Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
Հոկտեմբեր 1—Կ’աղաչեմ ձեզի, որ անոր վրայ ձեր սէրը հաստատէք։—Բ. Կորնթացիս 2։8, Դիտ. 7/1/91 5, 6ա
Հոկտեմբեր 2—Ուրեմն ինծի սպասեցէ՛ք, կ’ըսէ Տէրը, մինչեւ այն օրը, որ որսի համար ոտքի ելլեմ։ Քանզի վճռած եմ ազգերը հաւաքել, թագաւորութիւնները գումարել, որպէսզի անոնց վրայ իմ սրտմտութիւնս, իմ բոլոր սաստիկ բարկութիւնս թափեմ. քանզի բոլոր երկիրը իմ նախանձիս կրակովը պիտի սպառի։—Սոփոնեայ 3։8
Հոկտեմբեր 3—Ելէ՛ք ատոր մէջէն, իմ ժողովուրդս, ... որպէսզի ... ատոր հարուածներէն բաժին չառնէք։—Յայտնութիւն 18։4
Հոկտեմբեր 4—Տէրը [Եհովա] պատգամ տուաւ. աւետիս տուող [կի]ները մեծ բազմութիւն [բանակ (ՆԱ)] են։—Սաղմոս 68։11, Դիտ. 10/1/91 11, 12ա
Հոկտեմբեր 5—Իրարու համբերելով եւ իրարու ներելով՝ եթէ մէկը մէկուն դէմ տրտունջ մը ունենայ. ինչպէս Եհովա ձեզի ներեց, նոյնպէս ալ՝ դո՛ւք։—Կողոսացիս 3։13, Դիտ. 8/1/91 5, 6ա
Հոկտեմբեր 6—Որդին մարդոյ չեկաւ սպասաւորութիւն ընդունելու, հապա սպասաւորութիւն ընելու եւ իր կեանքը շատերու համար փրկանք տալու։—Մատթէոս 20։28, Դիտ. 9/1/91 23, 24
Հոկտեմբեր 7—Սիրեցէք դուք ձեր թշնամիները ու բարիք ըրէք եւ փոխ տուէք առանց փոխարէնը բան մը սպասելու եւ ձեր վարձքը շատ պիտի ըլլայ ու Բարձրեալին որդիները պիտի ըլլաք, վասնզի անիկա բարերար է ապերախտներուն ու չարերուն։ Ուրեմն գթած եղէք, ինչպէս ձեր Հայրն ալ գթած է։—Ղուկաս 6։35, 36, Դիտ. 10/1/91 1–3բ
Հոկտեմբեր 8—Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ մէկզմէկ սիրէք, ինչպէս ես ձեզ սիրեցի, որ դուք ալ մէկզմէկ սիրէք։—Յովհաննու 13։34
Հոկտեմբեր 9—Հոգիին պտուղը այս է. սէր, խնդութիւն, խաղաղութիւն, երկայնմտութիւն, քաղցրութիւն, բարութիւն, հաւատարմութիւն, հեզութիւն, ժուժկալութիւն։—Գաղատացիս 5։22, 23, Դիտ. 1/1/91 13, 14
Հոկտեմբեր 10—Վասնզի Աստուած որ հրաման ըրաւ որ խաւարէն լոյս ծագի, ինք մեր սրտերուն մէջ ծագեցաւ Աստուծոյ փառքին գիտութեան լոյսը տալու համար Յիսուս Քրիստոսին անձովը։—Բ. Կորնթացիս 4։6, Դիտ. 11/1/91 3, 4
Հոկտեմբեր 11—Ուրիշ հրեշտակ մը տեսայ, որ կը թռչէր երկնքի մէջ եւ ունէր յաւիտենական աւետիսը՝ քարոզելու բոլոր[ին] ... որոնք երկրի վրայ կը բնակին։—Յայտնութիւն 14։6
Հոկտեմբեր 12—Կ’ուզեմ որ գիտնաք թէ ամէն այր մարդու գլուխը Քրիստոսն է ու կնոջ գլուխը՝ այր մարդը։—Ա. Կորնթացիս 11։3, Դիտ. 10/1/91 7, 8
Հոկտեմբեր 13—Իրարու հետ քաղցր եղէք, գթած, ներելով իրարու, ինչպէս Աստուած Քրիստոսով ներեց ձեզի։—Եփեսացիս 4։32, Դիտ. 10/1/91 16բ
Հոկտեմբեր 14—Նեղ դռնէն ներս մտէք. վասնզի լայն է այն դուռը ու ընդարձակ՝ այն ճամբան, որ դէպի կորուստ կը տանի եւ շատուոր են անոնք, որ անկէ կը մտնեն։ Վասնզի նեղ է այն դուռը ու նեղուածք է այն ճամբան, որ դէպի կեանք կը տանի եւ քիչուոր են անոնք որ զանիկա կը գտնեն։—Մատթէոս 7։13, 14
Հոկտեմբեր 15—Աստուած սէր է։—Ա. Յովհաննու 4։8
Հոկտեմբեր 16—Ան որ իմ խօսքս մտիկ կ’ընէ եւ կը հաւատայ անոր որ զիս ղրկեց, յաւիտենական կեանք ունի ու դատապարտութեան տակ չիյնար, հապա մահուանէ դէպի կեանք անցած է։—Յովհաննու 5։24, Դիտ. 11/1/91 9, 10
Հոկտեմբեր 17—Ասկէ յետոյ իմ հոգիս ամէն մարմնի վրայ պիտի թափեմ ու ձեր տղաքը եւ ձեր աղջիկները պիտի մարգարէանան ...։ Ծառաներուն վրայ ու աղախիններուն վրայ ալ այն օրերը իմ հոգիս պիտի թափեմ։—Յովելեայ 2։28, 29, Դիտ. 10/1/91 7, 8ա
Հոկտեմբեր 18—Եթէ նեղութեան օրը թուլնաս, ոյժդ քիչ է։—Առակաց 24։10, Դիտ. 12/1/90 15, 16, 18ա
Հոկտեմբեր 19—Տէ՛րը, Տէ՛ր Աստուածը, ողորմած ու բարերար, երկայնամիտ եւ առատ՝ ողորմութիւնով ու ճշմարտութիւնով, հազարներուն ողորմութիւն ընող, անօրէնութիւնը՝ յանցանքը ու մեղքը ներող։—Ելից 34։6, 7
Հոկտեմբեր 20—Պատուելու մէջ իրարմէ անցէ՛ք։—Հռովմայեցիս 12։10
Հոկտեմբեր 21—Այրերը խոհեմութիւնով [իրենց կիներուն] հետ ապրին, տկար անօթի պէս յարգելով [զանոնք], ... որպէսզի ձեր աղօթքներուն արգելք չըլլայ։—Ա. Պետրոս 3։7, Դիտ. 3/1/91 10, 11բ
Հոկտեմբեր 22—Եթէ խոստովանինք մեղքերնիս, հաւատարիմ ու արդար է անիկա մեր մեղքերուն թողութիւն տալու եւ մեզ ամէն անիրաւութենէ սրբելու։—Ա. Յովհաննու 1։9, Դիտ. 4/1/91 18–20ա
Հոկտեմբեր 23—Կնոջ ըսաւ. «Քու յղութեանդ ցաւերը խիստ պիտի շատցնեմ։ Ցաւով զաւակ ծնանիս ու էրկանդ հնազանդ ըլլաս ու անիկա քու վրադ իշխէ»։—Ծննդոց 3։16, Դիտ. 10/1/91 10, 11
Հոկտեմբեր 24—Դուք էք աշխարհի լոյսը ...։ Թող լուսաւորուի ձեր լոյսը մարդոց առջեւ, որ տեսնեն ձեր բարի գործերը ու փառաւորեն ձեր Հայրը որ երկինքն է։—Մատթէոս 5։14, 16, Դիտ. 11/1/91 19, 20
Հոկտեմբեր 25—[Աստուած] ինքզինք առանց վկայութեան չթողուց, բարերարութիւնով երկնքէն մեզի անձրեւներ ու պտղաբեր եղանակներ տալով, կերակուրներով եւ ուրախութիւնով մեր սրտերը լեցնելով։—Գործք 14։16
Հոկտեմբեր 26—Չըլլայ որ մէկը միայն իր անձին օգուտը փնտռէ, հապա իր ընկերինն ալ։—Ա. Կորնթացիս 10։24, Դիտ. 10/1/91 1–3գ
Հոկտեմբեր 27—Այն օրը զօրքերու Տէրը իր ժողովուրդին մնացորդին փառաւոր պսակ ու շքեղ թագ պիտի ըլլայ եւ դատաստանի նստողին՝ արդարութեան ոգի։—Եսայեայ 28։5, 6
Հոկտեմբեր 28—Կենաց ճամբան ինծի պիտի ցուցնես. երեսիդ առջեւ լեցուն ուրախութիւն կայ, քու աջ կողմդ միշտ հաճութիւններ կան։—Սաղմոս 16։11, Դիտ. 9/1/91 2, 3ա
Հոկտեմբեր 29—Ամէն զգուշութիւնով քու սիրտդ պահէ, քանզի կեանքի աղբիւրները անկէ են։—Առակաց 4։23, Դիտ. 11/1/91 18, 19ա
Հոկտեմբեր 30—Նոյնպէս ալ պառաւներուն այնպիսի վարմունք ունենալ, ... բարի խրատ տուող. որ խրատեն նորահասակ կիները՝ որպէսզի այրերնին եւ զաւակնին սիրեն, խոհեմ, ողջախոհ, ... որ չըլլայ թէ Աստուծոյ խօսքին հայհոյուի։—Տիտոս 2։3–5, Դիտ. 10/1/91 19ա
Հոկտեմբեր 31—Ետքը Իսրայէլի որդիները պիտի դառնան ու իրենց Տէր Աստուածը եւ իրենց Դաւիթ թագաւորը պիտի փնտռեն ու վերջին օրերը Տէրոջը ու անոր բարկութեանը պիտի գան։—Ովսեայ 3։5