Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Բ. Յովհաննէս
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Բ. Յովհաննէս 1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2008, էջ 12

Բ. Յովհաննէս 2

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2008, էջ 12

Բ. Յովհաննէս 4

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    12/1/2008, էջ 12

Բ. Յովհաննէս 7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    6/1/2015, էջ 14

    12/1/2008, էջ 12

Բ. Յովհաննէս 9

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 57

Բ. Յովհաննէս 10

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 57

Բ. Յովհաննէս 11

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 57

Բ. Յովհաննէս 13

Ստորանիշներ

  • *

    1։13 Ոմանք կ’աւելցնեն, Ամէն

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Բ. Յովհաննէս 1-13

Բ. ԹՈՒՂԹ ՅՈՎՀԱՆՆՈՒ

1 Երէցէն՝ ընտրեալ տիկնոջը ու անոր որդիներուն, որոնք ես ճշմարտութեամբ կը սիրեմ, եւ ո՛չ միայն ես, հապա ամէնքն ալ՝ որոնք ճշմարտութիւնը կը ճանչնան, 2 Այն ճշմարտութեանը համար՝ որ մեր մէջ կը մնայ ու յաւիտեան մեզի հետ պիտի ըլլայ. 3 Շնորհք, ողորմութիւն, խաղաղութիւն Հայր Աստուծմէն եւ Տէր Յիսուս Քրիստոսէն, Հօրը Որդիէն, ձեզի հետ ըլլայ ճշմարտութիւնով ու սիրով։

ՃՇՄԱՐՏՈՒԹԻՒՆ ԵՒ ՍԷՐ

4 Շատ ուրախ եղայ ես, գտնելով որ քու որդիներէդ ոմանք ճշմարտութեամբ կը քալեն այն պատուիրանքին համեմատ՝ որ Հօրմէն առինք։ 5 Հիմա քեզի կ’աղաչեմ, ո՛վ տիկին, նոր պատուիրանք մը չեմ գրեր քեզի, հապա զայն որ սկիզբէն ունէինք, որ մէկզմէկ սիրենք։ 6 Սէրը այս է, որ անոր պատուիրանքներուն համեմատ քալենք ու պատուիրանքը այս է, որ ինչպէս սկիզբէն ի վեր լսեցինք, անոր համեմատ քալէք։ 7 Վասն զի շատ մոլորեցնողներ ելան աշխարհի մէջ, որոնք Յիսուս Քրիստոսը մարմնով եկած չեն ընդունիր։ Անոնք մոլորեցնող ու Նեռ են։ 8 Զգուշութիւն ըրէք ձեր անձերուն, որ աշխատանքնիս չկորսնցնենք, հապա որպէս զի լման վարձք առնենք։ 9 Ամէն ով որ յանցանք կը գործէ ու Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ չի կենար, անիկա Աստուած չունի։ Ան որ Քրիստոսին վարդապետութեանը մէջ կը կենայ, անիկա Հայրն ալ ունի Որդին ալ։ 10 Եթէ մէկը ձեզի գայ ու այս վարդապետութիւնը չբերէ, զանիկա տուներնիդ մի՛ ընդունիք եւ անոր բարեւ մի՛ տաք։ 11 Քանզի ով որ բարեւ տայ, անոր չար գործերուն հաղորդակից կ’ըլլայ։

ՎԵՐՋԻՆ ԽՕՍՔԵՐ

12 Շատ բան ունէի ձեզի գրելու, բայց չուզեցի թղթով ու մելանով գրել. վասն զի յոյս ունիմ որ ձեզի գամ ու դէմ առ դէմ խօսիմ, որպէս զի մեր ուրախութիւնը կատարեալ ըլլայ։ 13 Բարեւ կ’ընեն քեզի քու ընտրեալ քրոջդ որդիները*։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել