ՍԱՂՄՈՍ
ԱՍՏՈՒԱԾ՝ ԳԵՐԱԳՈՅՆ ԹԱԳԱՒՈՐԸ
99 Տէրը կը թագաւորէ, ժողովուրդները թո՛ղ սարսափին։
Ինք քերովբէներուն վրայ կը նստի, երկիրը թո՛ղ շարժի։
2 Տէրը մեծ է Սիօնի մէջ
Ու բարձրացած է բոլոր ժողովուրդներուն վրայ։
3 Թող գովեն քու մեծ ու ահաւոր անունդ։
Անիկա սուրբ է։
4 Թագաւորին զօրութիւնը իրաւունքը կը սիրէ*։
Ուղղութիւն հաստատեցիր,
Իրաւունք ու արդարութիւն ըրիր Յակոբին մէջ։
5 Բարձրացուցէք Տէրը, մեր Աստուածը,
Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր ոտքերուն պատուանդանին։
Անիկա սուրբ է։
6 Մովսէսն ու Ահարոնը անոր քահանաներուն մէջ
Եւ Սամուէլն անոր անունը կանչողներուն մէջ
Տէրոջը կ’աղաղակէին։
Անիկա պատասխան կու տար անոնց։
7 Ամպի սիւնին մէջէն կը խօսէր անոնց հետ։
Անոնք կը պահէին անոր վկայութիւնները
Ու այն հրամանը, որ իրենց տուաւ։
8 Ո՛վ Տէր, մեր Աստուածը, դուն կը լսէիր անոնց.
Դո՛ւն, ո՛վ Աստուած, անոնց կը ներէիր,
Թէպէտ վրէժխնդիր եղար անոնց գործերուն։
9 Բարձրացուցէ՛ք Տէրը, մեր Աստուածը,
Ու երկրպագութիւն ըրէ՛ք անոր սուրբ լերանը վրայ.
Վասն զի Տէրը, մեր Աստուածը, սուրբ է։