ԴԱՍ 109
Յիսուս իր հակառակորդները կը դատապարտէ
ՄԱՏԹԷՈՍ 22։41–23։24 ՄԱՐԿՈՍ 12։35-40 ՂՈՒԿԱՍ 20։41-47
ՔՐԻՍՏՈՍԸ ՈՐՈ՞ՒՆ ՈՐԴԻՆ Է
ՅԻՍՈՒՍ ԿԸ ՔՕՂԱԶԵՐԾԷ ԿԵՂԾԱՒՈՐ ՀԱԿԱՌԱԿՈՐԴՆԵՐԸ
Կրօնական հակառակորդներուն թափած բոլոր ջանքերը կը ձախողին։ Անոնք չեն կրնար Յիսուսին համբաւը աւրել, ոչ ալ կը կարենան զինք ծուղակը ձգել եւ հռոմայեցիներուն յանձնել (Ղուկաս 20։20)։ Հիմա, մինչ ան դեռ տաճարն է նիսան 11–ին, նախաքայլը կ’առնէ եւ իր ո՛վ ըլլալը կը յայտնէ իր հակառակորդներուն՝ հարցնելով. «Քրիստոսի վրայով ի՞նչ կարծիք ունիք. անիկա որո՞ւն որդին է» (Մատթէոս 22։42)։ Մարդիկ գիտեն որ Քրիստոսը, կամ Մեսիան, Դաւիթին շառաւիղէն պիտի գայ։ Յիսուսին հակառակորդները ճիշդ այդ պատասխանը կու տան (Մատթէոս 9։27. 12։23. Յովհաննէս 7։42)։
Յիսուս կը հարցնէ. «Հապա ի՞նչպէս Դաւիթ Հոգիով զանիկա Տէր կը կոչէ ու կ’ըսէ. ‘Տէրը իմ Տէրոջս ըսաւ, Նստէ իմ աջ կողմս, մինչեւ քու թշնամիներդ ոտքերուդ պատուանդան ընեմ’։ Ուրեմն եթէ Դաւիթ զանիկա Տէր կը կոչէ, ի՞նչպէս անիկա անոր որդին կ’ըլլայ» (Մատթէոս 22։43-45)։
Փարիսեցիները լուռ կը մնան, քանի որ կ’ակնկալեն որ Մեսիան Դաւիթին սերունդէն գայ եւ զիրենք ազատէ հռոմէական լուծէն։ Բայց Սաղմոս 110։1, 2–ին մէջ արձանագրուած Դաւիթին խօսքերը մէջբերելով՝ Յիսուս կը շեշտէ որ Մեսիան պարզապէս մարդկային կառավարիչ չէ։ Ան Դաւիթին Տէրն է, եւ Աստուծոյ աջ կողմը նստելէ ետք իր իշխանութիւնը պիտի բանեցնէ։ Յիսուսին պատասխանը զիրենք կը պապանձեցնէ։
Հիմա, Յիսուս իր խօսքը կ’ուղղէ աշակերտներուն եւ ուրիշներու, որոնք խօսակցութիւնը մտիկ կ’ընէին։ Ան զանոնք կը զգուշացնէ դպիրներէն եւ փարիսեցիներէն։ Այս մարդիկը ‘Մովսէսին աթոռը նստած են’, որպէսզի Աստուծոյ Օրէնքը սորվեցնեն։ Յիսուս իրեն մտիկ ընողներուն կ’ըսէ. «Ինչ որ ձեզի ըսեն որ պահէք, պահեցէք ու ըրէք, բայց անոնց գործերուն պէս մի՛ ընէք, վասն զի կ’ըսեն ու չեն ըներ» (Մատթէոս 23։2, 3)։
Ետքը Յիսուս անոնց կեղծաւորութեան մասին օրինակներ կու տայ՝ ըսելով. «Կը լայնցնեն իրենց գրապանակները»։ Կարգ մը հրեաներ իրենց ճակատին կամ թեւին վրայ կը դնէին փոքր տուփեր, որոնց մէջ կային Օրէնքէն որոշ հատուածներ։ Իսկ փարիսեցիները կը լայնցնեն իրենց գրապանակները, որպէսզի մարդիկը տպաւորեն եւ ցոյց տան որ իրենք Աստուծոյ Օրէնքը կատարելու մէջ նախանձախնդիր են։ Անոնք նաեւ «կ’երկնցնեն իրենց հանդերձներուն քղանցքները»։ Իսրայէլացիներէն պահանջուած էր իրենց հանդերձներուն քղանցքներուն վրայ ծոպեր շինել. բայց փարիսեցիները իրենց ծոպերը բաւարար երկար կ’ընեն (Թուոց 15։38-40)։ Անոնք այդ բոլորը կ’ընեն «մարդոց երեւնալու համար» (Մատթէոս 23։5)։
Նոյնիսկ Յիսուսին աշակերտները կրնան ազդուիլ անոնց երեւելի ըլլալու ոգիէն։ Անոր համար ան անոնց խրատ կու տայ՝ ըսելով. «Դուք Ռաբբի մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը մէկ է, այսինքն Քրիստոս։ Դուք ամէնքդ եղբայր էք։ Ու երկրի վրայ մա՛րդ ձեզի Հայր մի՛ կոչէք, վասն զի ձեր Հայրը մէկ է, որ երկինքն է։ Եւ դուք ուսուցիչներ [«առաջնորդներ», ՆԱ] մի՛ կոչուիք, վասն զի ձեր Ուսուցիչը [«Առաջնորդը», ՆԱ] մէկ է, այսինքն Քրիստոս»։ Լաւ, աշակերտները ի՞նչ տեսակէտ պէտք է ունենան իրենց անձին նկատմամբ եւ ինչպէ՞ս պէտք է վարուին։ Յիսուս կ’ըսէ. «Ձեր մէջէն մեծը ձեր սպասաւորը թող ըլլայ։ Ով որ իր անձը բարձրացնէ, պիտի խոնարհի եւ ով որ իր անձը խոնարհեցնէ, պիտի բարձրանայ» (Մատթէոս 23։8-12)։
Ետքը Յիսուս կեղծաւոր դպիրներուն ու փարիսեցիներուն կ’ըսէ. «Վա՜յ ձեզի, կեղծաւոր դպիրներ ու փարիսեցիներ, որ երկնքի թագաւորութիւնը մարդոց առջեւ կը գոցէք ու դուք չէք մտներ եւ մտնողներն ալ չէք թողուր որ մտնեն» (Մատթէոս 23։13)։
Յիսուս փարիսեցիները կը դատապարտէ, քանի որ հոգեւոր արժանիքներ չունին, ինչպէս որ յստակ կ’երեւնայ իրենց դրած կանոններէն։ Օրինակ, անոնք կ’ըսեն. «Ով որ տաճարին վրայ երդում ընէ, բան մը չէ, բայց ով որ տաճարին մէջի ոսկիին վրայ երդում ընէ, պարտաւոր կ’ըլլայ»։ Այսպիսով, անոնք ցոյց կու տան որ բարոյապէս կոյր են, քանի որ իրենց համար աւելի կարեւոր է տաճարին ոսկին, քան՝ տաճարը,– ուր մարդիկ կրնան Եհովան պաշտել եւ իրեն մօտենալ։ Ասկէ զատ անոնք նաեւ ‘կը ձգեն օրէնքին ծանր ծանր բաները, դատաստանը [«արդարութիւնը», ՆԱ] եւ ողորմութիւնը ու հաւատքը’ (Մատթէոս 23։16, 23. Ղուկաս 11։42)։
Յիսուս փարիսեցիները կը կոչէ ‘կո՛յր առաջնորդներ, որ մժղուկը կը քամեն եւ ո՛ւղտը կը կլլեն’ (Մատթէոս 23։24)։ Անոնք մժղուկը իրենց գինիէն կը հանեն, քանի որ ըստ Օրէնքին՝ ծիսականօրէն անմաքուր է։ Բայց անդին Օրէնքին աւելի ծանր բաները կ’անտեսեն. ինչ որ կը նմանի ուղտ մը կլլելուն, որ մժղուկին պէս անմաքուր է, բայց շատ աւելի մեծ է (Ղեւտացւոց 11։4, 21-24)։