ԴԱՍ 91
Ղազարոս յարութիւն կ’առնէ
ՂԱԶԱՐՈՍԻՆ ՅԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
ՍԵՆԵՏՐԻՈՆԸ ԿԸ ԾՐԱԳՐԷ ՅԻՍՈՒՍԸ ՍՊԱՆՆԵԼ
Բեթանիայի մօտ, Մարթային եւ ապա Մարիամին հետ տեսնուելէ ետք, Յիսուս անոնց հետ կ’երթայ Ղազարոսին գերեզմանը։ Ատիկա քարայր մըն է, որուն մուտքը քար մը կը ծածկէ։ Յիսուս կ’ըսէ. «Մէկդի՛ ըրէք այս քարը»։ Չհասկնալով որ Յիսուս ի՛նչ պիտի ընէ, Մարթան իր մտահոգութիւնը կը յայտնէ՝ ըսելով. «Տէ՛ր, արդէն հոտած պիտի ըլլայ, վասն զի չորս օրուան է»։ Բայց Յիսուս կ’ըսէ. «Քեզի չըսի՞, եթէ հաւատաս՝ Աստուծոյ փառքը պիտի տեսնես» (Յովհաննէս 11։39, 40)։
Քարը մէկ կողմ կը դնեն։ Յիսուս իր աչքերը դէպի երկինք կը բարձրացնէ եւ կ’աղօթէ. «Հա՛յր, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ինծի լսեցիր։ Ես գիտէի թէ ամէն ատեն ինծի կը լսես. բայց այս բոլորտիքս կայնող ժողովուրդին համար ըսի, որպէս զի հաւատան թէ դուն ղրկեցիր զիս»։ Մարդոց առջեւ աղօթելով, Յիսուս ցոյց կու տայ որ այն ինչ որ ընելու վրայ է, Աստուծոյ զօրութեամբ է։ Ետքը ան բարձրաձայն կ’ըսէ. «Ղա՛զարոս, դուրս եկուր»։ Եւ Ղազարոս դուրս կու գայ՝ իր ձեռքերն ու ոտքերը ճերմակ սաւանով կապուած, իսկ դէմքը կտորով ծածկուած։ Յիսուս կ’ըսէ. «Արձակեցէ՛ք ատիկա ու թողէ՛ք որ երթայ» (Յովհաննէս 11։41-44)։
Շատեր, որոնք եկած են Մարիամն ու Մարթան մխիթարելու, այս հրաշքը կը տեսնեն եւ Յիսուսին կը հաւատան։ Իսկ ուրիշներ փարիսեցիներուն կ’երթան եւ Յիսուսին ըրածը կը պատմեն։ Փարիսեցիներն ու քահանայապետները կը կարգադրեն որ հրէական բարձրագոյն ատեանը՝ Սենետրիոնը, ժողով գումարէ։ Սենետրիոնի անդամներէն մէկն է՝ Կայիափա քահանայապետը։ Ատեանի անդամներէն ոմանք կ’ըսեն. «Ի՞նչ ընենք, քանզի այս մարդը շատ հրաշքներ կ’ընէ։ Եթէ զանիկա այսպէս թողունք, ամէնքն ալ անոր պիտի հաւատան եւ Հռովմայեցիք պիտի գան ու կործանեն մեր սուրբ տեղն ու ազգը» (Յովհաննէս 11։47, 48)։ Հակառակ անոր որ անոնք ականատեսներէ լսած են, որ Յիսուս «շատ հրաշքներ կ’ընէ», չեն ուրախանար Աստուծոյ ըրածով անոր միջոցաւ։ Անոնց գլխաւոր մտահոգութիւնը իրենց դիրքն ու հեղինակութիւնն է։
Ղազարոսին յարութիւնը զօրաւոր հարուած է սադուկեցիներուն, որոնք յարութեան չեն հաւատար։ Կայիափան, որ սադուկեցի է, կ’ըսէ. «Դուք բան մը չէ՛ք գիտեր, չէ՛ք ալ խորհիր թէ աղէկ է մեզի՝ որ մարդ մը ժողովուրդին համար մեռնի ու բոլոր ազգը չկորսուի» (Յովհաննէս 11։49, 50. Գործք 5։17. 23։8)։
Իրականութեան մէջ Աստուած պատճառ կը դառնայ որ Կայիափան այդ խօսքը ըսէ, քանի որ որպէս քահանայապետ կը ծառայէ։ Ան այդ խօսքը «ինքնիրմէ» չ’ըսեր։ Կայիափան կ’ուզէ որ Յիսուս սպաննուի, քանի որ կը վախնայ որ ժողովուրդը այլեւս պիտի չհետեւին հրեայ կրօնական առաջնորդներուն։ Բայց Կայիափային մարգարէական խօսքերը ցոյց կու տան, որ Յիսուս իր մահով փրկանք պիտի տայ ոչ միայն հրեաներուն համար, հապա նաեւ «Աստուծոյ ցիրուցան եղած որդիներ»ուն համար (Յովհաննէս 11։51, 52)։
Ան կը յաջողի Սենետրիոնի անդամները դրդել, որ ծրագրեն Յիսուսը սպաննել։ Կրնա՞յ ըլլալ որ Նիկոդէմոս, որ Սենետրիոնի անդամ է եւ Յիսուսին դէմ չէ, անոր պատմեց այս ծրագրին մասին։ Ինչ որ ալ ըլլայ պարագան, Յիսուս Երուսաղէմի շրջանէն կը հեռանայ, որպէսզի Աստուծոյ նշանակած ժամանակէն առաջ չմահանայ։