Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • Սաղմոս 118
  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

Սաղմոս 118։22

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    6/2018, էջ 32

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2017, էջ 9-10

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 3/2020, էջ 3-4

    Դիտարան,

    8/1/2011, էջ 15

    7/15/2000, էջ 14

    Մեծագոյն մարդը, գլ. 106

Սաղմոս 118։25

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2017, էջ 9

Սաղմոս 118։26

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան (ուսումնասիրական),

    12/2017, էջ 9

    Ժողովի տետրին աղբիւրները, 3/2020, էջ 16-18

Սաղմոս 118։29

Նիւթացանկեր

  • Փնտռտուքի ուղեցոյց

    Դիտարան,

    2/1/2002, էջ 11

  • Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
  • 1
  • 2
  • 3
  • 4
  • 5
  • 6
  • 7
  • 8
  • 9
  • 10
  • 11
  • 12
  • 13
  • 14
  • 15
  • 16
  • 17
  • 18
  • 19
  • 20
  • 21
  • 22
  • 23
  • 24
  • 25
  • 26
  • 27
  • 28
  • 29
Արեւմտահայերէն Աստուածաշունչ
Սաղմոս 118։1-29

ՍԱՂՄՈՍ

ՇՆՈՐՀԱԿԱԼՈՒԹԵԱՆ ԱՂՕԹՔ ՄԸ ՅԱՂԹԱՆԱԿԻ ՀԱՄԱՐ

118 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է.

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

 2 Իսրայէլ թող ըսէ.

«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։

 3 Ահարոնին տունը թող ըսէ.

«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։

 4 Տէրոջմէն վախցողները թող ըսեն.

«Անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է»։

 5 Նեղութեան մէջ Տէրոջը կանչեցի

Եւ Տէրը պատասխան տուաւ ինծի, լայնարձակ տեղ մը հանելով։

 6 Տէրը ինծի հետ է, չեմ վախնար,

Մարդը ինծի ի՞նչ կրնայ ընել։

 7 Տէրը իմ օգնականներուս հետ մէկտեղ ինծի հետ է

Ու ես թշնամիներուս կորուստը պիտի տեսնեմ։

 8 Լաւ է Տէրոջը յուսալ,

Քան թէ մարդոց ապաւինիլ։

 9 Լաւ է Տէրոջը յուսալ,

Քան թէ իշխաններուն ապաւինիլ։

10 Բոլոր ազգերը զիս պաշարեցին.

Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։

11 Իմ բոլորտիքս առին եւ զիս պաշարեցին,

Բայց Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։

12 Մեղուներու պէս իմ բոլորտիքս առին,

Փուշերու կրակի պէս վառեցան։

Տէրոջը անունովը պիտի ջարդեմ զանոնք։

13 Սաստիկ հրեցին զիս, որպէս զի վար իյնամ.

Բայց Տէրը օգնեց ինծի։

14 Տէրը իմ զօրութիւնս ու սաղմոսս է

Ու իմ փրկութիւնս եղաւ։

15 Արդարներուն բնակարաններուն մէջ ցնծութեան ու փրկութեան ձայն կայ։

Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։

16 Տէրոջը աջ ձեռքը բարձր է։

Տէրոջը աջ ձեռքը զօրութիւն կը գործէ։

17 Պիտի չմեռնիմ, հապա պիտի ապրիմ,

Որ Տէրոջը գործերը պատմեմ։

18 Տէրը զիս շատ խրատեց,

Բայց մահուան չմատնեց զիս։

19 Բացէ՛ք ինծի արդարութեան դռները,

Որ անոնց մէջ մտնեմ ու Տէրոջը գոհութիւն մատուցանեմ։

20 Ա՛յս է Տէրոջը դուռը,

Արդարները ասկէ պիտի մտնեն։

21 Կը գոհանամ քեզմէ, որ ինծի պատասխան տուիր

Ու ինծի փրկութիւն եղար։

22 Այն քարը, որ շինողները անարգեցին,

Անկիւնին գլուխը եղաւ։

23 Ասիկա Տէրոջմէն եղաւ եւ

Զարմանալի է ասիկա մեր աչքերուն։

24 Այս այն օրն է, որ Տէրը ստեղծեց.

Ցնծանք եւ ուրախ ըլլանք անոր մէջ։

25 Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, փրկէ՛.

Հիմա կ’աղաչեմ, ո՛վ Տէր, յաջողցուր։

26 Օրհնեալ ըլլայ ա՛ն, որ Տէրոջը անունովը կու գայ։

Օրհնեցինք քեզ Տէրոջը տունէն։

27 Տէրը Աստուած է եւ լոյս կը ցուցնէ մեզի։

Զոհի անասունները չուաններով կապեցէք

Ու սեղանին եղջիւրներուն մօտեցուցէք։

28 Դուն ես իմ Աստուածս ու քեզի գոհութիւն պիտի մատուցանեմ։

Ո՛վ իմ Աստուածս, քեզ պիտի բարձրացնեմ։

29 Գոհացէ՛ք Տէրոջմէն, վասն զի բարի է,

Վասն զի անոր ողորմութիւնը յաւիտեան է։

Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
Դուրս ելլել
Մուտք գործել
  • Արեւմտահայերէն
  • բաժնել
  • Նախընտրութիւններ
  • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
  • Օգտագործման պայմաններ
  • Գաղտնիութիւն
  • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
  • JW.ORG
  • Մուտք գործել
բաժնել