Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Զաքարիա 4
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Զաքարիա 4։2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    3/2022, էջ 15

Զաքարիա 4։3

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    3/2022, էջ 15

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 164

Զաքարիա 4։6

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    3/2022, էջ 15

    Դիտարան,

    5/1/2006, էջ 10-11

Զաքարիա 4։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    5/1/2006, էջ 11, 13

Զաքարիա 4։10

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    3/2022, էջ 16-17

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 164-165

Զաքարիա 4։14

Ստորանիշներ

  • *

    4։14 Եբր., իւղի որդիներն

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    3/2022, էջ 18

    Յայտնութեան յանգումը, էջ 164

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Զաքարիա 4։1-14

ԶԱՔԱՐԵԱՅ

ԱՇՏԱՆԱԿԻՆ ՏԵՍԻԼՔԸ

4 Ինծի հետ խօսող հրեշտակը դարձաւ եւ զիս իր քունէն արթնցնող մարդու պէս արթնցուց։ 2 Ու ինծի ըսաւ. «Ի՞նչ կը տեսնես»։ Ու ըսի. «Կը տեսնեմ զուտ ոսկիէ աշտանակ մը։ Անոր վրայ բաժակ մը, որուն վրայ՝ եօթը ճրագ։ Անոր վրայի եօթը ճրագներուն համար եօթը խողովակ կայ։ 3 Անոր քով երկու ձիթենի կայ, մէկը բաժակին աջ կողմը ու միւսը ձախ կողմը»։ 4 Եւ ինծի հետ խօսող հրեշտակին հարցուցի. «Ասոնք ի՞նչ են, ո՛վ տէր իմ»։ 5 Ինծի հետ խօսող հրեշտակը պատասխան տուաւ ու ինծի ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ով տէր իմ»։

ԱՍՏՈՒԾՈՅ ԽՈՍՏՈՒՄԸ ԶՕՐԱԲԱԲԷԼԻՆ

6 Եւ ան ինծի խօսեցաւ՝ ըսելով. «Այս է Տէրոջը խօսքը, որ Զօրաբաբէլին կ’ըսուի.

‘Զօրութեամբ չէ եւ ուժով չէ,

Հապա իմ Հոգիովս’, կ’ըսէ զօրքերու Տէրը։

 7 ‘Դո՛ւն, ո՛վ մեծ լեռ, ո՞վ ես։

Զօրաբաբէլին առջեւ դաշտ պիտի ըլլաս։

Գլխաւոր քարը ինք պիտի հանէ’։

Ու պիտի աղաղակեն. ‘Շնո՜րհք, շնո՜րհք անոր’»։

 8 Դարձեալ Տէրոջը խօսքը ինծի եղաւ՝ ըսելով.

 9 «Զօրաբաբէլին ձեռքերը հիմնեցին այս տունը,

Անոր ձեռքերը պիտի լրացնեն զանիկա,

Որպէս զի գիտնաս թէ զօրքերու Տէրը զիս քեզի ղրկած է.

10 Քանզի ո՞վ պզտիկ բաներուն օրը անարգեց։

Մարդիկ պիտի ուրախանան երբ տեսնեն կապարալարը

Զօրաբաբէլին ձեռքին մէջ։

Այս եօթը Տէրոջը աչքերն են, որոնք բոլոր երկրի մէջ կը պտըտին»։

11 Անոր հարցուցի. «Աշտանակին աջ կողմը ու անոր ձախ կողմը եղող այս երկու ձիթենիները ի՞նչ են»։ 12 Երկրորդ անգամ հարցուցի. «Երկու ոսկի խողովակներուն միջոցով իւղը իրենցմէ ոսկիի պէս թափող երկու ձիթենիի ոստերը ի՞նչ են»։ 13 Ինծի պատասխանեց ու ըսաւ. «Ասոնց ինչ ըլլալը չե՞ս գիտեր»։ Ես ըսի. «Ո՛չ, ո՛վ տէր իմ»։ 14 Ըսաւ. «Ասոնք երկու օծեալներն* են, որոնք բոլոր երկրի Տէրոջը առջեւ կը կայնին»։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել