ԴԱՍ 18
Յաւիտեա՛ն Աստուծոյ բարեկամը եղէք
Բարեկամութիւն մը հիւսելը ջանքի կը կարօտի. բարեկամ մը պահելն ալ ջանքի կը կարօտի։ Աստուծոյ բարեկամը ըլլալու ու մնալու համար ձեր թափած ջանքերը մեծապէս պիտի օրհնուին։ Յիսուս իրեն հաւատացողներուն ըսաւ. «Ճշմարտութիւնը ձեզ պիտի ազատէ»։ (Յովհաննու 8։32) Ասիկա ի՞նչ կը նշանակէ։
Հի՛մա իսկ կրնաք ազատութիւն վայելել։ Դուք կրնաք սուտ ուսուցումներէն ու Սատանային կողմէ տարածուած սուտերէն ազատ ըլլալ։ Կրնաք զերծ ըլլալ Եհովան չճանչցող միլիոնաւոր մարդոց ունեցած անյոյս կեանքէն։ (Հռովմայեցիս 8։22) Աստուծոյ բարեկամները «մահուան վախ»էն ալ ազատ են։—Եբրայեցիս 2։14, 15
Աստուծոյ նոր աշխարհին մէջ ազատութիւն կրնաք վայելել։ Ապագային ի՜նչ հոյակապ ազատութիւն մը կրնաք վայելել։ Դրախտ երկիրը պատերազմէ, հիւանդութենէ եւ ոճիրէ զերծ պիտի ըլլայ։ Աղքատութենէ եւ անօթութենէ ազատութիւն։ Ծերութենէ եւ մահէ ազատութիւն։ Վախէ, հարստահարութենէ եւ անիրաւութենէ ազատութիւն։ Աստուածաշունչը Աստուծոյ մասին կ’ըսէ. «Քու ձեռքդ կը բանաս ու ամէն կենդանիի փափաքը կը լեցնես»։—Սաղմոս 145։16
Աստուծոյ բարեկամները յաւիտեան պիտի ապրին։ Յաւիտենական կեանքը թանկագին պարգեւ մըն է, որ Աստուած պիտի տայ բոլոր անոնց, որոնք իր բարեկամութիւնը կը փնտռեն։ (Հռովմայեցիս 6։23) Միայն խորհեցէք որ անվերջ կեանքը ի՛նչ պիտի նշանակէ ձեզի համար։
Շա՛տ բաներ ընելու ժամանակ պիտի ունենաք։ Թերեւս կը փափաքէիք նուագարան մը նուագել։ Կամ՝ թերեւս կ’ուզէիք նկարչութիւն ընել կամ ատաղձագործ ըլլալ։ Թերեւս կ’ուզէիք անասուններու կամ բոյսերու մասին սորվիլ։ Կամ հաւանաբար պիտի ուզէք ճամբորդել եւ տարբեր երկիրներ ու մարդիկ տեսնել։ Յաւիտենական կեանք ունենալը այս բոլորը կարելի պիտի դարձնէ։
Բազմաթիւ բարեկամներ ունենալու ժամանակ պիտի ունենաք։ Յաւիտեան ապրիլը կարելի պիտի ընէ որ շատերու ծանօթանաք, որոնք Աստուծոյ բարեկամները եղած են։ Անոնց տաղանդներուն եւ գեղեցիկ յատկութիւններուն պիտի ծանօթանաք եւ անոնք ձեր ալ բարեկամները պիտի ըլլան։ Պիտի սիրէք զանոնք, անոնք ալ ձեզ պիտի սիրեն։ (Ա. Կորնթացիս 13։8) Անվերջ կեանք ունենալը ձեզի առիթ պիտի տայ որ երկրի բոլոր բնակիչներուն հետ բարեկամանաք։ Ամենէն կարեւորը, մինչ դարերը կը սահին, Եհովայի հետ ձեր բարեկամութիւնը աւելի պիտի խորանայ։ Կը մաղթենք որ յաւիտեա՛ն Աստուծոյ բարեկամը ըլլաք։