ԴԱՍ 73
Իսկական ընկերը ո՞վ է
ԻՆՉՊԷ՞Ս ԺԱՌԱՆԳԵԼ ՅԱՒԻՏԵՆԱԿԱՆ ԿԵԱՆՔԸ
ԲԱՐԻ ՍԱՄԱՐԱՑԻՆ
Մինչ Յիսուս դեռ Երուսաղէմին մօտերն է, շատ մը հրեաներ իրեն կը մօտենան։ Ոմանք կ’ուզեն իրմէ սորվիլ, իսկ ուրիշներ կ’ուզեն զինք փորձել։ Անոնցմէ մէկը, որ լաւատեղեակ է Օրէնքէն, Յիսուսին կը հարցնէ. «Վա՛րդապետ, ի՞նչ ընեմ որ յաւիտենական կեանքը ժառանգեմ» (Ղուկաս 10։25)։
Յիսուս կը հասկնայ, որ մարդը այդ հարցումը չի հարցներ պարզապէս տեղեկութիւն առնելու համար։ Կրնայ ըլլալ որ ան կը փորձէ Յիսուսը մղել որ անանկ մէկ պատասխան տայ, որ հրեաներուն համար վիրաւորական պիտի ըլլայ։ Յիսուս կ’անդրադառնայ որ այս մարդը արդէն որոշ տեսակէտ ունի այս հարցին նկատմամբ։ Անոր համար, իմաստուն պատասխան կու տայ, որ մարդը իր մտքին մէջինը դուրս հանէ։
Յիսուս կը հարցնէ. «Օրէնքին մէջ ի՞նչ գրուած է, ի՞նչպէս կը կարդաս»։ Այս մարդը Աստուծոյ Օրէնքը սորված է, անոր համար իր պատասխանը ատոր վրայ կը հիմնէ։ Ան կը մէջբերէ Բ. Օրինաց 6։5–ը եւ Ղեւտացւոց 19։18–ը, ըսելով. «Քու Տէր Աստուածդ սիրես քու բոլոր սրտովդ ու քու բոլոր անձովդ եւ քու բոլոր զօրութիւնովդ ու քու բոլոր մտքովդ եւ քու ընկերդ՝ քու անձիդ պէս» (Ղուկաս 10։26, 27)։ Արդեօք ասիկա՞ է մարդուն հարցումին պատասխանը։
Յիսուս մարդուն կ’ըսէ. «Շիտակ պատասխան տուիր, ատիկա ըրէ ու պիտի ապրիս»։ Բայց անոնց խօսակցութիւնը հոս չի վերջանար։ Այս մարդը չ’ուզեր պարզապէս հարցումին պատասխանը առնել, հապա կ’ուզէ «ինքզինք արդարացնել»։ Այսինքն, ան կ’ուզէ որ Յիսուս հաստատէ թէ իր տեսակէտը ճիշդ է եւ թէ ուրիշներուն հետ իր վարուած կերպը արդարացի է։ Անոր համար կը հարցնէ. «Բայց իմ ընկերս ո՞վ է» (Ղուկաս 10։28, 29)։ Այդ պարզ թուող հարցումը խոր իմաստ ունի, իսկ պատասխանն ալ՝ մեծ ազդեցութիւն։ Ինչպէ՞ս։
Հրեաները կը հաւատան որ «ընկեր» բառը միայն կ’ակնարկէ անոնց՝ որոնք հրէական սովորութիւնները կը պահեն, եւ կրնայ ըլլալ որ այնպէս կ’երեւի, թէ Ղեւտացւոց 19։18–ը այդ գաղափարին թիկունք կը կանգնի։ Իրականութեան մէջ, հրեայ մը թերեւս նոյնիսկ սեպէ, որ «օրինաւոր բան չէ» հրեայ չեղողի հետ ընկերակցիլ (Գործք 10։28)։ Ուրեմն, այս մարդը եւ հաւանաբար Յիսուսի կարգ մը աշակերտները կը կարծեն որ եթէ հրեայի մը հետ ազնուութեամբ վարուին, արդար են, իսկ հրեայ չեղողին հետ կրնան անազնիւ կերպով վարուիլ, քանի որ «ընկեր» չէ։
Յիսուս ինչպէ՞ս կրնայ սրբագրել այս տեսակէտը, առանց այս մարդը եւ ուրիշ հրեաներ վիրաւորելու։ Ան պատմութիւն մը կը պատմէ. «Մարդ մը Երուսաղէմէն Երիքով կ’իջնէր ու աւազակներու ձեռք ինկաւ, որոնք մերկացուցին զանիկա ու վիրաւորելով կիսամեռ թողուցին ու գացին»։ Յիսուս կը շարունակէ. «Պատահեցաւ որ քահանայ մը այն ճամբայէն իջնէ ու զանիկա տեսնելով անդիի կողմէն անցաւ։ Նոյնպէս Ղեւտացի մըն ալ այնտեղ հասնելով՝ գնաց ու տեսաւ եւ անդիի կողմէն անցաւ։ Բայց Սամարացի մը, որ ճամբորդութիւն կ’ընէր, եկաւ անոր քով ու զանիկա տեսնելով խղճաց» (Ղուկաս 10։30-33)։
Յիսուսին հարցում հարցնող մարդը վստահաբար գիտէ, որ շատ մը քահանաներ եւ տաճարին մէջ ծառայող ղեւտացիներ Երիքովի մէջ կ’ապրին։ Տաճարէն տուն վերադառնալու համար, անոնք պէտք է իջնեն ճամբայէ մը, որ մօտ 23 քմ. է։ Այդ ճամբան վտանգաւոր է, քանի որ կարելի է հանդիպիլ աւազակներու։ Եթէ քահանայ մը եւ ղեւտացի մը տեսնեն հրեայ մը վիրաւոր ու խեղճուկրակ վիճակի մէջ, պէտք չէ՞ անոր օգնեն։ Յիսուսին պատմած պատմութեան մէջ, անոնք այդպէս չեն վարուիր։ Այդ վիրաւոր հրեային կ’օգնէ սամարացի մը. մինչ հրեաները կ’անարգեն սամարացիները (Յովհաննէս 8։48)։
Սամարացին ինչպէ՞ս օգնեց վիրաւոր հրեային։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մօտեցաւ, անոր վէրքերը փաթթեց, վրան ձէթ եւ գինի թափելով ու իր գրաստին վրայ դնելով՝ տարաւ զանիկա պանդոկ մը եւ անոր հոգ տարաւ։ Հետեւեալ օրը, երբ կ’ելլէր անկէ, երկու դահեկան հանեց՝ պանդոկապետին տուաւ եւ անոր ըսաւ. ‘Հոգ տար ատոր ու ինչ որ աւելի ծախք ընես, ետ դառնալուս ես քեզի կը վճարեմ’» (Ղուկաս 10։34, 35)։
Այս պատմութիւնը պատմելէ ետք, Հմուտ Ուսուցիչը՝ Յիսուս, միտք գրգռող հարցում մը կը հարցնէ մարդուն. «Այն երեքէն ո՞րը ընկեր կ’երեւնայ աւազակներուն ձեռքը ինկողին»։ Կրնայ ըլլալ որ այդ մարդը չ’ուզեր ըսել՝ «սամարացին» բառը. փոխարէն կ’ըսէ. «Ա՛ն, որ ողորմութիւն ըրաւ»։ Ետքը Յիսուս յստակ կերպով ցոյց կու տայ որ ի՛նչ դաս կ’ուզէ սորվեցնել, երբ կ’ըսէ. «Գնա՛, դուն ալ այնպէս ըրէ» (Ղուկաս 10։36, 37)։
Յիսուս դաս սորվեցնելու ի՜նչ հոյակապ մեթոտ ունի։ Եթէ պարզապէս ըսէր այդ մարդուն, որ հրեայ չեղողներն ալ իր ընկերներն են, արդեօք ան եւ միւս հրեաները այդ խօսքը պիտի ընդունէի՞ն։ Հաւանաբար ոչ։ Փոխարէն Յիսուս պարզ պատմութիւն մը պատմեց եւ անոր մէջ գործածեց մանրամասնութիւններ, որոնք իրեն մտիկ ընողներուն ծանօթ էին։ Այսպիսով, «Իմ ընկերս ո՞վ է» հարցումին պատասխանը յստակ դարձուց։ Իսկական ընկերը ան է, որ սէր եւ ազնուութիւն կը ցուցաբերէ. բան մը, որ Սուրբ Գիրքը մեզի կը պատուիրէ որ ընենք։