ՍԱՂՄՈՍ
ՓԱՌԱԲԱՆՈՒԹԵԱՆ ԵՐԳ ՄԸ
149 Ալէլուիա՜։ Տէրոջը նոր երգ երգեցէք
Ու անոր օրհնութիւնը՝ սուրբերուն ժողովին մէջ։
2 Իսրայէլ թող ուրախանայ իր Ստեղծողին վրայ.
Սիօնի որդիները թող ցնծան իրենց Թագաւորին վրայ։
3 Թող անոր անունը պարով օրհնեն,
Թմբուկով եւ քնարով սաղմոս թող ըսեն անոր։
4 Վասն զի Տէրը իր ժողովուրդը կը հաւնի,
Խոնարհները փրկութիւնով պիտի փառաւորէ։
5 Թող սուրբերը ուրախանան փառքով
Ու իրենց անկողիններուն մէջ ցնծան։
6 Աստուծոյ գովութիւնները անոնց բերնին մէջ թող ըլլան
Ու երկսայրի սուր՝ անոնց ձեռքին մէջ,
7 Որպէս զի հեթանոսներէն վրէժ առնեն
Ու ժողովուրդները պատժեն,
8 Որպէս զի անոնց թագաւորները շղթաներով կապեն
Ու անոնց ազնուականները՝ երկաթէ կապանքներով,
9 Որպէս զի գրուած դատաստանը անոնց վրայ կատարեն։
Այս անոր բոլոր սուրբերուն փառքն է։ Ալէլուիա՜։