Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Հոկտեմբեր 1—Նոյ ըրաւ Աստուծոյ իրեն բոլոր պատուիրածին պէս։—Ծննդոց 6։22, Դիտ. 10/1/90 7, 8բ
Հոկտեմբեր 2—Աստուած կ’ուզէ որ բոլոր մարդիկ փրկուին ու ճշմարտութիւնը ճանչնան։—Ա. Տիմոթէոս 2։4, Դիտ. 3/1/90 14, 15
Հոկտեմբեր 3—Յոյսով ուրախ եղէ՛ք. նեղութեան մէջ համբերեցէ՛ք. ստէպ աղօթքի կեցէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։12, Դիտ. 6/1/90 18, 19գ
Հոկտեմբեր 4—Բայց դո՛ւն, ո՛վ իմ ծառաս Իսրայէլ եւ իմ ընտրեալս Յակո՛բ, իմ [բարեկամիս]՝ Աբրահամին՝ սերունդը։—Եսայեայ 41։8
Հոկտեմբեր 5—Մենք Աստուծոյ առջեւ Քրիստոսին անոյշ հոտն ենք թէ՛ փրկուածներուն մէջ եւ թէ՛ կորսուածներուն։ Ոմանց՝ մահուան հոտ դէպի մահ եւ ոմանց՝ կենդանութեան հոտ՝ դէպի կեանք։—Բ. Կորնթացիս 2։15, 16, Դիտ. 9/1/90 7, 8
Հոկտեմբեր 6—Քու [Մեծ] Ստեղծիչդ երիտասարդութեանդ օրերուն մէջ յիշէ, դեռ թշուառութեան օրերը չեկած ու այն տարիները չհասած, որոնց մէջ պիտի ըսես՝ «Անոնց չեմ հաւնիր»։—Ժողովողի 12։1, Դիտ. 10/1/90 14, 15
Հոկտեմբեր 7—Պոռնկութենէն փախէք։ Ամէն մեղք, որ մարդ կը գործէ, իր մարմնէն դուրս է. բայց ան որ կը պոռնկանայ, իր մարմնին դէմ կը մեղանչէ։—Ա. Կորնթացիս 6։18
Հոկտեմբեր 8—Դուք ձեր հօրմէն Սատանայէն էք ու ձեր հօրը բաղձանքը կ’ուզէք ընել։—Յովհաննու 8։44
Հոկտեմբեր 9—Յայտնի ըլլալով որ դուք Քրիստոսին թուղթն էք մեր սպասաւորութիւնովը, ո՛չ թէ մելանով գրուած, հապա կենդանի Աստուծոյ հոգիովը, ո՛չ թէ քարեղէն տախտակներու վրայ, հապա սրտին մարմնեղէն տախտակներուն վրայ։—Բ. Կորնթացիս 3։3, Դիտ. 9/1/90 15, 17, 18
Հոկտեմբեր 10—Ամէն բանի կարող եմ անով՝ որ զիս զօրացուց։—Փիլիպպեցիս 4։13, Դիտ. 10/1/90 13գ
Հոկտեմբեր 11—Ահա կու գամ ես. գրքի տոմսի մէջ ինծի համար գրուած է։ Ով իմ Աստուածս, քու կամքդ կատարել փափաքեցայ ու քու օրէնքդ իմ ներսիդիս է։—Սաղմոս 40։7, 8, Դիտ. 10/1/90 18, 19
Հոկտեմբեր 12—Տէրը [Եհովան] պիտի ելլէ, ապա այն ազգերուն հետ պիտի պատերազմի, ինչպէս պատերազմին օրը պատերազմեցաւ։—Զաքարեայ 14։3
Հոկտեմբեր 13—Ոչ թէ մենք ինքնիրեննիս բաւական ենք բան մը խորհելու՝ որպէս թէ մեզմէ, հապա մեր կարողութիւնը Աստուծմէ է։—Բ. Կորնթացիս 3։5, Դիտ. 9/1/90 20, 21
Հոկտեմբեր 14—Ինչպէս Սոդոմ ու Գոմոր ... մեր առջեւ օրինակ կեցեր են՝ յաւիտենական կրակին դատապարտութիւնը ընդունելով։—Յուդա 7
Հոկտեմբեր 15—Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է, քան թէ՝ մարդոց։ Մեր հայրերուն Աստուածը Յիսուսը յարուցանեց, ան որ դուք փայտէն կախելով սպաննեցիք։—Գործք 5։29, 30, Դիտ. 6/1/90 1, 3
Հոկտեմբեր 16—Կիներ իրենց մեռելները ընդունեցին յարութիւն առած. ոմանք չարչարուեցան եւ չընդունեցին ազատութիւնը, որպէսզի լաւագոյն յարութեան հասնին։—Եբրայեցիս 11։35, Դիտ. 12/1/89 20ա
Հոկտեմբեր 17—Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա՝ յաւիտենական կեանք ունենայ։—Յովհաննու 3։16, Դիտ. 10/1/90 1, 2ա
Հոկտեմբեր 18—Բոլոր սուր առնողները՝ սուրով պիտի կորսուին։—Մատթէոս 26։52
Հոկտեմբեր 19—Տէրոջը համբերէ՛ [Եհովայի յուսայ] ու անոր ճամբան պահէ՛ եւ անիկա քեզ պիտի բարձրացնէ, որպէսզի երկիրը ժառանգես։—Սաղմոս 37։34, Դիտ. 10/1/90 5, 6բ
Հոկտեմբեր 20—Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։—Բ. Կորնթացիս 4։6, Դիտ. 9/1/90 4, 5ա
Հոկտեմբեր 21—Ասոնք Թեսաղոնիկէի մէջ եղողներէն աւելի ազնիւ մարդիկ էին, որոնք Աստուծոյ խօսքը կատարեալ յօժարութեամբ ընդունեցին եւ ամէն օր գրքերը կը քննէին թէ այս բաները ճի՞շդ են։—Գործք 17։11, Դիտ. 7/1/90 9, 10ա
Հոկտեմբեր 22—Ամէն դատարկ խօսքի համար՝ զոր մարդիկ կը խօսին, դատաստանին օրը հաշիւ պիտի տան։ Վասնզի քու խօսքերէդ պիտի արդարանաս եւ քու խօսքերէդ պիտի դատապարտուիս։—Մատթէոս 12։36, 37, Դիտ. 2/1/90 17, 18
Հոկտեմբեր 23—Ամո՛ւր բռնէ այն ողջամիտ խօսքերուն օրինակը որոնք ինծմէ լսեցիր, հաւատքով ու սիրով՝ որ Քրիստոս Յիսուսով է։ Այն բարի աւանդը պահէ սուրբ հոգիին ձեռքով, որ մեր մէջ բնակած է։—Բ. Տիմոթէոս 1։13, 14
Հոկտեմբեր 24—միտք [բերէք] Տէր Յիսուսին խօսքը՝ որ ինք ըսաւ. «Աւելի երանելի է տա՛լը, քան թէ առնելը»։—Գործք 20։35, Դիտ. 7/1/90 6գ
Հոկտեմբեր 25—Ինչո՞ւ հեթանոսները խռովութիւն կ’ընեն ու ժողովուրդները պարապ բան կը մտածեն, երկրի թագաւորները ինքզինքնին կը հաստատեն ու իշխանները մէկտեղ խորհուրդ կ’ընեն Տէրոջը դէմ ու անոր Օծեալին դէմ։—Սաղմոս 2։1, 2
Հոկտեմբեր 26—Արդ՝ մենք այս գանձը հողէ ամաններու մէջ ունինք, որպէսզի զօրութեան առաւելութիւնը Աստուծմէն ըլլայ ու ո՛չ թէ մեզմէ։—Բ. Կորնթացիս 4։7, Դիտ. 9/1/90 13, 14ա
Հոկտեմբեր 27—Զգուշութիւն ըրէ քու անձիդ ու վարդապետութեանդ ու միշտ ատո՛նց մէջ կեցիր. քանզի այդպէս ընելով՝ քեզ ալ պիտի ապրեցնես ու զանոնք ալ, որոնք քեզի մտիկ կ’ընեն։—Ա. Տիմոթէոս 4։16, Դիտ. 10/1/90 14գ
Հոկտեմբեր 28—Հաւատքը, եթէ իրեն հետ գործ չունենայ, առանձինն մեռած է։—Յակոբու 2։17, Դիտ. 10/1/90 3, 4ա
Հոկտեմբեր 29—Այսպէս աղօթք ըրէք դուք. «Ով Հայր մեր որ երկինքն ես, քու անունդ սուրբ ըլլայ»։—Մատթէոս 6։9, Դիտ. 8/1/90 7, 8ա
Հոկտեմբեր 30—Ծա՛ռաներ, ամէն բանի մէջ հնազանդ եղէք ձեր մարմնաւոր տէրերուն, ոչ թէ աչքի առջեւ ծառայելով մարդահաճոներու պէս, հապա սրտի միամտութեամբ՝ Տէրոջմէ վախնալով։—Կողոսացիս 3։22
Հոկտեմբեր 31—Վասնզի մենք որ կենդանի ենք՝ Յիսուսին համար մահուան կը մատնուինք, որպէսզի Յիսուսին կեանքն ալ մեր մահկանացու մարմիններուն մէջ յայտնի ըլլայ։ Ուստի մահը մեր մէջ կը ներգործէ եւ կեանքը՝ [Թագաւորութեան բարի լուրին քարոզչութեան միջոցաւ] ձեր մէջ։—Բ. Կորնթացիս 4։11, 12, Դիտ. 9/1/90 15–17ա