՆՆԵՐ

8 Եւ Տէրը խօսեցաւ Ահարոնին՝ ըսելով. 9 «Երբ վկայութեան խորանը մտնէք թէ՛ դուն եւ թէ՛ քու որդիներդ, գինի կամ օղի մի՛ խմէք, որպէս զի չմեռնիք։ Ասիկա ձեր սերունդին մէջ յաւիտենական կանոն ըլլայ, 10 Որպէս զի սուրբին ու անսուրբին մէջտեղ եւ անմաքուրին ու մաքուրին մէջտեղ տարբերութիւն դնէք 11 Եւ որպէս զի Իսրայէլի որդիներուն սորվեցնէք բոլոր կանոնները, որոնք Տէրը Մովսէսին միջոցով պատուիրած է անոնց»։

12 Մովսէս խօսեցաւ Ահարոնին ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին. «Տէրոջը պատարագներէն աւելցած հացի ընծան առէք ու սեղանին քով բաղարջ կերէք. վասն զի անիկա ամենասուրբ է։ 13 Սուրբ տեղը կերէք զանիկա, վասն զի Տէրոջը պատարագներէն քու իրաւունքդ ու քու որդիներուդ իրաւունքն է. քանզի ինծի այսպէս պատուիրուած է։ 14 Եւ երերցնելու երբուծը ու բարձրացնելու զիստը՝ դուն ու քու որդիներդ եւ քու աղջիկներդ քեզի հետ մաքուր տեղ մը կերէք, վասն զի Իսրայէլի որդիներուն խաղաղութեան զոհերէն որպէս քու իրաւունքդ ու քու որդիներուդ իրաւունքը տրուած են։ 15 Բարձրացնելու զիստն ու երերցնելու երբուծը ճարպին պատարագներովը Տէրոջը առջեւ երերցնելու համար թող բերեն, որպէս զի Տէրոջը պատուիրածին պէս քուկդ ու քու որդիներուդ ըլլայ յաւիտենական կանոնով»։

16 Եւ Մովսէս մեղքի պատարագին նոխազը զգուշութեամբ փնտռեց եւ ահա այրուած էր, ուստի Ահարոնին որդիներուն՝ Եղիազարին ու Իթամարին՝ բարկացաւ՝ ըսելով. 17 «Ինչո՞ւ մեղքի պատարագը սուրբ տեղը չկերաք. քանզի այս ամենասուրբ է ու Տէրը տուաւ ձեզի, որպէս զի ժողովուրդին անօրէնութիւնը վերցնէք ու Տէրոջը առջեւ անոնց համար քաւութիւն ընէք։ 18 Ահա անոր արիւնը սրբարանին մէջ չբերուեցաւ. դուք իմ պատուիրածիս պէս անպատճառ սուրբ տեղը ուտելու էիք զայն»։ 19 Եւ Ահարոն ըսաւ Մովսէսին. «Ահա այսօր իրենց մեղքի պատարագը ու ողջակէզը Տէրոջը առջեւ մատուցանեցին ու գլխուս այսպիսի բաներ եկան եւ եթէ այսօր մեղքի պատարագը ուտելու ըլլայի, Տէրոջը առջեւ հաճելի պիտի ըլլա՞ր արդեօք»։ 20 Եւ երբ Մովսէս այս լսեց, հաճեցաւ։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել