ՍԱՂՄՈՍ
ԱՍՏՈՒԱԾ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԻՇԽՈՂԸ
Սաղմոս Ասափի
2 «Մինչեւ ե՞րբ անիրաւութեամբ պիտի դատէք
Ու ամբարիշտներուն աչառութիւն պիտի ընէք։ (Սէլա։)
3 Արդար դատաստան ըրէք աղքատին ու որբին,
Խեղճին ու չքաւորին իրաւունքը պաշտպանեցէ՛ք։
4 Փրկեցէ՛ք աղքատը ու տնանկը,
Ամբարիշտներուն ձեռքէն ազատեցէ՛ք զանոնք»։
6 Ես ըսի. «Դուք աստուածներ էք.
Ու դուք ամէնքդ Բարձրեալին որդիներն էք,
7 Բայց մարդոց պէս պիտի մեռնիք
Ու իշխաններէն մէկուն պէս պիտի իյնաք»։
8 Ելի՛ր, ո՛վ Աստուած, դատէ՛ երկիրը,
Վասն զի բոլոր ազգերը քեզի կը պատկանին։