ՍԱՂՄՈՍ
ՍԻՕՆ, ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՔԱՂԱՔԸ
Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը
48 Տէրը մեծ է ու խիստ օրհնեալ է
Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ,
Իր սուրբ լերանը վրայ։
2 Գեղեցիկ բարձրութիւնով,
Բոլոր երկրին ուրախութիւնը՝
Հիւսիսային կողմերը եղող Սիօն լեռն է,
Մեծ Թագաւորին քաղաքը։
3 Աստուած անոր պալատներուն մէջ
Իբր ապաւէն ճանչցուած է։
4 Վասն զի ահա թագաւորները հաւաքուեցան,
Անոնք միացան իրարու։
5 Անոնք տեսան ու զարմացան.
Զարհուրեցան ու շուտով փախան։
6 Հոն դող մը բռնեց զանոնք
Ու ցաւը՝ զաւակ ծնանողի ցաւի պէս։
7 Արեւելեան հովով
Թարսիսի նաւերը կը խորտակես։
8 Ինչպէս լսեցինք, այնպէս ալ տեսանք
Զօրութիւններու Տէրոջը քաղաքին մէջ,
Մեր Աստուծոյն քաղաքին մէջ.
Աստուած զանիկա պիտի հաստատէ յաւիտեան։ (Սէլա։)
9 Ո՛վ Աստուած, քու ողորմութեանդ վրայ կը մտածենք
Քու տաճարիդ մէջ։
10 Քու գովութիւնդ, ո՛վ Աստուած,
Քու անուանդ պէս մինչեւ երկրի ծայրերն է.
Արդարութիւնով լեցուն է քու աջ ձեռքդ։
11 Սիօն լեռը թող ուրախանայ,
Ու Յուդային աղջիկները թող ցնծան
Քու դատաստաններուդ համար։
14 Վասն զի այս Աստուածը մեր Աստուածն է յաւիտեանս յաւիտենից.
Անիկա պիտի առաջնորդէ մեզ մինչեւ ի մահ։