Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Մաղաքիա 4
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Մաղաքիա 4։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2008, էջ 8

    5/1/2002, էջ 27-28

Մաղաքիա 4։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2008, էջ 8

    5/1/2002, էջ 27

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 155

Մաղաքիա 4։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2008, էջ 8

    5/1/2002, էջ 27-28

Մաղաքիա 4։4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    1/1/2008, էջ 8

Մաղաքիա 4։5

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 12

    1/1/2008, էջ 8

    5/1/2002, էջ 29-30

    12/1/1997, էջ 23-26

    12/1/1991, էջ 22

    Պաշտամունք, էջ 96

Մաղաքիա 4։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/1997, էջ 23-26

    12/1/1991, էջ 22

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Մաղաքիա 4։1-6

ՄԱՂԱՔԵԱՅ

ՏԷՐՈՋԸ ԳԱԼՍՏԵԱՆ ՕՐԸ

4 «Քանզի ահա փուռի պէս վառուած օրը կու գայ,

Երբ բոլոր հպարտները եւ բոլոր ամբարշտութիւն ընողները

Յարդի պէս պիտի ըլլան

Ու եկած օրը զանոնք պիտի այրէ, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը,

Այնպէս որ անոնց արմատ կամ ոստ պիտի չթողու։

 2 Բայց ձեզի՝ իմ անունէս վախցողներուդ՝

Արդարութեան արեգակը պիտի ծագի։

Անոր թեւերուն վրայ բժշկութիւն պիտի ըլլայ

Ու դուք գոմի պարարտ հորթերու պէս

Դուրս պիտի ելլէք ու պիտի ցատկէք։

 3 Ամբարիշտները պիտի կոխկռտէք,

Վասն զի իմ գործ տեսնելու օրս

Անոնք ձեր ոտքերուն թաթերուն տակ

Մոխիր պիտի ըլլան», կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

 4 «Յիշեցէ՛ք իմ ծառայիս Մովսէսին օրէնքը,

Այսինքն այն կանոններն ու պատուիրանները,

Որոնք անոր տուի Քորեբի մէջ բոլոր Իսրայէլին համար։

 5 Ահա ես Եղիա մարգարէն ձեզի պիտի ղրկեմ

Դեռ Տէրոջը մեծ ու ահեղ օրը չեկած։

 6 Անիկա հայրերուն սիրտը՝ որդիներուն

Ու որդիներուն սիրտը հայրերուն պիտի դարձնէ,

Որ չըլլայ թէ ես գամ ու երկիրը անէծքով զարնեմ»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել