Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • պհ պատմ. 32
  • 10 Պատուհասները

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • 10 Պատուհասները
  • Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Մովսէս եւ Ահարոն Փարաւոնին կը ներկայանան
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
  • Կարմիր ծովէն անցքը
    Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
Աստուածաշունչի պատմութիւններու հաւաքածոյ
պհ պատմ. 32
Նեղոս գետին ջուրը արիւնի կը վերածուի. առաջին պատուհասը

ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ 32

10 Պատուհասները

ԱՅՍ պատկերներուն նայեցէք։ Իւրաքանչիւրը կը ներկայացնէ այն պատուհասներէն մէկը զոր Եհովա բերաւ Եգիպտոսի վրայ։ Առաջին պատկերին մէջ կը տեսնէք Ահարոնը որ իր գաւազանով կը զարնէ Նեղոս Գետին։ Երբ զարկաւ, գետին ջուրը արիւնի վերածուեցաւ։ Ձուկերը մեռան եւ գետը սկսաւ նեխիլ։

Փառաւոն ձեռքը կը շարժէ երկրորդ պատուհասի ատեն, որ գորտերը իր անկողինի վրայէն ելլեն

Անկէ ետք, Եհովա պատճառ եղաւ որ Նեղոս Գետէն գորտեր դուրս գան։ Գորտեր կը վխտային ամէ՛ն տեղ. թոնիրներուն, ամաններուն, մարդոց անկողիններուն մէջ։ Երբ գորտերը մեռան, Եգիպտացիները զանոնք տեղ տեղ դիզեցին եւ երկիրը դարձեալ նեխեցաւ։

Յետոյ Ահարոն իր գաւազանով գետնին զարկաւ եւ փոշիները մժեղներու վերածուեցան։ Մժեղը կամ մունը թռչող պզտիկ միջատ մըն է, որ կը կծէ։ Մժեղները Եգիպտոսը հարուածող երրորդ պատուհասն էր։

Կին մը կը խայթուի մժեղներէ, երրորդ պատուհասի ատեն

Մնացեալ պատուհասները հարուածեցին միայն Եգիպտացիները եւ ոչ թէ Իսրայելացիները։ Չորրորդ պատուհասն էր՝ մեծ ճանճեր որոնք լեցուցին բոլոր Եգիպտացիներուն տուները։ Հինգերորդ պատուհասը անասուններուն վրայ եկաւ։ Եգիպտացիներուն շատ մը արջառները, ոչխարները եւ այծերը մեռան։

Ապա Մովսէս եւ Ահարոն մոխիր առին ու օդին մէջ նետեցին եւ մարդոց ու անասուններուն վրայ գէշ ուռեցքներ եղան։ Ասիկա վեցերորդ պատուհասն էր։

Ատկէ ետք, Մովսէս իր ձեռքը դէպի երկինք բարձրացուց եւ Եհովա ոռոտում եւ կարկուտ ղրկեց։ Եգիպտոսի վրայ այսպիսի կարկուտ բնաւ տեղացած չէր։

Եգիպտացիներ կը փորձեն ճանճերէն փախչիլ, չորրորդ պատուհասի ատեն
Եգիպտացիներուն անասունները կը սատկին, հինգերորդ պատուհասի ատեն

Ութներորդ պատուհասն էր՝ մարախներու երամակ մը։ Անկէ առաջ եւ անկէ ի վեր երբեք այսքան շատ մարախներ եղած չեն հոն։ Անոնք կերան ինչ որ կարկուտէն մնացած էր։

Իններորդ պատուհասը խաւարն էր։ Թանձր խաւար մը պատեց երկիրը երեք օր։ Սակայն Իսրայելացիները իրենց բնակած վայրին մէջ լոյս ունէին։

Վերջապէս, Աստուած ըսաւ իր ժողովուրդին որ իրենց երկու դրանդիքներուն վրայ ուլի կամ գառնուկի մը արիւնը քսեն։ Յետոյ Աստուծոյ հրեշտակը անցաւ Եգիպտոսի վրայէն։ Երբ հրեշտակը արիւնը կը տեսնէր, այդ տունէն ոեւէ մէկը չէր սպաններ։ Բայց այն բոլոր տուներուն մէջ ուր դրանդիքներուն վրայ արիւն չկար, Աստուծոյ հրեշտակը կը սպաննէր թէ՛ մարդոց եւ թէ անասուններուն անդրանիկները։ Ասիկա տասներորդ պատուհասն էր։

Այս վերջին պատուհասէն ետք, Փարաւոն ըսաւ որ Իսրայելացիները մեկնին։ Աստուծոյ ժողովուրդը արդէն պատրաստ էին մեկնելու եւ այդ նոյն գիշերը, անոնք Եգիպտոսէ դուրս ելան։

Ելից 7–12 գլուխները

Ուսումնասիրութեան հարցումներ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել