Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Ղեւտացւոց 21
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Ղեւտացւոց 21։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 1/2021, էջ 2-3

Ղեւտացւոց 21։18

Ստորանիշներ

  • *

    21։18 Կամ, ականջատը

Ղեւտացւոց 21։20

Ստորանիշներ

  • *

    21։20 Կամ, ամորձիքը ճմլուածը, կամ, միորձին

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Ղեւտացւոց 21։1-24

ՂԵՒՏԱՑՒՈՑ

ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

21 Տէրը ըսաւ Մովսէսին. «Խօսէ՛ Ահարոնին որդիներուն՝ քահանաներուն՝ ու ըսէ անոնց. ‘Քահանայ մը մէկուն մահուանը համար թող անմաքուր չըլլայ իր ժողովուրդին մէջ. 2 Բայց միայն իր մօտ ազգականին համար, այսինքն իր մօրն ու հօրը եւ իր որդիին ու իր աղջկան եւ իր եղբօրը համար 3 Եւ իր կոյս քրոջ համար, որ մօտն է ու էրկան տրուած չէ, կրնայ անմաքուր ըլլալ։ 4 Անիկա իր ժողովուրդին մէջ գլխաւոր մարդ ըլլալով, անմաքուր թող չըլլայ՝ ինքզինք պղծելով։ 5 Անոնք գլուխնին փետտելով թող կնտակ չըլլան եւ իրենց մօրուքին եզերքը չածիլեն ու իրենց մարմնին վրայ կտրածներ չընեն։ 6 Սուրբ թող ըլլան իրենց Աստուծոյն եւ իրենց Աստուծոյն անունը թող չպղծեն, վասն զի Տէրոջը պատարագներն ու իրենց Աստուծոյն հացը իրենք կը մատուցանեն. ուստի սուրբ պէտք է ըլլան։ 7 Պոռնիկ կամ պղծուած կին թող չառնեն եւ իր այրէն արձակուած կին մը չառնեն. վասն զի քահանան սուրբ է իր Աստուծոյն։ 8 Ուստի սրբէ՛ զանիկա, վասն զի քու Աստուծոյդ հացը ան կը մատուցանէ. ան սուրբ ըլլայ քեզի, քանզի ես Տէրս, որ ձեզ կը սրբեմ, սուրբ եմ։ 9 Եւ եթէ քահանայի մը աղջիկը պոռնկութիւն ընելով պղծուելու ըլլայ, իր հայրը պղծուած կ’ըլլայ. անիկա կրակով պէտք է այրուի։

10 Իր եղբայրներէն մեծ եղող քահանան, որուն գլխուն վրայ օծման իւղը թափուած է ու օրհնուած է զգեստներ հագնելու, իր գլուխը պէտք չէ բանայ եւ իր լաթերը պէտք չէ պատռէ 11 Եւ մեռած մարդու մը քով պէտք չէ երթայ, ո՛չ ալ իր հօրը կամ իր մօրը համար անմաքուր ըլլայ։ 12 Եւ սրբարանէն դուրս պէտք չէ ելլէ ու իր Աստուծոյն սրբարանը պէտք չէ պղծէ, վասն զի իր Աստուծոյն օծման իւղին պսակը իր վրայ է։ Ես եմ Տէրը։ 13 Եւ անիկա կոյս մը կնութեան պէտք է առնէ։ 14 Որբեւայրի կամ արձակուած կամ պղծուած կամ բոզ պէտք չէ առնէ. հապա իր ժողովուրդէն կոյս մը առնելու է իբր կին, 15 Որպէս զի իր սերմը չպղծէ իր ժողովուրդին մէջ, վասն զի ես եմ Տէրը, որ կը սրբեմ զանիկա’»։

16 Տէրը խօսեցաւ Մովսէսին՝ ըսելով. 17 «Խօսէ՛ Ահարոնին ու ըսէ. ‘Քու սերունդէդ իրենց ազգերուն մէջ ով որ իր վրայ արատ մը ունենայ, թող չմօտենայ Աստուծոյն հացը մատուցանելու. 18 Վասն զի արատ ունեցող մարդ մը բնաւ պէտք չէ մօտենայ. կոյր մարդը, կաղը, կամ կարճունչը, կամ իր անդամներուն մէջ աւելորդ բան մը ունեցողը*, 19 Կամ ոտքը կոտրած, կամ ձեռքը կոտրած մարդը, 20 Կամ սապատողը, կամ թզուկը, կամ իր աչքին մէջ բիծ ունեցողը, կամ քոսոտը, կամ որքիւնոտը, կամ փոշտանկը*. 21 Ահարոն քահանային սերունդէն արատ մը ունեցող մարդը Տէրոջը պատարագները մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ, քանզի արատաւոր ըլլալով՝ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու պէտք չէ մօտենայ։ 22 Անիկա իր Աստուծոյն հացը պիտի ուտէ, թէ՛ սրբութիւն սրբութեանց բաներէն եւ թէ՛ սուրբ բաներէն. 23 Միայն վարագոյրին կամ սեղանին պէտք չէ մօտենայ, վասն զի արատ ունի, որ իմ սուրբ բաներս չպղծէ, քանզի զանոնք սրբող Տէրը՝ ես եմ’»։ 24 Եւ Մովսէս խօսեցաւ այս բաները Ահարոնին ու անոր որդիներուն եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել