Դիտարանի ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Դիտարանի
ԱՌՑԱՆՑ ԳՐԱԴԱՐԱՆ
Արեւմտահայերէն
  • ԱՍՏՈՒԱԾԱՇՈՒՆՉ
  • ՀՐԱՏԱՐԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐ
  • ԺՈՂՈՎՆԵՐ
  • դ94 11/1 էջ 32
  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Այս ընտրութեան համար վիտէօ չկայ։

Կը ներես. վիտէոն չ’աշխատիր։

  • Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր
  • Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
Դիտարան կը ծանուցանէ Եհովայի Թագաւորութիւնը 1994
դ94 11/1 էջ 32

Աստուածաշունչը քննենք ամէն օր

Դեկտեմբեր 1—Քու փրկութեանդ ցնծութիւնը ինծի վերադարձո՛ւր ու կամաւոր հոգի մը թող հաստատէ՛ զիս։—Սաղմոս 51։12, Դիտ. 6/1/93 8, 9գ

Դեկտեմբեր 2—Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։—Ա. Կորնթացիս 15։33, Դիտ. 11/1/93 18–20ա

Դեկտեմբեր 3—[Անոնք] մեծապէս ուրախացուցին բոլոր եղբայրները։—Գործք 15։3, Դիտ. 12/1/92 21, 22

Դեկտեմբեր 4—[Ան] Նոյը, ութերորդ անձը, արդարութեան քարոզիչը՝ պահեց։—Բ. Պետրոս 2։5, Դիտ. 12/1/92 14, 15դ

Դեկտեմբեր 5—Ուրախ եղէ՛ք՝ ... որպէսզի անոր փառքին յայտնուելու ատենն ալ ցնծութեամբ ուրախանաք։—Ա. Պետրոս 4։13, Դիտ. 8/1/93 1, 2բ

Դեկտեմբեր 6—Եթէ մէկը ոեւէ յանցանքով բռնուելու ըլլայ, դուք որ հոգեւոր էք, այնպիսին հեզութեան հոգիով ուղղութեան բերէք։—Գաղատացիս 6։1, Դիտ. 8/1/93 14, 15դ

Դեկտեմբեր 7—Իսկ եթէ Յիսուսը մեռելներէն յարուցանողին հոգին ձեր մէջ բնակած է, ուրեմն անիկա որ Քրիստոսը մեռելներէն յարուցանեց, պիտի կենդանացնէ ձեր մահկանացու մարմիններն ալ իր հոգիովը որ ձեր մէջ կը բնակի։—Հռովմայեցիս 8։11, Դիտ. 9/1/93 14–16ա

Դեկտեմբեր 8—Այս է յաւիտենական կեանքը, որ ճանչնան քեզ միմիայն ճշմարիտ Աստուածդ ու Յիսուս Քրիստոսը, որ դուն ղրկեցիր։—Յովհաննու 17։3, Դիտ. 9/1/93 1, 2գ

Դեկտեմբեր 9—Ամենէն առաջ Անտիոքի մէջ աշակերտները Քրիստոնեայ անուանուեցան։—Գործք 11։26, Դիտ. 10/1/93 14, 15

Դեկտեմբեր 10—Ո՜վ Աստուծոյ մեծութեան ու իմաստութեան եւ գիտութեան խորունկութիւնը։—Հռովմայեցիս 11։33, Դիտ. 1/1/93 20, 21ա

Դեկտեմբեր 11—Ամէն դառնութիւն եւ բարկութիւն ու սրտմտութիւն եւ աղաղակ ու հայհոյութիւն վերցուի ձեզմէ իրենց չարութիւններով մէկտեղ։—Եփեսացիս 4։31, Դիտ. 10/1/93 11, 12գ

Դեկտեմբեր 12—Ամէն ով որ կը մրցի, ամէն բանի մէջ չափաւորութիւն կը պահէ։ Անոնք եղծանելի պսակը առնելու համար ու մենք՝ անեղծանելին։—Ա. Կորնթացիս 9։25, Դիտ. 11/1/93 18, 19գ

Դեկտեմբեր 13—Բայց եթէ մէկը իրեններուն ու մանաւանդ իր ընտանիքին հոգ չի տանիր, անիկա հաւատքը ուրացած է ու անհաւատէ մըն ալ գէշ է։—Ա. Տիմոթէոս 5։8, Դիտ. 8/1/93 7–9դ

Դեկտեմբեր 14—Կայ ... լալու ժամանակ եւ ծիծաղելու ժամանակ, ... կաքաւելու ժամանակ։—Ժողովողի 3։1, 4, Դիտ. 1/1/93 19–21գ

Դեկտեմբեր 15—Տէրը [Եհովան] գիտութեան Աստուածն է։—Ա. Թագաւորաց 2։3, Դիտ. 2/1/93 1, 2ա

Դեկտեմբեր 16—Տէ՛ր, որո՞ւ պիտի երթանք, դուն յաւիտենական կեանքի խօսքեր ունիս։ Մենք հաւատացինք ու գիտցանք թէ դուն ես Քրիստոսը՝ Աստուծոյ Որդին։—Յովհաննու 6։69, 70, Դիտ. 3/1/93 12, 15բ

Դեկտեմբեր 17—Ասոնք ամէնքն ալ հաւատքով մեռան՝ խոստումները չառած, հապա հեռուէն տեսան զանոնք ու ողջունեցին եւ խոստովանեցան թէ իրենք օտարներ ու պանդուխտներ են երկրի վրայ։—Եբրայեցիս 11։13, Դիտ. 10/1/93 20բ

Դեկտեմբեր 18—Մի՛ խաբուիք. չար ընկերակցութիւնները աղէկ բարքը կ’ապականեն։—Ա. Կորնթացիս 15։33, Դիտ. 11/1/93 2, 8, 9ա

Դեկտեմբեր 19—Այն ատեն Տէրոջմէ [Եհովայէ] վախցողները իրարու հետ խօսեցան։ ... Իր առջեւ յիշատակի գիրք գրուեցաւ Տէրոջմէ [Եհովայէ] վախցողներուն համար ու անոր անուան վրայ մտածողներուն համար։—Մաղաքեայ 3։16, Դիտ. 4/1/93 19, 20ա

Դեկտեմբեր 20—Յիրաւի բարերարութիւնն ու ողորմութիւնը ինծի հետ պիտի գան կեանքիս բոլոր օրերուն մէջ ու շատ օրեր Տէրոջը [Եհովայի] տունը պիտի բնակիմ։—Սաղմոս 23։6, Դիտ. 3/1/93 1, 3դ

Դեկտեմբեր 21—Քանզի մարմնաւոր եղողները մարմնին բաները կը մտածեն ու հոգեւոր եղողները հոգիին բաները։ Վասնզի մարմնաւոր խորհուրդը մահ է իսկ հոգեւոր խորհուրդը՝ կեանք ու խաղաղութիւն։—Հռովմայեցիս 8։5, 6, Դիտ. 9/1/93 13, 14ա

Դեկտեմբեր 22—Ես քու մասիդ ականջով լսեր էի, բայց հիմա աչքս կը տեսնէ քեզ։—Յոբ 42։5, Դիտ. 9/1/93 3բ

Դեկտեմբեր 23—Պէտք է որ այրերը իրենց կիները սիրեն իրենց մարմիններուն պէս։ Ան որ իր կինը կը սիրէ, իր անձը կը սիրէ։—Եփեսացիս 5։28, Դիտ. 5/1/93 13, 14ա

Դեկտեմբեր 24—Տէրոջ [Եհովայի] օրհնութիւնն է, որ հարստութիւն կու տայ ու անոր հետ տրտմութիւն չի խառներ։—Առակաց 10։22, Դիտ. 10/1/93 18, 19գ

Դեկտեմբեր 25—Տեսարան եղանք աշխարհին, հրեշտակներուն ու մարդոց։—Ա. Կորնթացիս 4։9, Դիտ. 2/1/93 8, 9գ

Դեկտեմբեր 26—Քու բարեսրտութիւնովդ Սիօնի բարիք ըրէ, Երուսաղէմի պարիսպները շինէ։—Սաղմոս 51։18, Դիտ. 6/1/93 17, 18գ

Դեկտեմբեր 27—Եթէ ձեզմէ մէկը հիւանդ է, եկեղեցիին [ժողովքին (ՆԱ)] երէցները թող կանչէ, որպէսզի իր վրայ աղօթք ընեն ու Տէրոջը [Եհովայի] անունով թող իւղով օծեն զինք։—Յակոբու 5։14, Դիտ. 8/1/93 13, 16, 17գ

Դեկտեմբեր 28—Տէրը [Եհովա] այսպէս պատուիրած է մեզի. «Քեզ հեթանոսներուն լոյս դրի, որպէսզի դուն փրկութեան պատճառ ըլլաս մինչեւ երկրին ծայրերը»։—Գործք 13։47, Դիտ. 4/1/93 12, 13բ

Դեկտեմբեր 29—Ու երկրի թագաւորները, որ ատոր հետ պոռնկացան ու հեշտացան, պիտի լան ու կոծեն ատոր վրայ, երբ ատոր հրկիզումին ծուխը տեսնեն։—Յայտնութիւն 18։9, Դիտ. 8/1/93 14–16բ

Դեկտեմբեր 30—Աստուծոյ հօտը որ ձեր մէջ է՝ արածեցէք [հովուեցէք], վերակացու ըլլալով ո՛չ թէ ակամայ՝ հապա կամաւ։—Ա. Պետրոս 5։2, Դիտ. 8/1/93 1–3դ

Դեկտեմբեր 31—Մտքով տղայ մի՛ ըլլաք, հապա չարութիւն գիտնալու կողմէ տղայ եղէք ու մտքով՝ չափահաս։—Ա. Կորնթացիս 14։20, Դիտ. 10/1/93 10, 11գ

    Արեւմտահայերէն հրատարակութիւններ (1986-2025)
    Դուրս ելլել
    Մուտք գործել
    • Արեւմտահայերէն
    • բաժնել
    • Նախընտրութիւններ
    • Copyright © 2025 Watch Tower Bible and Tract Society of Pennsylvania
    • Օգտագործման պայմաններ
    • Գաղտնիութիւն
    • Գաղտնիութեան դասաւորումներ
    • JW.ORG
    • Մուտք գործել
    բաժնել