ԴԱՍ 94
Կարեւոր է աղօթել եւ խոնարհ ըլլալ
ՈՐԲԵՒԱՅՐԻԻՆ ԵՒ ԴԱՏԱՒՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
ՓԱՐԻՍԵՑԻԻՆ ԵՒ ՄԱՔՍԱՒՈՐԻՆ ԱՌԱԿԸ
Յիսուս արդէն իսկ իր աշակերտներուն պատմած է աղօթքի մէջ հաստատ կենալու կամ յարատեւելու մասին առակ մը (Ղուկաս 11։5-13)։ Ան թերեւս Սամարիայի կամ Գալիլիայի մէջ է եւ նորէն կը շեշտէ աղօթքի մէջ յարատեւելու գաղափարը՝ այս առակը պատմելով.
«Դատաւոր մը կար քաղաքի մը մէջ, որ Աստուծմէ չէր վախնար ու մարդէ չէր ամչնար։ Եւ նոյն քաղաքին մէջ որբեւայրի մըն ալ կար, որ անոր կու գար ու կ’ըսէր. ‘Իրաւունք ըրէ ինծի ու ազատէ զիս իմ ոսոխէս’։ Ժամանակ մը դատաւորը չէր ուզեր անոր մտիկ ընել. բայց ետքը ըսաւ իր մտքին մէջ. ‘Թէեւ Աստուծմէ չեմ վախնար ու մարդէ չեմ ամչնար, գոնէ այս որբեւայրիին՝ զիս ձանձրացնելուն համար՝ իրեն իրաւունք ընեմ, որպէս զի չգայ ամէն ատեն ինծի թախանձէ’» (Ղուկաս 18։2-5)։
Ետքը Յիսուս կ’ըսէ թէ ի՛նչ կ’ուզէ սորվեցնել այս առակով. «Լսեցէ՛ք, անիրաւ դատաւորը ի՞նչ կ’ըսէ։ Հապա Աստուած իր ընտրեալներուն իրաւունք պիտի չընէ՞, որոնք ցորեկ ու գիշեր իրեն կ’աղաղակեն, թէեւ երկայնամիտ ալ ըլլայ» (Ղուկաս 18։6, 7)։ Ուրեմն Յիսուս ի՞նչ գաղափար կ’ուզէ հասցնել իր Հօր մասին։
Յիսուս վստահաբար ըսել չ’ուզեր որ Եհովա Աստուած առումով մը կը նմանի անարդար դատաւորին։ Ան պարզապէս համեմատութիւն կ’ընէ, ըսելով որ եթէ նոյնիսկ անարդար դատաւորը յարատեւ խնդրանքներու ականջ կու տայ, ալ ուր մնաց Աստուած։ Ան արդար ու բարի է եւ անկասկած պիտի պատասխանէ, եթէ իր ծառաները աղօթքի մէջ կը յարատեւեն։ Ասիկա կրնանք տեսնել Յիսուսի յաջորդ խօսքերէն. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ [Աստուած] շուտով անոնց իրաւունք պիտի ընէ» (Ղուկաս 18։8)։
Շատ անգամ խեղճերն ու աղքատները անարդարութեան զոհ կ’երթան, իսկ հեղինակաւոր ու հարուստ մարդիկը յատուկ պատիւի կ’արժանանան։ Բայց Աստուած բնաւ անարդար չէ։ Երբ իր նշանակած ժամանակը գայ, վստահ պիտի ըլլայ որ չարերը պատժուին, իսկ իր ծառաները յաւիտենական կեանք ստանան։
Որո՞նք որբեւայրիին պէս հաւատք ունին։ Քանի՞ հոգի իսկապէս կը հաւատայ, որ Աստուած «շուտով. . . իրաւունք պիտի ընէ»։ Յիսուս իր այս առակով ցոյց տուաւ, որ շատ կարեւոր է աղօթքի մէջ յարատեւել։ Իսկ հիմա, խօսելով աղօթքի զօրութեան հաւատալու մասին, ան կը հարցնէ. «Որդին մարդոյ երբ գայ, արդեօք հաւատք պիտի գտնէ՞ երկրի վրայ» (Ղուկաս 18։8)։ Այնպէս կ’երեւի որ երբ ինք գայ, քիչեր այդպիսի հաւատք պիտի ունենան։
Յիսուսին մտիկ ընողներէն ոմանք համոզուած են, որ իրենք զօրաւոր հաւատք ունին։ Անոնք վստահ են որ արդար են եւ ցած աչքով կը նային ուրիշներուն։ Յիսուս այսպիսիներու համար առակ մը կը պատմէ.
«Երկու մարդ գացին տաճարը՝ աղօթք ընելու։ Մէկը փարիսեցի ու միւսը՝ մաքսաւոր։ Փարիսեցին կայներ էր ու առանձին այսպէս աղօթք կ’ընէր. ‘Ով Աստուած, շնորհակալ եմ քեզմէ, որ ուրիշ մարդոց պէս չեմ, յափշտակող, անիրաւ, շնացող եւ կամ այս մաքսաւորին պէս, հապա շաբաթը երկու անգամ ծոմ կը պահեմ ու բոլոր ստացուածքիս տասանորդը կու տամ’» (Ղուկաս 18։10-12)։
Փարիսեցիները ճանչցուած են որ կը սիրեն իրենց ինքնարդարութիւնը ցուցադրել։ Անոնք այսպէս կ’ընեն ուրիշները տպաւորելու համար։ Անոնք սովորութիւն դարձուցած են երկուշաբթի եւ հինգշաբթի օրերը ծոմ պահել, քանի որ այդ օրերուն մեծ շուկաներուն մէջ շատ մարդ կ’ըլլայ եւ շատեր կրնան զիրենք տեսնել։ Ասկէ զատ, անոնք այն աստիճան ծայրայեղ են որ նոյնիսկ փոքր բոյսերուն տասանորդը կը վճարեն (Ղուկաս 11։42) Քանի մը ամիս առաջ, անոնք պարզ ժողովուրդին հանդէպ իրենց արհամարհանքը դրսեւորելով, ըսած էին. «Այս ռամիկ ժողովուրդը՝ որ օրէնքը [Օրէնքին վերաբերեալ փարիսեցիներուն տուած մեկնաբանութիւնները] չեն գիտեր, նզովուած են» (Յովհաննէս 7։49)։
Յիսուս իր առակը կը շարունակէ՝ ըսելով. «Իսկ մաքսաւորը հեռուն կայներ էր ու չէր ուզեր աչքն ալ երկինք վերցնել, հապա իր կուրծքը ծեծելով կ’ըսէր. ‘Ա՛ստուած, ողորմէ ինծի՝ մեղաւորիս’»։ Այո, մաքսաւորը խոնարհաբար կ’ընդունի իր սխալները։ Յիսուս կ’եզրափակէ. «Ձեզի կ’ըսեմ թէ ասիկա այն միւսէն աւելի արդարացած իր տունը գնաց, վասն զի ով որ իր անձը կը բարձրացնէ՝ պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը կը խոնարհեցնէ՝ պիտի բարձրանայ» (Ղուկաս 18։13, 14)։
Այսպիսով Յիսուս կը յստակացնէ խոնարհ ըլլալու կարեւորութիւնը։ Ասիկա շատ օգտակար դաս է իր աշակերտներուն համար, որոնք մեծցած են շրջանակի մը մէջ, ուր փարիսեցիները մեծ կարեւորութիւն կու տան դիրքի եւ հեղինակութեան։ Ասիկա նաեւ կարեւոր դաս է Յիսուսի բոլոր հետեւորդներուն համար։