ՍԱՂՄՈՍ
ՏԱՐԱԳԻՐԻ ՄԸ ԱՂՕԹՔԸ
43 Իմ դատս տես, ո՛վ Աստուած, ու իրաւունքս պաշտպանէ՛
Անաստուած ազգէն։
Նենգաւոր ու անօրէն մարդէն զիս ազատէ,
2 Քանզի դուն ես իմ ամրութեանս Աստուածը։
Ինչո՞ւ զիս կը մերժես,
Ինչո՞ւ տրտում պտըտիմ
Թշնամիին հարստահարութենէն։
3 Քու լոյսդ ու ճշմարտութիւնդ ղրկէ, որպէս զի
Անոնք առաջնորդեն ինծի ու զիս հանեն
Քու սուրբ լեռդ ու բնակարաններդ։
4 Աստուծոյ սեղանին քով պիտի երթամ,
Իմ ուրախութեանս ու ցնծութեանս Աստուծոյն առջեւ։
Քեզ քնարով պիտի գովեմ,
Ո՛վ Աստուած, իմ Աստուածս։
5 Ինչո՞ւ կը ցածնաս, ո՛վ իմ հոգիս,
Եւ ինչո՞ւ իմ ներսիդիս անհանգիստ ես։
Աստուծո՛յ յուսա, վասն զի անգամ մըն ալ զանիկա պիտի գովեմ.
Ա՛ն է իմ երեսիս փրկութիւնը ու իմ Աստուածս։