Եհովայի կամքը պիտի կատարե՞ս
Շնորհակալ ենք որ ժամանակ տրամադրեցիր այս գրքոյկը քննելու, որպէսզի Եհովայի վկաներուն ծանօթանաս, մեր գործունէութիւններուն մասին տեղեկանաս եւ տեսնես թէ մեր կազմակերպութիւնը ինչպէ՛ս կը գործէ։ Կը յուսանք որ այս գրքոյկը քեզի օգնեց մեզ բնորոշելու որպէս այն խումբը, որ ներկայիս Եհովայի կամքը կը կատարէ։ Կը քաջալերենք քեզ որ շարունակես Աստուծոյ մասին գիտութիւն ստանալ, սորվածներդ պատմես ընտանիքիդ ու բարեկամներուդ, եւ կանոնաւորաբար մեզի հետ ընկերակցիս՝ մեր քրիստոնէական ժողովներուն ներկայ գտնուելով (Եբրայեցիս 10։23-25)։
Պիտի նկատես թէ որքան աւելի Եհովայի մասին սորվիս, այնքան աւելի պիտի կարենաս տեսնել թէ ան որքա՜ն քեզ կը սիրէ։ Ասիկա քեզ պիտի մղէ որ ամէն կարելիդ ընես՝ իրեն հանդէպ սէրդ ցուցաբերելու համար (Ա. Յովհաննէս 4։8-10, 19)։ Սակայն այս փափաքդ ինչպէ՞ս կրնաս ապրելակերպովդ ցոյց տալ։ Աստուծոյ բարոյական չափանիշներուն հնազանդիլը ինչո՞ւ օգտիդ համար է։ Եւ ի՞նչ բան քեզի պիտի օգնէ որ ուզես մեզի հետ Աստուծոյ կամքը կատարել։ Աստուածաշունչի ուսուցիչդ ուրախ պիտի ըլլայ այս հարցումներուն պատասխանները քեզի հետ նկատի առնելու, այնպէս որ դուն ե՛ւ ընտանիքդ կարենաք ‘անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահել, յաւիտենական կեանքի համար’ (Յուդա 21)։
Ջերմօրէն քեզ կը քաջալերենք որ շարունակես ճշմարտութեան ճամբուն մէջ յառաջդիմել, ուսումնասիրելով «Անձերնիդ Աստուծոյ սիրոյն մէջ պահեցէք» գիրքը։