Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 88
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 88։1-18

ՍԱՂՄՈՍ

ՕԳՆՈՒԹԵԱՆ ԱՂԵՐՍ ՄԸ

Կորխի որդիներուն երգն ու Սաղմոսը

88 Ո՛վ Տէր իմ փրկութեանս Աստուա՛ծը,

Ցորեկը կ’աղաղակեմ ու գիշերը քու առջեւդ եմ։

 2 Իմ աղօթքս թող քու առջեւդ ելլէ։

Խոնարհեցո՛ւր քու ականջդ իմ աղաղակիս։

 3 Վասն զի իմ անձս չարիքներով լեցուեցաւ

Ու իմ կեանքս գերեզմանին մօտեցաւ։

 4 Գուբը իջնողներու հետ սեպուեցայ.

Ոյժ չունեցող մարդու մը պէս եղայ։

 5 Մեռելներու մէջ ինկած եմ

Գերեզմանի մէջ պառկող սպաննուածներու պէս,

Որոնք ա՛լ չես յիշեր

Ու քու ձեռքէդ մերժուած են։

 6 Դուն զիս ամենէն խորունկ գուբին մէջ դրիր,

Խաւար ու խոր անդունդներու մէջ։

 7 Քու սրտմտութիւնդ ճնշեց իմ վրաս

Եւ քու բոլոր ալիքներովդ զիս չարչարեցիր։ (Սէլա։)

 8 Իմ ճանչուորներս ինձմէ հեռացուցիր,

Զիս գարշելի ըրիր անոնց առջեւ.

Գոցուեցայ ու դուրս չեմ ելլեր։

 9 Տառապանքէն աչքերս վատացան.

Ամէն օր քեզի աղաղակեցի, ո՛վ Տէր,

Ձեռքերս քեզի երկնցուցի։

10 Միթէ մեռելներո՞ւն հրաշք պիտի ընես.

Միթէ մեռածնե՞րը պիտի ելլեն ու քեզ գովեն։ (Սէլա։)

11 Միթէ կը պատմուի՞ քու ողորմութիւնդ գերեզմանին մէջ

Ու քու ճշմարտութիւնդ՝ կորստեան մէջ։

12 Միթէ կը ճանչցուի՞ն քու հրաշքներդ խաւարին մէջ

Ու քու արդարութիւնդ՝ մոռացման երկրին մէջ։

13 Բայց ես, ո՛վ Տէր, քեզի աղաղակեցի

Ու իմ աղօթքս առտուն քու առջեւդ պիտի ելլէ։

14 Ո՛վ Տէր, ինչո՞ւ իմ անձս կը մերժես

Ու քու երեսդ կը ծածկես ինձմէ։

15 Ես խեղճ եմ ու մանկութենէս ի վեր մեռնելու վրայ եմ։

Քու ահերդ քաշեցի ու խռովեցայ։

16 Քու սրտմտութիւնդ իմ վրաս իջաւ

Եւ քու զարհուրանքներդ զիս կորսնցուցին։

17 Ամէն օր ջուրի պէս զիս պատեցին,

Միասին չորս կողմս առին։

18 Հեռացուցիր ինձմէ սիրելին ու բարեկամը,

Իմ ճանչուորներս խաւարի մէջ են։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել