Ուսումնասիրութիւն 16
Հաւասարակշռութիւն
ԱՆՍՈՎՈՐ բան մը չէ որ դասախօս մը խօսելու սկսելու ատեն ջղագրգիռ ըլլայ, մանաւանդ երբ յաճախ չի դասախօսեր։ Հրատարակիչ մը քիչ մը ջղագրգիռ կրնայ ըլլալ, երբ դաշտի ծառայութեան մէջ իր առաջին դռները կը զարնէ։ Երբ մարգարէ ըլլալու յանձնարարութիւն ստացաւ, Երեմիան պատասխանեց. «Ես խօսիլ չեմ գիտեր, վասն զի ես մանուկ եմ»։ (Երեմ. 1։5, 6) Եհովա օգնեց Երեմիայի. Ան ձեզի ալ պիտի օգնէ։ Ժամանակի ընթացքին հաւասարակշռութիւն կրնաք զարգացնել։
Հաւասարակշիռ դասախօս մը հանդարտ է։ Այս հանդարտութիւնը կը տեսնուի իր ֆիզիքական վերաբերմունքին մէջ։ Իր մարմնի կեցուածքը բնական եւ առիթին յարմար է։ Իր ձեռքերուն շարժումները իմաստալից են։ Ձայնին մէջ կեանք կայ եւ անիկա զսպուած է։
Նոյնիսկ երբ տեսնէք թէ հաւասարակշիռ անհատի մը մասին տրուած նկարագրութիւնը չի յարմարիր ձեզի, տակաւին կրնաք բարելաւուիլ։ Ի՞նչպէս։ Նկատի առնենք թէ դասախօս մը ինչո՛ւ ջղագրգիռ կ’ըլլայ եւ հաւասարակշռութեան պակաս կ’ունենայ։ Պատճառը կրնայ ֆիզիքական ըլլալ։
Երբ դժուար կացութեան մը դիմաց գտնուիք եւ ուզէք լաւը ընել, բայց վստահ չըլլաք որ պիտի կարենաք ընել, անձկութիւն մը կը պատէ ձեզ։ Որպէս հետեւանք, ուղեղը ազդանշան կը ղրկէ մարմինին, որպէսզի յաւելեալ էտրինէլին արտադրէ։ Այս նիւթին յաւելեալ հոսքը կրնայ պատճառ ըլլալ որ սիրտը աւելի արագ տրոփէ, շնչառութեան արագութիւնը փոխուի, քրտինքը աւելնայ, կամ նոյնիսկ ձեռքերն ու ոտքերը կթոտին եւ ձայնը դողայ։ Ձեր մարմինը կը ջանայ օգնութեան հասնիլ ձեզի, որպէսզի ձեր կացութեան հետ գլուխ ելլէք, ձեր ուժի մակարդակը բարձրացնելով։ Բայց խնդիրը՝ ուժի այս հոսքը օգտակար մտածելակերպի եւ խանդավառօրէն խօսելու համար գործածելու մէջ կը կայանայ։
Ի՛նչպէս Նուազեցնել Մտավախութիւնը։ Մի՛ մոռնաք որ քիչ մը մտավախութիւն ունենալը բնական է։ Սակայն, հաւասարակշռութիւն պահելու համար, պէտք է կարենաք ձեր մտավախութիւնը նուազեցնել եւ ձեր կացութիւնը հանդարտ ու արժանավայել կերպով ձեռք առնել։ Ասիկա ի՞նչպէս կրնաք իրագործել։
Լաւ պատրաստուեցէք։ Ձեր դասախօսութիւնը պատրաստելու համար ժամանակ յատկացուցէք։ Վստահ եղէք որ յստակօրէն հասկցած էք ձեր նիւթը։ Եթէ ձեր դասախօսութիւնը այնպէս է որ շօշափուելիք կէտերը դո՛ւք պիտի ընտրէք, նկատի ունեցէք այդ նիւթին մասին ձեր ունկնդիրներուն արդէն ունեցած տեղեկութիւնը, եւ թէ՝ ի՛նչ կ’ուզէք իրագործել։ Ասիկա պիտի օգնէ որ ընտրէք ամենէն օգտակար կէտերը։ Եթէ սկիզբը ասիկա դժուար թուի, փորձառու դասախօսի մը հետ այս մասին խօսեցէք։ Ան կրնայ օգնել որ ձեր նիւթը՝ եւ ունկնդիրները՝ գործնական կերպով վերլուծէք։ Երբ վստահ ըլլաք որ ունկնդիրները ձեր նիւթէն իրապէս պիտի օգտուին, եւ անիկա ձեր մտքին մէջ յստակ ըլլայ, զայն բաժնելու ձեր ցանկութիւնը պիտի սկսի նուազեցնել դասախօսութիւնը ներկայացնելու նկատմամբ ձեր հաւանական մտավախութիւնը։
Մասնաւոր կարեւորութիւն տուէք ձեր բացումին։ Գիտցէք թէ ի՛նչպէս պիտի սկսիք։ Անգամ մը որ ձեր դասախօսութեան հունին մէջ մտնէք, ձեր ջղագրգռութիւնը պիտի անհետանայ։
Նոյն հիմնական քայլերը կը կիրարկուին դաշտի ծառայութեան պատրաստուելու համար։ Ո՛չ միայն ձեր խօսելիք նիւթը նկատի ունեցէք, այլ նաեւ՝ թէ ի՛նչպիսի անհատներու պիտի վկայէք։ Ուշադիր կերպով ձեր բացումը ծրագրեցէք։ Հասուն հրատարակիչներու փորձառութենէն օգտուեցէք։
Թերեւս խորհիք որ աւելի հաւասարակշիռ պիտի ըլլաք, եթէ խումբի մը դիմաց ձեր դասախօսութիւնը ընթերցանութեամբ ներկայացնէք։ Իրականութեան մէջ, ասիկա կրնայ յաւելեալ մտավախութիւն պատճառել ամէն անգամ որ դասախօսութիւն մը կը ներկայացնէք։ Ճիշդ է որ կարգ մը դասախօսներ շատ երկար նոթեր կը գործածեն, իսկ ուրիշներ՝ կարճ նոթեր։ Բայց ձեր մտածմունքին կեդրոնացումը եւ ձեր մտավախութիւնը փոխողը ո՛չ թէ թուղթին վրայի բառերը պիտի ըլլան, հապա՝ ձեր սրտին մէջի այն համոզումը թէ ի՛նչ որ պատրաստած էք՝ ձեր ունկնդիրներուն համար իրապէս արժէքաւոր է։
Ձեր դասախօսութիւնը բարձրաձայն փորձ ըրէք։ Այսպիսի փորձ մը ձեզի վստահութիւն պիտի տայ թէ ձեր միտքը կրնաք խօսքերու վերածել։ Մինչ փորձ կ’ընէք, ձեր յիշողութիւնը կը մշակէք, որ կրնայ անմիջապէս գործի լծուիլ, մինչ ձեր դասախօսութիւնը կը ներկայացնէք։ Ձեր փորձերը իրապաշտ թող ըլլան։ Մտապատկերացուցէք ձեր ունկնդիրները։ Սեղանի մը շուրջ նստեցէք, կամ ոտքի կայնեցէք, ճիշդ ինչպէս որ պիտի ընէք, դասախօսութիւնը տալու ատեն։
Օգնութեան համար Եհովայի աղօթեցէք։ Եհովան պիտի պատասխանէ՞ այսպիսի աղօթքի մը։ «Մենք համարձակութիւնը ունինք անոր քով, քանզի գիտենք թէ ինչ որ խնդրելու ըլլանք իր կամքին համեմատ, պիտի լսէ մեզի»։ (Ա. Յովհ. 5։14) Եթէ կը փափաքիք Աստուած պատուել եւ մարդոց օգնել որ իր Խօսքէն օգտուին, ան վստահաբար պիտի պատասխանէ ձեր աղօթքին։ Այդ վստահութիւնը մեծապէս կը նպաստէ որ ձեր նշանակումը կատարելու համար զօրացած զգաք։ Ասկէ զատ, մինչ հոգիին պտուղները կը մշակէք՝ սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, հեզութիւն եւ ժուժկալութիւն, ձեր կացութիւնը հաւասարակշռութեամբ ձեռք առնելու համար հարկ եղած մտավիճակը պիտի զարգացնէք։—Գաղ. 5։22, 23
Փորձառութիւն ձեռք ձգեցէք։ Որքան շատ մասնակցիք դաշտի ծառայութեան, այդքան նուազ ջղագրգիռ պիտի ըլլաք։ Որքան շատ պատասխաններ տաք ժողովքի հանդիպումներուն, այդքան աւելի դիւրին պիտի ըլլայ ուրիշներու դիմաց խօսիլ։ Երբ ժողովքին մէջ սկսիք աւելի յաճախ դասախօսութիւններ տալ, իւրաքանչիւր դասախօսութենէն առաջ ձեր զգացած ջղագրգռութիւնը աստիճանաբար պիտի նուազի։ Կ’ուզէ՞ք խօսելու աւելի շատ պատեհութիւններ ունենալ։ Ուրեմն, դպրոցին մէջ իրենց նշանակումները ներկայացնելու կարող չեղողները փոխարինելու պատրաստակամ եղէք։
Վերոյիշեալ քայլերը առնելէ ետք, ձեզի համար օգտակար պիտի ըլլայ քննել որոշ կերպով հանդարտութեան պակաս ցոյց տուող ախտանշանները։ Այդ ախտանշանները բնորոշելը եւ անոնց հետ գլուխ ելլելու կերպերը գիտնալը պիտի օգնեն որ հաւասարակշիռ կերպով խօսիք։ Ախտանշանները կրնան ֆիզիքական կամ ձայնային ըլլալ։
Ֆիզիքական Ախտանշաններ։ Ձեր հաւասարակշիռ ըլլալը կամ չըլլալը ցոյց կը տրուի ձեր ֆիզիքական վերաբերմունքէն եւ ձեր ձեռքերը գործածելու կերպէն։ Նախ նկատի առնենք ձեռքերը։ Ձեռքերը ետեւ դրուած, անթեքօրէն երկու կողմերը կախուած, կամ զօրաւոր կերպով դասախօսի գրակալը բռնած. ձեռքեր՝ որոնք անդադար գրպան կը մտնեն կ’ելլեն, բաճկոնը կը կոճկեն ու կը քակեն, անիմաստօրէն այտերուն, քթին, ակնոցներուն կը տարուին. ձեռքեր՝ որոնք ժամացոյցին, մատիտին, մատանիին կամ նոթերուն հետ կը խաղան. ձեռքի շարժուձեւեր, որոնք կիսկատար են, առանց ամբողջացուելու. այս բոլորը հաւասարակշռութեան պակաս կը նշեն։
Ոտքերը անդադար գետինը քսել, մարմինը մէկ կողմէն միւսը ճօճել, չափազանց անճկուն մարմնի կեցուածք մը պահել, ուսերը կախ ինկած, անդադար շրթունքը թրջել, յաճախակի լորձունքը կլլել, եւ արագ ու կարճ շունչ առնելն ալ վստահութեան պակաս ցոյց կրնան տալ։
Գիտակից ջանքով, ջղագրգռութեան այս յայտնաբերումները կրնան հակակշռուիլ։ Ամէն անգամ մէկ կէտի վրայ աշխատեցէք։ Նախ ձեր տկարութիւնը գիտցէք եւ նախապէս նկատի առէք թէ ի՛նչ պէտք է ընէք, անոր առաջքը առնելու համար։ Եթէ այդ ջանքը թափէք, ձեր ֆիզիքական վերաբերմունքով, հաւասարակշռութիւն պիտի ապացուցանէք։
Ձայնային Ախտանշաններ։ Ձայնի մէջ ջղագրգռութեան ապացոյցը կրնայ յայտնուիլ ձայնաստիճանի անբնական բարձրացումով կամ դողացող ձայնով։ Թերեւս անդադար ձեր կոկորդը կը մաքրէք, կամ շատ արագ կը խօսիք։ Այս խնդիրներն ու շարժուձեւերը կրնան յաղթահարուիլ ձայնը հակակշռելու անխոնջ ջանքով։
Եթէ ջղագրգիռ կը զգաք, բեմ բարձրանալէ առաջ քանի մը անգամ խորունկ շունչ առէք։ Ջանացէք ձեր ամբողջ մարմինը թուլցնել։ Փոխանակ ձեր ջղագրգռութեան մասին խորհելու, մտածեցէք թէ ձեր պատրաստած բաները ինչո՛ւ կ’ուզէք ունկնդիրներուն հետ բաժնել։ Խօսելու սկսելէ առաջ, պահ մը ձեր ունկնդիրներուն վրայ ակնարկ մը նետեցէք, բարեկամական դէմք մը գտէք ու անոր ժպտացէք։ Նիւթը սկսելու ժամանակ դանդաղ խօսեցէք, ապա ձեր դասախօսութեամբ տարուեցէք։
Ի՛նչ Ակնկալել։ Մի՛ ակնկալէք որ ջղագրգռութեան ամէն զգացում պիտի անհետանայ։ Բեմի վրայ տարիներու փորձառութիւն ունեցող շատ մը դասախօսներ, ունկնդիրներու դիմաց բեմ բարձրանալէ առաջ ջղագրգիռ կ’ըլլան։ Սակայն անոնք սորված են իրենց ջղագրգռութիւնը հակակշռի տակ առնել։
Եթէ ջղագրգռութեան դրսեւորումը ձեր մէջէն վանելու անկեղծ ջանք մը թափէք, ձեր ունկնդիրները ձեզ պիտի նկատեն որպէս հաւասարակշիռ դասախօս մը։ Թերեւս տակաւին ջղագրգռուած կը զգաք, բայց իրենք չեն անդրադառնար անոր։
Յիշեցէք որ էտրինէլինի հոսքը, որ ջղագրգռութեան ախտանշաններ կու տայ, նաեւ յաւելեալ ոյժ կ’արտադրէ։ Զայն գործածեցէք՝ զգացումով խօսելու համար։
Հարկ չկայ սպասելու որ բեմ բարձրանաք այս բոլոր ըսուածները գործադրելու համար։ Ձեր առօրեայ կեանքին մէջ սորվեցէք չափաւոր ու հաւասարակշիռ ըլլալ, ու պատշաճ զգացումով խօսիլ։ Այսպէս ընելը մեծապէս պիտի նպաստէ որ վստահութիւն շահիք բեմին վրայ ու դաշտի ծառայութեան մէջ, ուր շատ կարեւոր է։