Ուսումնասիրութիւն 4
Սահուն Խօսելակերպ
ԵՐԲ բարձրաձայն կը կարդաք, կարգ մը արտայայտութիւններու վրայ կը կախուի՞ք։ Կամ երբ դասախօսութիւն տալու համար հանդիսականներու դիմաց ելլէք, կը զգա՞ք որ յաճախ շիտակ բառերը կը փնտռէք։ Եթէ այո, ուրեմն սահունութեան խնդիր ունիք։ Սահուն խօսող մը այնպէս մը կը կարդայ ու կը խօսի որ բառերն ու մտքերը դիւրութեամբ դուրս կու գան։ Ասիկա չի նշանակեր որ ինք անդադար եւ շատ արագ կը խօսի, եւ կամ առանց մտածելու կը խօսի։ Իր խօսակցութիւնը հաճելի ու շնորհալի է։ Աստուածպետական Ծառայութեան Դպրոցին մէջ մասնաւոր ուշադրութիւն կը տրուի սահունութեան։
Այլազան ազդակներ սահունութեան պակասին կրնան նպաստել։ Արդեօք հետեւեալ կէտերէն որեւէ մէկուն մասնաւոր ուշադրութիւն պէ՞տք է ընէք։ (1) Երբ ուրիշներուն համար կը կարդաք, կարգ մը բառերուն անծանօթ ըլլալը պատճառ կ’ըլլայ որ կմկմաք։ (2) Շատ տեղեր թեթեւ դադարներ ընելով, ձեր զեկուցումը կցկտուր կ’ըլլայ։ (3) Պատրաստութեան պակասը կրնայ խնդրին պատճառը ըլլալ։ (4) Խումբի մը դիմաց խօսելու ատեն սահունութեան պակասին սովորական ազդակներէն մէկը կրնայ ըլլալ, նիւթին տրամաբանական կերպով դասաւորուած չըլլալը։ (5) Սահմանափակ բառամթերք մը կրնայ պատճառ ըլլալ որ անհատ մը կմկմայ, մինչ շիտակ բառերը կը փնտռէ։ (6) Եթէ շատ բառերու վրայ շեշտ դրուի, ասիկա սահունութեան արգելք կը հանդիսանայ։ (7) Քերականական օրէնքներու ծանօթ չըլլալը կրնայ նպաստել խնդրին։
Եթէ սահունութեան պակաս ունենաք, Թագաւորութեան Սրահի ունկնդիրները բառացիօրէն դուրս պիտի չելլեն, բայց իրենց միտքը կրնայ թափառիլ։ Որպէս արդիւնք, ձեր ըսածին մեծ մասը կը կորսուի։
Միւս կողմէ, զգոյշ պէտք է ըլլալ որ ազդեցիկ ու սահուն ըլլալիք զեկուցում մը արհամարհական բնոյթ չստանայ, թերեւս նոյնիսկ նեղի մէջ ձգելով ունկնդիրները։ Եթէ մշակոյթներու տարբերութեան պատճառաւ մարդիկ ձեր խօսելակերպը անզուսպ կամ անհարազատ նկատեն, այդ պարագային ձեր նպատակին չէք հասնիր։ Ուշագրաւ է որ Պօղոս առաքեալ վարժ դասախօս մը ըլլալով հանդերձ, Կորնթացիներուն մօտեցաւ «տկարութիւնով ու վախով եւ շատ դողով», որպէսզի իր վրայ անտեղի ուշադրութիւն չհրաւիրէր։—Ա. Կորն. 2։3
Սովորութիւններ՝ Որոնցմէ Պէտք Է Խուսափիլ։ Շատեր խօսելու ատեն սովորութիւն դարձուցած են կարգ մը արտայայտութիւններ գործածել, ինչպէս՝ «ըը՜»։ Ուրիշներ միշտ գաղափար մը կը սկսին «ուրեմն» բառով, կամ՝ «նկատի առնենք», «ինչպէս որ», «իրականութեան մէջ», «իրապէս» եւ «ուղղակի» արտայայտութիւնները անտեղիօրէն կը փակցնեն ամէն տեղ։ Թերեւս չէք անդրադառնար թէ այսպիսի արտայայտութիւններ որքան յաճախ կը գործածէք։ Կրնաք փորձի նիստ մը ընել, որու ընթացքին անհատ մը ձեզի մտիկ ընէ եւ ամէն անգամ որ այս արտայայտութիւնները գործածէք, ձեր ետեւէն կրկնէ զանոնք։ Իրապէս կրնաք զարմանալ։
Ոմանք ետ քայլ ընելով կը կարդան ու կը խօսին. այսինքն, նախադասութիւն մը կը սկսին, ապա կը կենան եւ իրենց ըսածէն առնուազն մաս մը կը կրկնեն։
Տակաւին ուրիշներ բաւական արագ կը խօսին, սակայն գաղափարով մը կը սկսին, բայց նախադասութեան կիսուն ուրիշ նիւթի մը կ’անցնին։ Թէեւ բառերը դիւրասահ կ’ընթանան, բայց մտքերու յանկարծակի փոփոխութիւնը արգելք կը հանդիսանայ սահունութեան։
Ի՛նչպէս Բարելաւել։ Եթէ յաճախ ձեր բառերը կը փնտռէք, ուրեմն պէտք է մասնաւոր ջանք թափէք ձեր բառամթերքը աւելցնելու։ Երբ Դիտարան, Զարթի՛ր կամ ուրիշ գրականութիւն մը կը կարդաք, ձեզի անծանօթ եղող բառերը նոթագրեցէք։ Բառարանէն փնտռեցէք զանոնք, ստուգեցէք անոնց հնչումն ու իմաստը, եւ անոնցմէ քանի մը հատը ձեր բառամթերքին վրայ աւելցուցէք։ Եթէ բառարան չունիք, լեզուն լաւ խօսողի մը դիմեցէք։
Կանոնաւորաբար բարձրաձայն կարդալու սովորութիւնն ալ կրնայ նպաստել բարելաւման։ Դժուար բառերը նշեցէք ու բազմիցս բարձրաձայն կրկնեցէք զանոնք։
Սահուն կարդալու համար, անհրաժեշտ է հասկնալ նախադասութեան մը մէջ բառերուն ունեցած յարակցութիւնը։ Սովորաբար բառերու խումբերը միասնաբար պէտք է կարդացուին, որպէսզի գրողին արտայայտած միտքը փոխանցեն։ Բառերու այս խումբերուն մասնայատուկ ուշադրութիւն ընծայեցէք։ Եթէ օգտակար նկատէք, նշեցէք զանոնք։ Ձեր նպատակը չէ պարզապէս բառերը շիտակ կարդալ, այլ՝ մտքերը յստակօրէն փոխանցել։ Նախադասութիւն մը վերլուծելէ ետք, յաջորդին անցէք, մինչեւ որ ամբողջ պարբերութիւնը ուսումնասիրէք։ Գաղափարներու յաջորդականութիւնը ձեր մտքին մէջ յստակ թող ըլլայ։ Ապա բարձրաձայն կարդալու փորձ ըրէք։ Պարբերութիւնը կրկին անգամ կարդացէք, մինչեւ որ առանց կմկմալու կարդաք՝ սխալ տեղեր չկենալով։ Անկէ ետք յաջորդ պարբերութիւններուն անցէք։
Ապա՝ ձեր արագութիւնը աւելցուցէք։ Եթէ ըմբռնէք թէ նախադասութեան մը մէջ բառերը ի՛նչպէս իրարու հետ կապուած են, այդ պարագային պիտի կարենաք մէկ նայուածքով մէկ բառէն աւելին տեսնել եւ գիտնալ թէ ի՛նչ պիտի յաջորդէ։ Ասիկա մեծապէս պիտի նպաստէ լաւ կարդալու։
Մէկ նայուածքով կարդալը կանոնաւորաբար վարժութիւն ընելն ալ կրնայ լաւ մարզում մը ըլլալ։ Օրինակ, առանց նախապատրաստութեան, օրուան համարն ու մեկնութիւնը բարձրաձայն կարդացէք. ասիկա կանոնաւորաբար ըրէք։ Սովորութիւն դարձուցէք որ ձեր աչքերը տեսնեն լման գաղափար արտայայտող բառերու խումբեր, փոխանակ բառերը անջատաբար տեսնելու։
Խօսակցութեան մէջ սահունութիւնը՝ խօսելէ առաջ խորհիլ կը պահանջէ։ Ասիկա ձեր առօրեայ կեանքին մէջ վարժութիւն դարձուցէք։ Որոշեցէք թէ ի՛նչ գաղափարներ կ’ուզէք հաղորդել եւ ի՛նչ շարքաւորումով. անկէ ետք սկսեցէք խօսիլ։ Մի՛ աճապարէք։ Ջանացէք լման միտք մը արտայայտել առանց կենալու, կամ անոր կիսուն ուրիշ գաղափարներու անցնելու։ Կարճ եւ պարզ նախադասութիւններ գործածելը կրնայ նպաստել ասոր։
Երբ լաւ գիտէք ձեր ըսելիքը, բառերը բնականաբար պիտի գան։ Ընդհանրապէս, անհրաժեշտ չէ ձեր գործածելիք բառերը ընտրել։ Արդարեւ, վարժութիւն ըրէք որ գաղափարը ձեր մտքին մէջ յստակ ըլլայ, ապա խօսելու ատեն մտածեցէք բառերուն մասին։ Եթէ ասիկա ընէք եւ եթէ ձեր մտքին մէջ ունենաք գաղափարը, քան թէ ձեր խօսելիք բառերը, քիչ թէ շատ բառերը ինքնաբերաբար պիտի գան եւ ձեր միտքը պիտի կարենաք արտայայտել այնպէս՝ ինչպէս կը զգաք։ Բայց ե՛րբ որ սկսիք բառերուն մասին մտածել, քան թէ՝ գաղափարներուն, ձեր խօսակցութիւնը կտրտուած պիտի ըլլայ։ Վարժութեամբ՝ կրնաք սահունութիւն ձեռք ձգել, որ կարեւոր յատկութիւն մըն է ատակ կերպով խօսելու ու կարդալու համար։
Երբ Մովսէս Իսրայէլ ազգին եւ Եգիպտոսի Փարաւոնին դիմաց Եհովան ներկայացնելու նշանակում ստացաւ, զգաց որ ինք ատակ չէր ասոր համար։ Ինչո՞ւ։ Ան սահուն խօսող մը չէր. թերեւս կը կակազէր։ (Ել. 4։10. 6։12) Մովսէս փորձեց պատրուակներ գտնել, բայց Աստուած մերժեց զանոնք։ Եհովան իրեն հետ Ահարոնը ղրկեց որպէս խօսնակ, բայց Մովսէսին ալ օգնեց որ խօսի։ Մովսէս բազմիցս եւ ազդու կերպով ո՛չ միայն անհատներու եւ խմբակներու խօսեցաւ, այլ՝ ամբողջ ազգին։ (Բ. Օր. 1։1-3. 5։1. 29։2. 31։1, 2, 30. 33։1) Եթէ Եհովայի ապաւինելով հանդերձ ձեզի ինկած բաժինը ընէք, դուք ալ կրնաք ձեր խօսակցութեամբ Աստուած պատուել։