ՍԱՂՄՈՍ
ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՓԱՌՔԸ ԵՒ ՄԱՐԴՈՒՆ ԱՐԺԱՆԻՔԸ
Սաղմոս Դաւիթի
8 Ո՛վ Տէր, մեր Տէրը,
Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ,
Որ քու փառքդ երկինքներէն վեր դրիր։
2 Մանկանց ու կաթնկեր տղայոց բերնով
Գովութիւն* կատարեցիր՝ քու թշնամիներուդ համար,
Որպէս զի թշնամին ու վրէժխնդիրը լռեցնես։
3 Երբ տեսնեմ երկինքը՝ քու մատներուդ գործը՝
Լուսինը ու աստղերը, որոնք դուն հաստատեցիր,
4 Մարդը ի՞նչ է՝ որ զանիկա կը յիշես,
Կամ մարդու որդին, որ անոր այցելութիւն կ’ընես։
5 Քիչ մը վար ըրիր զանիկա հրեշտակներէն,
Փառքով ու պատուով պսակեցիր զանիկա.
6 Քու ձեռքերուդ գործերուն վրայ իշխան դրիր զանիկա.
Ամէն բան անոր ոտքին տակ դրիր.
7 Բոլոր ոչխարները ու արջառները,
Նաեւ վայրենի անասունները,
8 Երկնքի թռչունները ու ծովուն ձուկերը
Եւ ինչ որ ծովու ճամբաներուն մէջ կը պտըտի։
9 Ով Տէր, մեր Տէրը,
Ի՜նչ փառաւոր է քու անունդ բոլոր երկրի վրայ։