Եհովա օգնութիւն կը հայթայթէ
ՎԵՐՋԵՐՍ, Հարաւային Ափրիկէի Եհովայի Վկաները տեղեկացան որ քարոզչութեան գործը արգելքի տակ եղող մօտակայ երկրի մը իրենց հոգեւոր եղբայրները շատ մեծ նեղութեան մէջ կը գտնուին։ Անոնց տեղեկագրուած էր որ սաստիկ երաշտի պատճառով, եղբայրները որոշ արմատներ ուտելով կը ջանային վերապրիլ։ Նաեւ պատշաճ հագուելիք չունէին, որու պատճառաւ կարգ մը Վկաներ չէին ուզեր դաշտի ծառայութեան մասնակցիլ։
Անմիջապէս, Հարաւային Ափրիկէի եղբայրները գործի լծուեցան։ Ճոհաննէսպուրկ շրջանի ժողովքներուն կոչ ըրին որ հագուելիքի կարիքը կար։ Քանի մը օրուան մէջ, երեք թոն հագուելիք հաւաքուեցաւ։ Ապա անոնք դասաւորուեցան կամաւորներու կողմէ։ Կարգադրութիւններ եղան որ 3 թոն լուբիա, թոն մը իւղ, թոն մը օճառ եւ 17 թոն եգիպտացորենի ճաշ ղրկուի։ Եգիպտացորենի ճաշի ընկերութիւնը երբ լսեց երաշտահար երկրի Վկաներուն դժուար կացութիւնը, այս անհրաժեշտ ուտելիքէն աւելի քան թոն մը նուիրեց։
Երկուշաբթի 16 Ապրիլ 1990–ին, օգնութեան հայթայթումներով լեցուն 25 թոննոց բեռնակառք մը Հարաւային Ափրիկէէն մեկնեցաւ 5,500 քմ. հեռաւորութիւն մը կտրելու։ Սակայն հեղինակութիւններէն արտօնութիւն պէտք էր առնուէր, որպէսզի այդ պարէնը կարենային անցնել պատերազմով պառակտուած երկրին մէջէն։
Հիւպատոսի պաշտօնեաները ըսին որ թէեւ Եհովայի Վկաները ճանչցուած չեն իրենց երկրին մէջ, սակայն շատ լաւ տեղեակ են անոնց ներկայութենէն։ Առարկութիւն մը չըրին այս նպաստը ղրկելու մեր եղբայրներուն եւ արտօնութիւնը շնորհուեցաւ։ Անհրաժեշտ փաստաթուղթերը տրուեցան եւ Ուրբաթ Ապրիլ 20–ին, Վկաները առանց խնդրի սահմանը անցան։ Սակայն, ճամբուն ընթացքին աւելի քան 30 անցքարգելներու հանդիպեցան, ուր գրեթէ ամէն անգամ փաստաթուղթեր պահանջեցին. միայն այն ատեն հասկցան թէ որքան անհրաժեշտ էին այդ փաստաթուղթերը։
Այդ երկրին մէջ 140 քմ. ճամբորդելէ ետք, ողողուած լայն գետ մը կասեցուց իրենց յառաջխաղացքը։ Նախկին կամուրջը փճացած էր, իսկ շինուած ժամանակաւոր կամուրջը, մեծ բեռնակառքերուն համար անյարմար էր։ Սակայն տեսան որ իրենց ընկերակցող աւելի պզտիկ կառքը կրնար ապահովութեամբ անցնիլ ողողուած կամուրջէն։ Որոշեցին երկու մասի բաժնել։ Մէկ մասը ողողուած գետին ափին բանակեցաւ, մինչ միւսը իր ճամբան շարունակեց 260 քմ. աւելի հիւսիսը գտնուող եղբայրներուն հանդիպելու։ Որքա՜ն ուրախացան որ վերջապէս եղբայրներուն հետ շփման մէջ եկան։ Անոնք անդադար կը ժըպտէին, կ’ողջագուրէին եւ կը ձեռնըուէին։ Շուտով տեղական երկու բեռնակառքեր ճամբայ ելան գետին մօտ սպասող եղբայրներուն քով երթալու։ Հոն օգնութեան պարէնը մեծ բեռնակառքէն երկու աւելի փոքր բեռնակառքերու մէջ փոխադրեցին։
Տեղեկագրութիւններ ստացանք որոնք ցոյց կու տան օգնութեան պաշարի Եհովայի հայթայթման համար եղբայրներուն խոր երախտագիտութիւնը։ Սակայն, հակառակ եղբայրներուն ֆիզիքական դժուար կացութեան, հոգեւոր սնունդի նկատմամբ եղբայրներուն աղաղակը աւելի մեծ էր։ Ժողովք մը միայն մէկ Դիտարան ունէր, զոր իւրաքանչիւր ընտանիք ստիպուած էր ընդօրինակել։ Շնորհակալութիւն Եհովայի որ կարգադրութիւններ կ’ըլլան որպէսզի այդ երկրի եղբայրները ապահով կերպով հոգեւոր ճոխ սնունդ ստանան։