Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • աբ դաս 15 էջ 24-25
  • Աստուծոյ բարեկամները բարի բաներ կ’ընեն

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուծոյ բարեկամները բարի բաներ կ’ընեն
  • Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
  • Նոյնանման նիւթեր
  • Ընտանիքդ կրնա՛յ ուրախ ըլլալ
    Ի՞նչ կրնանք սորվիլ Աստուածաշունչէն
  • Տեւական ամուսնութեան երկու բանալիները
    Ընտանեկան ուրախութեան գաղտնիքը
  • Ընտանեկան կեանք մը որ Աստուած կը հաճեցնէ
    Աստուած ի՛նչ կը պահանջէ մեզմէ
  • Ինչպէ՞ս կրնաս ընտանեկան երջանիկ կեանք մը ունենալ
    Աստուծոյ մտիկ ըրէ եւ յաւիտեան պիտի ապրիս
Տես աւելին
Աստուծոյ բարեկամը կրնա՛ք ըլլալ
աբ դաս 15 էջ 24-25

ԴԱՍ 15

Աստուծոյ բարեկամները բարի բաներ կ’ընեն

Եթէ բարեկամ մը ունենաք, որու վրայ բարձր համարում ունիք եւ զինք յարգարժան մէկը կը նկատէք, կը փորձէք իրեն նմանիլ։ «Տէրը բարի եւ ուղիղ է», կ’ըսէ Աստուածաշունչը։ (Սաղմոս 25։8) Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու համար, պէտք է բարի եւ ուղիղ ըլլանք։ Աստուածաշունչը կ’ըսէ. «Արդ՝ Աստուծոյ նմանող եղէք սիրելի զաւակներու պէս, եւ սիրով վարուեցէք»։ (Եփեսացիս 5։1, 2) Ահաւասիկ ասիկա ընելու կարգ մը կերպեր.

Երկու տղամարդիկ միասին կ’աշխատին շինարարութեան մը մէջTwo men work together at a construction site

Ուրիշներուն օգնող եղէք։ «Բարիք ընենք ամենուն»։—Գաղատացիս 6։10

Ծանր աշխատեցէք։ «Ան որ գողութիւն կ’ընէր, ա՛լ թող չգողնայ. այլ մանաւանդ աղէկ գործի մը պարապի»։—Եփեսացիս 4։28

Ֆիզիքապէս եւ բարոյապէս մաքուր եղէք։ «Մեր անձերը մարմնի ու հոգիի ամէն կերպ պղծութենէ մաքրենք եւ սրբութիւնը կատարելագործենք Աստուծոյ վախովը»։—Բ. Կորնթացիս 7։1

Ընտանիք մը ճաշ ուտելու կը պատրաստուիA family prepares to eat a meal

Ձեր ընտանիքի անդամներուն հետ սիրով եւ յարգանքով վարուեցէք։ «Ձեզմէ ամէն մէկն ալ իր կինը այնպէս սիրէ՝ որպէս թէ իր անձը ու կինը իր այրէն ակնածի։ Ո՛րդիներ, ձեր ծնողներուն հնազանդ եղէ՛ք»։—Եփեսացիս 5։33–6։1

Ուրիշներու հանդէպ սէր ցոյց տուէք։ «Մէկզմէկ սիրենք, վասն զի սէրը Աստուծմէ է»։—Ա. Յովհաննու 4։7

Երկրի օրէնքներուն հնազանդեցէք։ «Ամէն մարդ իր վրայ եղած [կառավարութիւններուն] թող հնազանդի. ... հատուցանեցէ՛ք պէտք եղածը անոնց։ Որո՛ւ որ տուրք տրուելու է՝ տուրքը»։—Հռովմայեցիս 13։1, 7

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել