Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 12
  • Մարդիկ կը շինեն մեծ աշտարակ մը

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Մարդիկ կը շինեն մեծ աշտարակ մը
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Բաբելոնի աշտարակի օրերէ՞ն լեզուները ծագում առին
    Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 2013
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 12
Շինարարները տարբեր լեզուներ կը խօսին եւ չեն կրնար իրարու հետ հաղորդակցիլ

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 12

Մարդիկ կը շինեն մեծ աշտարակ մը

ԵՐԿԱՐ տարիներ անցան եւ Նոյի որդիները շատ մը զաւակներ ունեցան։ Անոնց զաւակներն ալ, իրենց կարգին, մեծցան եւ շատ մը զաւակներ ունեցան։ Երկրին վրայ մարդիկ բազմացան։

Այս մարդոցմէ մէկն էր Նոյի թոռան թոռը որու անունն էր՝ Նեբրովթ։ Ան չար մարդ մըն էր, որ թէ՛ անասունները եւ թէ մարդիկը կ’որսար եւ կը սպաննէր։ Նեբրովթ նաեւ բոլոր մարդոց վրայ ինքզինք թագաւոր հռչակեց։ Աստուած չէր սիրեր Նեբրովթը։

Բաբելոնի աշտարակը

Այդ ժամանակ բոլոր մարդիկ նոյն լեզուն կը խօսէին։ Նեբրովթ կ’ուզէր զանոնք մէկտեղ պահել որպէսզի անոնց վրայ իշխէր։ Ուստի գիտէ՞ք ինչ ըրաւ։ Ան մարդոց ըսաւ որ քաղաք մը եւ անոր մէջ մեծ աշտարակ մը շինեն։ Պատկերին մէջ նայեցէք անոնց, որոնք աղիւսներ կը շինեն։

Եհովա Աստուած չհաճեցաւ այս շինարարութեան։ Աստուած կ’ուզէր որ մարդիկ ամբողջ երկրի վրայ ցրուին եւ զանիկա լեցնեն։ Բայց մարդիկ ըսին. ‘Եկէք, մեզի քաղաք մը եւ աշտարակ մը շինենք, որուն գլուխը մինչեւ երկինք հասնի։ Այն ատեն համբաւաւոր պիտի ըլլանք’։ Մարդիկ կ’ուզէին իրենք պատիւ ստանալ, փոխանակ Աստուած պատուելու։

Ուստի, Աստուած պատճառ եղաւ որ անոնք աշտարակը շինելը դադրեցնեն։ Գիտէ՞ք Աստուած ինչպէս ըրաւ ասիկա։ Եհովա պատճառ եղաւ որ մարդիկ յանկարծ սկսին տարբեր լեզուներ խօսիլ, փոխանակ մէկ լեզուի։ Շինարարները այլեւս իրար չէին հասկնար։ Անոր համար անոնց քաղաքը կոչուեցաւ Բաբել կամ Բաբելոն, որ կը նշանակէ «խառնակութիւն»։

Ասոր վրայ մարդիկ սկսան Բաբելոնէն հեռանալ։ Նոյն լեզուն խօսող խումբերը միասնաբար գացին որպէսզի երկրին ուրիշ մէկ մասին մէջ բնակին։

Ծննդոց 10։1, 8–10. 11։1–9

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել