Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 8
  • Հսկաներ երկրի վրայ

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Հսկաներ երկրի վրայ
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս մեզի կ’ազդեն
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2006
  • Հրեշտակները՝ «սպասաւորող հոգիներ են»
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2009
  • Հրեշտակները ի՛նչպէս կրնան օգնել ձեզի
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1998
  • Յիսուս դեւերէն աւելի զօրաւոր է
    Մեծ Ուսուցիչէն սորվէ՛
Տես աւելին
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 8
Հսկայ տղամարդ մը անհատ մը հարուածելու վրայ է

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 8

Հսկաներ երկրի վրայ

ԵԹԷ մէկը դէպի ձեզի գար, որու հասակը ձեր տան առաստաղին հասնէր, ի՞նչ պիտի խորհէիք։ Այդ անձը հսկայ մըն է պիտի ըսէիք, այնպէս չէ՞։ Ժամանակ մը իրապէս երկրի վրայ հսկաներ կային։ Աստուածաշունչը ցոյց կու տայ թէ անոնց հայրերը երկնքէն եկած հրեշտակներ էին։ Բայց ատիկա ինչպէ՞ս կրնար ըլլալ։

Յիշեցէք որ Սատանան, չար հրեշտակը, շատ կը զբաղէր չարութիւն ընելով։ Ան նոյնիսկ կը ջանար Աստուծոյ հրեշտակները չարութեան մղել։ Ժամանակի ընթացքին, այդ հրեշտակներէն ոմանք սկսան Սատանային մտիկ ընել։ Անոնք երկինքի մէջ Աստուծոյ կողմէ իրենց նշանակուած գործը կատարելէ դադրեցան։ Անոնք երկիր եկան եւ մարդկային մարմիններ հագան։ Գիտէ՞ք ինչու։

Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ Աստուծոյ այս որդիները երկրի վրայ գեղեցիկ կիները տեսան եւ ուզեցին անոնց հետ ապրիլ։ Ուստի անոնք երկիր եկան եւ անոնց հետ ամուսնացան։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ թէ ասիկա սխալ էր, քանի որ Աստուած հրեշտակները երկինքի մէջ ապրելու համար ստեղծեց։

Երբ հրեշտակները եւ անոնց կիները զաւակներ ունեցան, այդ զաւակները տարբեր էին։ Թէեւ սկիզբը անոնք թերեւս շատ տարբեր չէին երեւնար, բայց երբ կը մեծնային, շատ զօրաւոր հսկաներ կ’ըլլային։

Հսկայ մը ուտելիք կը գողնայ ընտանիքէ մը

Այս հսկաները չար էին։ Քանի որ շատ բարձրահասակ եւ շատ զօրաւոր էին, անոնք ուրիշները կը չարչարէին։ Անոնք կը ստիպէին որ ամէն մարդ իրենց նման չար ըլլար։

Ենովք մեռած էր, բայց երկրի վրայ մարդ մը կար, որ տակաւին բարի էր։ Այս մարդուն անունը Նոյ էր եւ ան միշտ Աստուծոյ ուզած բաները կ’ընէր։

Օր մը Աստուած Նոյին ըսաւ որ բոլոր չար մարդիկը բնաջնջելու ժամանակը եկած էր։ Բայց Աստուած պիտի ազատէր Նոյը եւ իր ընտանիքը, ինչպէս նաեւ շատ մը անասուններ։ Տեսնենք թէ Աստուած ի՛նչպէս ըրաւ ասիկա։

Ծննդոց 6։1–8. Յուդա 6

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել