Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Փետրուար 1—Աշխարհի թագաւորութիւնները մեր Տէրոջը [Եհովային] ու իր Օծեալինը եղան։ Ինք [Եհովա] պիտի թագաւորէ յաւիտեանս յաւիտենից։—Յայտնութիւն 11։15
Փետրուար 2—Մենք ալ ... Յիսուսին նայինք՝ մեր հաւատքին Առաջնորդին ու Կատարողին։—Եբրայեցիս 12։1, 2
Փետրուար 3—Տէրը [Եհովան] պատուէ քու ստացուածքովդ եւ քու բոլոր բերքերուդ երախայրիներով։—Առակաց 3։9, Դիտ. 3/1/91 19, 20
Փետրուար 4—Ով որ իշխանութեան դէմ կը կենայ, Աստուծոյ հրամանին դէմ կը կենայ եւ անոնք որ դէմ կը կենան, անձերնուն դատապարտութիւն կ’ընդունին։—Հռովմայեցիս 13։2
Փետրուար 5—Դարձեալ Աստուած ըսաւ Մովսէսին. «Այսպէս պիտի ըսես Իսրայէլի որդիներուն. ‘Ձեր հայրերուն Եհովա Աստուածը, ... զիս ձեզի ղրկեց’։ Իմ անունս յաւիտեան այս է եւ ազգէ ազգ իմ յիշատակս այս է։—Ելից 3։15, Դիտ. 12/1/90 5, 6ա
Փետրուար 6—Աղուէսները որջեր ունին ու երկնքի թռչունները բոյներ, բայց Որդին մարդոյ տեղ մը չունի, ուր իր գլուխը դնէ։—Մատթէոս 8։20
Փետրուար 7—Իրապէս ճշմարիտ է որ առաջնորդութիւն փափաքող անհատ մը գովելի ցանկութիւն մը ունի։—Ա. Տիմոթէոս 3։1, «Ֆիլիբս.» Դիտ. 11/1/90 2, 3, 5
Փետրուար 8—Քեզ պիտի բարձրացնեմ, ո՛վ իմ Աստուածս, որ Թագաւոր ես ու քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի օրհնեմ։ Ամէն օր քեզ պիտի օրհնեմ եւ քու անունդ յաւիտեանս յաւիտենից պիտի գովեմ։—Սաղմոս 145։1, 2, Դիտ. 3/1/91 16
Փետրուար 9—Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր»։—Յայտնութիւն 22։17, Դիտ. 12/1/90 10
Փետրուար 10—Վասնզի անիկա Աստուծոյ սպասաւորն է քեզի բարիի համար. բայց եթէ չարիք գործես՝ վախցի՛ր. վասնզի դատարկ տեղ մէջքը թուր չէ կապեր, քանզի Աստուծոյ սպասաւորն է եւ վրէժխնդիր՝ բարկութիւն հասցնելու անոր վրայ որ չարիք կը գործէ։—Հռովմայեցիս 13։4
Փետրուար 11—Քեզ ատողները չե՞մ ատեր, ո՛վ Տէր [Եհովա] ու քեզի դէմ ելնողներէն չե՞մ զզուիր։—Սաղմոս 139։21
Փետրուար 12—Ով որ թողուց [ամէն բան] իմ անուանս համար, հարիւրապատիկ պիտի առնէ եւ յաւիտենական կեանքը պիտի ժառանգէ։—Մատթէոս 19։29, Դիտ. 1/1/91 8, 9ա
Փետրուար 13—Ե՛ս եմ, ե՛ս եմ, որ քու յանցանքներդ ինծի համար կը ջնջեմ ու քու մեղքերդ ա՛լ պիտի չյիշեմ։—Եսայեայ 43։25, Դիտ. 4/1/91 4, 5
Փետրուար 14—Մեղմ պատասխանը սրտմտութիւնը կ’իջեցնէ, բայց խիստ խօսքը բարկութիւնը կը գըրգռէ։—Առակաց 15։1, Դիտ. 5/1/91 17, 18ա
Փետրուար 15—Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր» ու ան որ ծարաւ է՝ թող գայ եւ ան որ կ’ուզէ՝ կենաց ջուրը թող ձրի առնէ։—Յայտնութիւն 22։17, Դիտ. 12/1/90 11, 12
Փետրուար 16—Եթէ մէկը իմ ետեւէս գալ կ’ուզէ, թող իր անձը ուրանայ եւ իր խաչը վերցնէ ու իմ ետեւէս գայ։—Մատթէոս 16։24, Դիտ. 3/1/91 17, 18ա
Փետրուար 17—Վասնզի իշխանները բարիք գործողները չեն վախցներ, հապա՝ չարը։ Կ’ուզե՞ս չվախնալ իշխանութենէն, բարիք գործէ ու անկէ գովութիւն պիտի ընդունիս։—Հռովմայեցիս 13։3
Փետրուար 18—Երբ կենդանիները երթային, անիւներն ալ անոնց քովէն կ’երթային։ Երբ կենդանիները երկրի երեսէն վերնային, անիւներն ալ կը վերնային։—Եզեկիէլ 1։19
Փետրուար 19—[Ժողովուրդներ] թող գոհանան Տէրոջմէն [Եհովայէն] իր ողորմութեանը համար ու հրաշքներուն համար, որ մարդոց որդիներուն ըրաւ։—Սաղմոս 107։8
Փետրուար 20—Եթէ ձեզմէ մէկը իմաստութենէ պակսած ըլլայ, թող խնդրէ՛ Աստուծմէ՝ որ ամենուն առատապէս կու տայ։—Յակոբու 1։5, Դիտ. 11/1/90 10, 11
Փետրուար 21—Գաւազանին խնայողը իր որդին կ’ատէ, բայց իր որդին սիրողը կանուխ կը խրատէ։—Առակաց 13։24, Դիտ. 1/1/91 5
Փետրուար 22—Բանի մը համար հոգ մի՛ ընէք, հապա ամէն բանի մէջ աղօթքով ու աղաչանքով, գոհութիւնով մէկտեղ, ձեր խնդրանքը Աստուծոյ յայտնի ըլլայ։ Աստուծոյ խաղաղութիւնը, որ ամէն մտքէ վեր է, ձեր սրտերը ու մտքերը Յիսուս Քրիստոսով պիտի պահպանէ։—Փիլիպպեցիս 4։6, 7, Դիտ. 5/1/91 15, 16
Փետրուար 23—Հոգին ու հարսը կ’ըսեն. «Եկո՛ւր» եւ ան որ կը լսէ՝ թող ըսէ. «Եկո՛ւր»։—Յայտնութիւն 22։17, Դիտ. 12/1/90 13
Փետրուար 24—Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։10, Դիտ. 3/1/91 12, 13բ
Փետրուար 25—Առաւել Աստուծոյ հնազանդիլ պէտք է [որպէս իշխան (ՆԱ)], քան թէ՝ մարդոց։—Գործք 5։29
Փետրուար 26—Տէրը [Եհովա] կը հաստատէ բոլոր իյնալու վրայ եղողները եւ բոլոր վար ծռածները կը կանգնեցնէ։—Սաղմոս 145։14
Փետրուար 27—[Ան] սուրբ, անմեղ, անարատ, մեղաւորներէն զատուած [էր]։—Եբրայեցիս 7։26
Փետրուար 28—Աստուած այնպէս սիրեց աշխարհը, մինչեւ իր միածին Որդին տուաւ, որպէսզի ամէն ո՛վ որ անոր հաւատայ՝ չկորսուի, հապա՝ յաւիտենական կեանք ունենայ։—Յովհաննու 3։16, Դիտ. 4/1/91 15, 16
Փետրուար 29—Ա՛րդ՝ ով որ մարդոց առջեւ զիս կը դաւանի, ես ալ զանիկա պիտի դաւանիմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։ Եւ ով որ մարդոց առջեւ զիս կ’ուրանայ, ես ալ զանիկա պիտի ուրանամ իմ Հօրս առջեւ՝ որ երկինքն է։—Մատթէոս 10։32, 33, Դիտ. 3/1/91 18–20ա