Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 149
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 149։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    4/2021, էջ 20

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 149։1-9

ՍԱՂՄՈՍ

ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

149 Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք

Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։

 2 Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ.

Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։

 3 Թող անոր անունը պարով օրհնեն,

Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։

 4 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի,

Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։

 5 Թող սուրբերը ուրախանան փառքով

Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։

 6 Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան

Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ,

 7 Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն

Ու ժողովուրդները պատժեն,

 8 Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն

Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,

 9 Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։

Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել