Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 22
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 22։1

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    4/2021, էջ 30-31

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 17-18

    2/1/2008, էջ 12

    6/1/2006, էջ 10

Սաղմոս 22։7

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 17

Սաղմոս 22։8

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 17

Սաղմոս 22։15

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    4/2021, էջ 11-12

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 9/2020, էջ 5-7

Սաղմոս 22։16

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 16-17

Սաղմոս 22։18

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 9/2020, էջ 2-4

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 17

Սաղմոս 22։20

Ստորանիշներ

  • *

    22։20 Եբր., միամօրս

Սաղմոս 22։21

Ստորանիշներ

  • *

    22։21 Կամ, վայրի ցուլերուն

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    3/1/2000, էջ 10-11

Սաղմոս 22։22

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 14

    Դիտարան,

    5/1/2007, էջ 9

    10/1/1997, էջ 15

Սաղմոս 22։24

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    8/1/2005, էջ 27

Սաղմոս 22։26

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Կեանքը վայելէ յաւիտեա՛ն, դաս 60

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
  • 26
  • 27
  • 28
  • 29
  • 30
  • 31
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 22։1-31

ՍԱՂՄՈՍ

ՏԱՌԱՊԱՆՔԻ ՃԻՉ ՄԸ

Գլխաւոր երաժշտին՝ Դաւիթին Սաղմոսը

22 Աստուա՛ծ իմ, Աստուած իմ, զիս ինչո՞ւ թողուցիր։

Զիս փրկելէն ու պոռալուս խօսքերէն հեռու կեցար։

 2 Ո՛վ իմ Աստուածս, ցորեկը քեզի կը կանչեմ ու չես պատասխաներ.

Եւ գիշերը կը կանչեմ ու չեմ դադարիր։

 3 Բայց դուն սուրբ ես,

Ով Իսրայէլի գովաբանութիւններուն մէջ բնակող։

 4 Մեր հայրերը քեզի յուսացին։

Յուսացին ու փրկեցիր զանոնք։

 5 Քեզի աղաղակեցին ու ազատեցան.

Քեզի յուսացին ու չամչցան.

 6 Բայց ես որդ եմ ու մարդ չեմ,

Մարդոց մէջ՝ քամահրուած ու ժողովուրդներուն մէջ՝ անարգուած։

 7 Բոլոր զիս տեսնողները զիս ծաղր կ’ընեն.

Շրթունք կը բանան, գլուխ կ’երերցնեն,

 8 Ըսելով. «Տէրոջը յուսաց, թող փրկէ զանիկա.

Թող ազատէ զանիկա, վասն զի անոր հաւնեցաւ»։

 9 Բայց զիս մօրս արգանդէն հանողը դուն ես.

Մօրս ծիծը եղած ատենս դուն ինծի յոյս տուիր։

10 Արգանդէն ես քեզի յանձնուեցայ.

Իմ մօրս որովայնէն դուն ես իմ Աստուածս։

11 Մի՛ հեռանար ինձմէ, վասն զի նեղութիւնը մօտ է,

Վասն զի օգնող մը չկայ։

12 Շատ զուարակներ չորս կողմս առին,

Բասանի ցուլերը զիս պաշարեցին։

13 Իրենց բերանը իմ վրաս բացին՝

Յափշտակող ու մռնչող առիւծի պէս։

14 Ջուրի պէս թափուեցայ

Ու բոլոր ոսկորներս քակուեցան.

Սիրտս մոմի պէս եղաւ,

Հալեցաւ փորիս մէջ։

15 Չորցաւ իմ ոյժս հողէ ամանի մը պէս

Ու լեզուս քիմքիս փակաւ

Եւ զիս մահուան հողը դրիր։

16 Վասն զի շուները չորս կողմս առին,

Չարերուն ժողովը զիս պատեց,

Ձեռքերս ու ոտքերս ծակեցին։

17 Իմ բոլոր ոսկորներս կրնամ համրել.

Անոնք կը նային, կը տեսնեն զիս։

18 Իմ հանդերձներս իրենց մէջ կը բաժնեն

Ու պատմուճանիս վրայ վիճակ կը ձգեն։

19 Բայց դուն, ո՛վ Տէր, մի՛ հեռանար ինձմէ.

Ո՛վ իմ զօրութիւնս, շուտով ինծի օգնութեան հասիր.

20 Իմ անձս սուրէն ազատէ

Ու կեանքս*՝ շանը ձեռքէն։

21 Փրկէ՛ զիս առիւծին բերնէն

Ու վշտացած հոգիս՝ միեղջերուներուն* եղջիւրներէն։

ԳՈՎԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ

22 Քու անունդ եղբայրներուս պիտի պատմեմ,

Ժողովին մէջ քեզ պիտի գովեմ։

23 Ո՛վ Տէրոջմէ վախցողներ, գովեցէ՛ք զանիկա.

Ո՛վ Յակոբի զաւակներ, փառաւորեցէ՛ք զանիկա,

Վախցէ՛ք անկէ, Իսրայէլի՛ զաւակներ։

24 Վասն զի չանարգեց ու չքամահրեց տառապեալին տառապանքը

Ու երեսը անկէ չդարձուց.

Հապա իրեն կանչած ատենը լսեց։

25 Քեզմով պիտի ըլլայ իմ գովութիւնս մեծ ժողովին մէջ.

Իմ ուխտերս անկէ վախցողներուն առջեւ պիտի կատարեմ։

26 Տնանկները պիտի ուտեն ու կշտանան.

Տէրը պիտի գովեն զանիկա փնտռողները։

Ձեր սիրտը յաւիտեան պիտի ապրի։

27 Պիտի յիշեն ու Տէրոջը դառնան երկրի ամէն ծայրերէն

Ու քու առջեւդ երկրպագութիւն պիտի ընեն ազգերուն տոհմերը։

28 Վասն զի թագաւորութիւնը Տէրոջն է

Ու ան կը տիրէ ազգերուն վրայ։

29 Երկրի բոլոր հպարտները երկրպագութիւն պիտի ընեն.

Ամէն հողը իջնող ծունկ պիտի կրկնէ անոր առջեւ

Ու ան ալ, որ իր անձը չի կրնար ապրեցնել։

30 Զաւակը պիտի ծառայէ անոր։

Տէրոջը վրայով պիտի պատմուի յաջորդ սերունդին մէջ,

31 Անոր արդարութիւնը պիտի պատմեն

Այն ժողովուրդին, որ պիտի ծնանի։

Թէ այս բանը ա՛ն կատարեց։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել