ՄԱՍ Դ
Իսրայէլի առաջին թագաւորէն մինչեւ Բաբելոնի գերութիւնը
Սաւուղ Իսրայէլի առաջին թագաւորը եղաւ։ Բայց Եհովա մերժեց զինք եւ անոր տեղ Դաւիթը ընտրեց որպէս թագաւոր։ Դաւիթի մասին շատ մը բաներ կը սորվինք. Թէեւ պատանի, ան Գողիաթի հետ կռուեցաւ։ Հետագային, ան նախանձոտ Սաւուղ Թագաւորէն փախաւ։ Յետոյ գեղանի Աբիգիա զինք ետ կեցուց յիմարական արարք մը ընելէ։
Ասկէ ետք, շատ մը բաներ կը սորվինք Դաւիթի որդւոյն՝ Սողոմոնի մասին, որ Դաւիթի յաջորդեց որպէս Իսրայէլի թագաւոր։ Իսրայէլի առաջին երեք թագաւորներուն իւրաքանչիւրը 40 տարի իշխեց։ Սողոմոնի մահէն ետք, Իսրայէլ երկու թագաւորութիւններու՝ հիւսիսային թագաւորութեան եւ հարաւային թագաւորութեան, բաժնուեցաւ։
Հիւսիսային 10 ցեղեան թագաւորութիւնը 257 տարի գոյատեւեց, Ասորեստանցիներուն կողմէ բնաջնջուելէ առաջ։ Ապա, 133 տարի ետք, Հարաւային երկու ցեղեան թագաւորութիւնն ալ կործանեցաւ։ Այն ժամանակ Իսրայելացիները Բաբելոն գերութեան տարուեցան։ Ուստի ՉՈՐՐՈՐԴ Մասը 510 տարուայ պատմութիւն մը կը ծածկէ, որու ընթացքին շատ մը յուզիչ դէպքեր տեղի ունեցան։